ՅԱՍՄԻԿ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Ինչպէ՞ս կը պահպանես ազգութիւնդ, կը հարցնեմ պոլսահայ բարեկամուհիիս, որուն հետ զրուցելը լոկ հաճոյք չէ։ Ինձ բառացիօրէն կ՚արբեցնէ անոր հայերէն խօսքը՝ որ զուրկ է աւելորդաբանութենէ, միաժամանակ՝ զուսպ, ճշգրիտ, դիպուկ։ Խօսքը հանգիստ է, առանց ձայնարկութիւններու, ինչով սովորաբար հեղեղուած է շատերուս խօսքը։ Հետեւելով անոր մտքերու ընթացքին, կը հիանամ, կը զարմանամ, ամփոփ, համոզիչ ձեւակերպումներէն։
Ազգութիւնը պահելը մարդու ձեռքին է,-հանգիստ կ՚ըսէ ան։ -Մարդկանց փորձառութիւններէն շատ բան կը սորվիս։
Օսմանցիները հայերուն միշտ կ՚ըսէին՝ «քաղաքական կեանքին մի խառնուէք, դուք ձեր եկեղեցիները կառուցէք»։ Մերոնք չկրցան հաւաքուիլ, ազգային ուժ դառնալ։ Հիմա այդ եկեղեցիներու մեծ մասը եղած է մզկիթ։
Հայ ժողովուրդը, դժբախտաբար, տիրանալու օլիկարխիկ է։ Ցաւալի է, որ այդ կը նկատուի նոյնիսկ ընտանիքներու մէջ։ Մեր ընտանիքը, որպէս ազգային կառոյց, տեմոկրատական չէ։ Երախաները աւագներու կողմէ, դպրոցի մէջ նաեւ, այնքան ճնշուած կ՚ըլլան, որ ստախօսութեան կը դիմեն, սուտ ըսելու պարտաւոր կ՚ըլլան։ Այսպէս՝ ընտանիքը կը փտի։ Այսօր ապահարզաններն, ամուսնալուծութիւնները շատցած են։ Երբ ընտանիքը, որ ազգի բջիջն է՝ ամուր չէ, երկիրն ու ազգն ալ ամուր չեն։
Սուտը կու գայ ճնշումներէն։ Մարդիկ իրենց իսկական միտքը չեն կրնար արտայայտել, ստով ազատութիւն ձեռք բերել կը ջանան։ Պահը կու գայ, երբ ճնշուած անձը ինքն ալ իրեն սուտին կը հաւատայ։ Սուտը մէջտեղ կը բերէ քենը, որու հետեւանքներով անգամ սպանութիւններ կ՚ըլլան։ Այսպիսով, ժողովուրդը պայթունի մէջ կը յայտնուի։ Գլխաւոր անձերը անընդհատ կ՚ուզեն լուռ պահել ժողովուրդին։ Այս ժողովուրդէն դեմոկրատական ձեւեր չես կրնար սպասել։ Եւ այս դէպքին արտաքին թշնամիին դէմ պայքարը գրեթէ անհնար է, քանի որ երկրի ներսը չկայ համերաշխութիւն։
Հայերը Պոլսոյ մէջ ինքզինք պահելու խնդիր ունին, անշուշտ։ Ինքն իրեն հայ պահելու ցանկութիւն ունեցողներ կան, կան նաեւ հակառակ տրամադրուածութեամբ մարդիկ։ Կան անոնք, որոնք կը տեսնեն, որ հայութիւնը անկարող է պայքարիլ, ինքզինք պաշտպանել, խառնամուսնութեամբ կը ձուլուին։ Ափ մը հայ կայ, որ կը գնահատէ իր հայ ըլլալը, բայց մեծամասնութիւնը այդպէս չէ։ Այս պատճառով, ժողովուրդը տարին տարուայ վրայ կը նուազուի։ Ժողովուրդը կը քչանայ, ուժն ալ հետ կը քչանայ։ Մեր օրերուն Պոլսոյ մէջ ֆինանսական մեծ դժուարութիւն կայ համայնքի հայապահպան կառոյցները պահելու հարցով։ Ընդ որու, անոնցմէ՝ հիւանդանոցը կը գործէ ոչ միայն հայերու համար։ Ծերանոցն է, որ զուտ հայկական է։ Պետութիւնը կ՚ուզէ,որ մենք այստեղ չմնանք։ Ուրիշ երկիր երթալ ուզողներ կան։ Այդ ցանկութիւնը կախեալ է մարդկանց կարողութիւններէն։ Եթէ ժողովուրդը բազմանալու ուժ ունենայ, աւելի ճիշդ է այստեղ՝ Պոլսոյ մէջ մնալը։ Այս քաղաքը հայ մշակոյթի օճախն էր, անոր խորհրդանիշը։ Հիմա թողնենք,որ ոչնչանա՞յ։ Այդ մեծ կորուստ կ՚ըլլայ։ Այն պահելու համար ընտանիքներ պիտի կազմուին,մանուկներ պիտի ծնին։ Բայց պատկերն այլ է՝ տխուր է։ Տարիներ առաջ ես ցանկացայ զբաղուիլ այդ գործով՝ խանգարեցին, չկարողացայ ընել։
26 տարի առաջ էր։ Գաղութի մէջ կ՚ուզէի ապահովել երիտասարդներու շփումները, ստեղծել միմեանց ճանչնալու առիթներ։ Ամուսնանալու տարիքին մօտեցող երիտասարդներուն իրար ճանչնալու առիթը անբաւարար է, որովհետեւ երիտասարդներու ուղղութեամբ մշակութային շարժումները քիչ են։
Մեր տկարութիւնները մեր մէջ են. թուրքը չէր խանգարեր իմ նախաձեռնութիւնը իրականացնելը, այլ համայնքի որոշ ներկայացուցիչներ՝ իրենց շահերու համար։ Օրինակ, ես միշտ համամիտ եմ, որ հայ կանայք ծննդաբերեն մեր հիւանդանոցը՝ ձրի։ Մեր համայնքը, որ փող կը վճարէ, օգնութիւններ կու տայ այլազգիներուն, ուրեմն՝ կարգ մը ծառայութիւններ պէտք է իրականացնեն ձրի, մանաւանդ հայ կանանց ծննդաբերութիւնը ու նաեւ ապահովէ երախայի խնամքը մինչեւ մէկ տարեկան ծախսը։ Բայց, ցաւօք, հաւաքուող փողերը ժողովրդի համար միշտ չէ, որ կը ծախսուին։ Պէտք է ժողովրդին գոնէ միջին դասակարգի մէջ պահել։ Անձնական օգուտները, երբ առաջ կը դառնան, ազգային օգուտները կ՚անտեսուին։
Շատ դասեր քաղած եմ մեծ մօրմէս,որ պուրսացի էր։ Կը պատմէր, թէ ինչպէս հազարներով՝ կին ու երախային, քալեցուցած են ամայի ճանապարհներով։ Տղամարդիկ չեն եղած, քանի որ անոնք նախապէս սպանած են։ Ան կոտորածի շրջանին՝ Ուրֆայի եւ Սուրուճի մէջտեղ ինկած մի վայրին չորս տարի աքսորին ապրած է։ Այդ փորձառութիւններով մարդկանց ճանչցած է։ Արաբական մթնոլորտի մէջ եղած է, քանի որ ընտանիքը փնտռելու համար սուրիացի արաբի չորրորդ կինը դարձած է։ Հայերը շատ քայլերու դիմած են իրենց ընտանիքը փնտռել-գտնելու համար... 12 տարեկան աղջիկ... ցաւալի օրեր ունեցած է... Չորրորդ կինը ըլլալով, ինչքան կարողացած է՝ հեռու մնացած այդ արաբէն։ Շատ աղջիկներ, բռնաբարումէն ետք անձնասպան եղած են։ Մեծ մայրիկս վիժած է, բայց շատերն ալ ծնած են ։ Իրեն անցուցածները պատմելով, օգնած է ինձ, որ ճիշդ ուղղութիւններ ընտրեմ կեանքի եւ օտար մթնոլորտի մէջ հայ մեծանամ։ Շատ երկար պատմութիւն է, թէ ինչպէս փախաւ արաբէն։ Կը յիշէր,որ ծեծելով իրեն նամազ ընել կու տային։ Երբեմն օրերով կերակուր չեն տուած, շատ անօթի ու ծարաւ օրեր անցուցած է։ Մայրը աղախնութիւն ըրած է հարեւան գիւղի արաբներէն մէկուն տանը։ Պատահական լսելով, որ մօր հետ գտնուող փոքրիկ քոյրիկը ծանր հիւանդացած է, ան կը յաջողի փախչիլ՝ աւազներու վրայ օձի նման սողալով, գլուխը չբարձրացնելով, կարիճի խայթոցներուն դիմանալով ան կը հասնի մօրը։ Քոյրն արդէն մահացած էր։ Մայր ու աղջիկ փոքրիկին կը թաղեն Ուրֆայի մէջ, Սուրբ Աբրահամ բերդի մօտ։ Մեծ մայրիկս ինծի կտակ ըրած է, որ երթամ այն տեղը ու ծաղիկներ դնեմ իմ չտեսած մօրաքրոջս գերեզմանին...
Մայրս կ՚ըսէր՝ «Ես չկրցայ օգտուիլ մեծ մօրդ իմաստութենէն, դուն սորվեցար. քեզի մեծցուց մեծ մաման»։ Ինքը կ՚աշխատէր, որ ընտանիք պահէր եւ ժամանակ չունէր զրուցելու։ Այս տեսակ ցաւալի բաներ ուրիշներու հետ ալ պատահած է։
Առաջին անգամ Անգլիա, անգլիացիի բերանէն լսեցի, որ 1 500 միլիոն հայ զոհուած է։ Որպէսզի հայոց պատմութեան վերաբերեալ գիտելիքներս լրացնեմ եւ միեւնոյն ժամանակ անգլերէնս յղկեմ, սկսեցայ անգլերէնով հայոց պատմութիւն կարդալ։ Ծանօթացայ պէյրութահայերուն հետ, որոնք ինձ հայերէնի դասեր կու տային։ Մարդ, երբ գիտէ իր ընտանիքի, ցեղի պատմութիւնը, կը ցանկանայ մէկ բան ընել իր ազգի համար։ Քիչ կ՚ընէ, շատ կ՚ընէ՝ կախուած են իր կարողութիւններէն։ Կարեւորը՝ հայերէն խօսող ըլլայ, որովհետեւ մենք մեզ պահելու համար ամենէն առաջ հայերէն լեզուով պիտի խօսինք։ Ես կը նկատեմ՝ անձեր, որոնք չունին սերտ կապ ընտանիքի, համայնքի, ազգի հետ, կը շեղուին դէպի թրքութիւն կամ եւրոպական մատչելի ժամանակակից մշակոյթ։ Ուրիշ ժողովուրդներու հետ շփումը, անշուշտ, պէտք է ըլլայ, բայց իւրաքանչիւրն իր մասին ամէն ինչ պէտք է իմանայ, որպէսզի իրեն պաշտպանէ օտարի խեղաթիւրումներէն։ Պատմութեան վերաբերեալ գիտելիքները կ՚օգնեն հասկնալ, թէ ազգը ինչպէ՞ս պէտք է պայքարի, որպէսզի գոյատեւէ։
Երկրորդ դասարան էի, երբ ուսուցիչս քարտեզի վրայ ցոյց տալով, թէ ովքեր են Թուրքիոյ թշնամիները, Յունաստանէն, Պուլղարիա, Սիրիայէն ետք մատը դրաւ Էրմանիստան անուանուած տարածութեան վրայ։ Այդ պահուն զգացի, որ ես, էրմանի ըլլալով, հայ ըլլալով, հակառակ եմ իրենց։ Ես իմացայ, որ Էրմանիստան կայ, որու մասին չգիտէի։ Ու այդ օրէն սերմ դրուեցաւ մէջս, որ ես՝ իրենց մէջ, իրենցմէ չեմ՝ ուրիշ եմ։ Այդ ուրիշ ըլլալը երկար ժամանակ իմ մէջ բարդոյթներ յառաջացուց։ Ես ինձ մինակ կը զգայի։
Երբ տեսայ,որ ամերիկացին հպարտ է, քանի որ ամերիկացի է, գերմանացին՝ որ գերմանացի, իսկ թուրքը՝ թուրք ըլլալով հպարտ է, ես ալ հայ ըլլալովս հպարտացայ։ Փոքրէն տեսայ, որ հայ ըլլալը ճիշդ է ինձ համար։ Եւ միշտ պայքարս անոր համար եղած է։ Այն ուսուցչուհին ինծի արթնցուց. թշնամի ըլլալս ցոյց տալով, կ՚ուզէր ճնշել ինձ, որպէսզի մեկուսացնէ դասարանին մէջ՝ բայց ինծի լաւութիւն ըրաւ։ Ես պայքարել սորվեցայ։ Այդ եղաւ ինձ ամրացնողը, այդուհետ ես միշտ ամուր եղած եմ։
Հիմա Պոլսոյ հայերու մէջ գիտակիցներ ալ կան, բայց ի՞նչ ուժով պէտք է մնան, ապրին այնտեղ՝ չեմ կրնար ըսել։ Հայաստանի ժողովուրդը, ցաւօք, դեռ լիովին պատրաստ չէ սփիւռքի ժողովուրդին ընդունիլ, մտերմանալ անոր հետ։ Առայժմ դեռեւս «աղբար» ըսելով կ՚ընդունին։ Այդ պէտք է վերացուի։ Պէտք է բոլորը գիտնան, որ մենք մէկ ժողովուրդ ենք։ Մերին իսկական տունը հայ մշակոյթի կեդրոնն է, որ Հայաստանն է։ Հայն այնտեղ պէտք է ինքզինքը գտնէ։ Հայերը, որտեղ ալ ըլլան, պէտք է ջերմ շփումներ ունենան մէկզմէկու հետ, միմեանց օգնեն։ Մենք այն դժբախտութիւնը ունինք, որ Հայաստանի մէջ չենք կարողանար լաւ կազմակերպուիլ։