«Հայ մարդու շնորհը երբեք չի պակսիր»

Հայ թատրոնի, մայր թատրոնի դերի, առաքելութեան եւ այս առումով կատարուածի, կատարուողի եւ կատարուելիքի աշխատանքներու մասին Մարի Յովհաննիսեանը զրուցած է Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ակադէմիական թատրոնի տնօրէն Վարդան Մկրտիչեանի հետ։

ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Մայր թատ­րոն եկած էք Հա­մազ­գա­յին թատ­րո­նէն, ուր բա­ւակա­նին ժա­մանակ առնչո­ւած էք մեր ժա­մանակ­նե­րու թա­տերա­կան արո­ւես­տի հան­ճարնե­րէն մէ­կու՝ Սոս Սարգսեանի հետ։ Վար­պե­տի ո՞ր գա­ղափա­րը կամ մօ­տեցու­մը առ թատ­րոն բե­րիք ձեզ հետ։

Ես կը հա­մարեմ որ մի քա­նի ու­սուցիչ­ներ, որ ու­նե­ցած եմ, ոմանց հետ ու­ղիղ շփման մէջ եղած եմ եւ ոմանց հետ ոչ, սա­կայն կը հա­մարեմ ու­սուցիչ, այս թատ­րո­նի նո­ւիրեալ­նե­րը եղած են։ Այս դպրո­ցը, այս ինստի­տու­տը ան­ցած մար­դիկ են։ Եւ տե­սէք անոնցմէ է Սոս Սարգսեանը, որ առա­ջին իսկ օրէն եղած է իմ մաս­նա­գիտա­կան զար­գացման ու­սուցի­չը։ Ես իր դա­սըն­թացքն եմ աւար­տած։ Եւ տա­րիներ յե­տոյ ան իր թատ­րո­նի ղե­կավա­րու­մը ին­ծի վստա­հեցաւ։ Ես իմ թե­զը պաշտպա­նած եմ Վա­ղարշ Վա­ղար­շեանով, ով 20-րդ դա­րու մին­չեւ 50-ական թթ այս թատ­րո­նի ար­տիստ եղած է, մեծ դե­րասան, մեծ մտա­ւորա­կան, նաեւ այս թատ­րո­նի տնօ­րէնը եղած է որոշ ժա­մանակ։ Աս­պի­րան­տուրու­թեան ըն­թացքին իմ գի­տական ղե­կավա­րը եղած է Հեն­րիկ Յով­հաննի­սեանը, ով նոյնպէս այս թատ­րո­նի հետ մեծ կա­պեր ու­նե­ցած է։ Գու­լա­կեան, Աճե­մեան եւ այլն։ Եւ իհար­կէ սա կա­ռոյց մըն է, սա երե­ւոյթ մըն է, որ մեր թատ­րո­նի հիմքն է, որ իր շուրջ հա­ւաքած է ժա­մանա­կի բո­լոր լա­ւագոյն թա­տերա­կան ու­ժե­րը եւ այս հա­րիւ­րէն աւե­լի տա­րինե­րու ըն­թացքին, որ բազ­մա­թիւ հե­տաքրքիր էջեր ապ­րած է, իր մէջ կու­տա­կելով թա­տերա­րուես­տի ստեղ­ծա­գոր­ծող լա­ւագոյն ու­ժե­րը։ Հա­յաս­տա­նի մեր իրա­կանու­թեան մէջ որ­պէս ինստի­տուտ սա առա­ջինն է եւ ինչ բե­րի այստեղ՝ այդ երե­ւի թէ աշ­խա­տան­քը ցոյց կու տայ, այդ երե­ւի պէտք է հա­սարա­կու­թիւնը, հան­դի­սատե­սը որո­շէ, բայց կա­րող եմ ըսել՝ ես այստեղ եկած եմ մեծ պա­տաս­խա­նատ­ւութեան զգա­ցու­մով, որով­հե­տեւ ես կը հասկնամ շատ լաւ, որ այստեղ ըլ­լա­լով՝ ես պա­տաս­խա­նած եմ ոչ միայն Սոս Սարգսեանի առաջ, այլ բո­լոր մե­ծերու առաջ, որոնք արա­րած, ստեղ­ծած են այս թատ­րո­նը, իրենց կեանքն դրած են այս թատ­րո­նի կա­յաց­ման, զար­գացման գոր­ծընթա­ցին։ Առ­հա­սարակ, ես կը կրեմ պա­տաս­խա­նատ­ւութիւն բո­լոր այդ մարդկանց, այդ հսկա­յածա­ւալ աստղա­բոյ­լի առաջ եւ նաեւ կը կրեմ պա­տաս­խա­նատ­ւութիւն այ­սօ­րուայ եւ վա­ղուայ սե­րունդի հա­մար։ Մենք շատ յստակ ձե­ւակեր­պած ենք մեր գլխա­ւոր նպա­տակը՝ դառ­նալ տա­րածաշրջա­նի լա­ւագոյն թատ­րոն։ Սա մեծ երա­զանք է, բայց ես կը հա­ւատամ անոր, կը հա­ւատամ եւ կ՚աշ­խա­տիմ յա­նուն այդ գա­ղափա­րի։ Ոչ միայն ես, այլ հսկա­յական անձնա­կազմ մը կ՚աշ­խա­տի։

Շատ կարճ ժա­մանա­կին հիմ­նե­ցինք Երե­ւանեան մի­ջազ­գա­յին թա­տերա­կան փա­ռատօ­նը, որ­մէ ան­մի­ջապէս ետք՝ ան­հա­ւանա­կան կարճ ժա­մանա­կահա­տուա­ծին, մենք դար­ձանք Եւ­րո­պական փա­ռատօ­ներու միու­թեան լիիրաւ ան­դամ։ Այ­սօր մենք ու­ղիղ տե­ղեկու­թիւն ու­նինք մեր դաշ­տին տե­ղի ու­նե­ցող մի­ջազ­գա­յին իրա­դար­ձութիւննե­րէն։ Այս առու­մով ան­սահման մեծ դաշտ կայ աշ­խա­տելու, Հա­յաս­տան բե­րելու շատ ու շատ կա­րեւոր մշա­կու­թա­յին ծրագ­րեր, Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­հանե­լու եւ աշ­խարհին ցոյց տա­լու բազ­մա­թիւ հնա­րաւո­րու­թիւններ։

Ձեր տնօ­րինու­թեան ըն­թացքին ի՞նչ կա­տարո­ւած է, որ գրան­ցած է նկա­տելի, սպա­սելի, ան­գամ անսպա­սելի ար­դիւնք։ Եւ ի՞նչ կը նա­խատե­սէք 2024-ին թա­տերա­կան արո­ւես­տի զար­գացման առու­մով։

Առա­ջին նա­խաձեռ­նութիւննե­րէն մէ­կը փոքր բե­մի կա­ռու­ցումն էր։ Այն լքուած, քա­րու­քանդ եղած տա­րածք էր, որ ժա­մանա­կին եղած է բե­ման­կա­րիչի արո­ւես­տա­նոց։ Երկրի ամե­նադա­սական թատ­րո­նի կող­քին ստեղ­ծե­ցինք ամե­նաժա­մանա­կակից ան­կիւնը, ուր ըրինք եւ այ­սօր ալ կ՚ընենք փոքր ձե­ւաչա­փի բե­մադ­րութիւններ։ Սա ոչ միայն հայ, այ­լեւ ար­տա­սահ­մա­նէն եկող ար­տիստնե­րու հա­մար ամե­նասի­րելի վայր դար­ձաւ Երե­ւան քա­ղաքին։ Սա շատ մեծ ձեռքբե­րում կը հա­մարեմ։ Յա­ջորդ կա­րեւոր ձեռ­քբե­րու­մը մեր կրթա­կան ծրա­գիրն է, որ կը կո­չուի «Դա­սարան + Դա­սական»։ Այն մեզ յստակ հնա­րաւո­րու­թիւն կու տայ կա­րեւոր խնդիր մը լու­ծե­լու, որ է հան­դի­սատե­սի զար­գա­ցու­մը։ Վեր­ջինս լուրջ գոր­ծընթաց է, որու ար­դիւնքը դեռ յե­տոյ կ՚երե­ւայ։ Մենք 2019 թո­ւակա­նէն սկսած յստակ կը ձե­ւաւո­րենք փրո­ֆէսիոնալ հան­դի­սատես։

Բո­լորո­վին վեր­ջերս փոխ տնօ­րէն Մա­նէ Մկրտի­չեանի հետ յղա­ցանք շատ հե­տաքրքիր գա­ղափար մը, որ կը կո­չուի «Artbox»։ Այն կ՚իրա­կանա­ցուի ԵՄ եւ ՀԲԸՄ-ի հա­մատեղ ծրագ­րի շրջա­նակ­նե­րով։ Ո՞րն է ընդհա­նուր գա­ղափա­րը։ Մենք Սունդու­կեան թատ­րո­նի տա­րած­քին կը ստեղ­ծենք հրա­շալի տա­նիք մը, որ հնա­րաւո­րու­թիւն կու տայ բո­լոր ազատ արո­ւես­տա­գէտ­նե­րուն (նկա­րիչ­ներ, քան­դա­կագործներ, եր­գիչներ, դե­րասան­ներ եւ այլն) իրենց ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րը ներ­կա­յաց­նե­լու։ Այ­սինքն՝ մենք կ՚օգ­նենք հաս­նիլ հա­սարա­կու­թեան։ Անոր զու­գա­հեռ նաեւ կը ստեղ­ծենք արո­ւես­տի սրճա­րան, որ կ՚ըլ­լայ պո­հեմա­կան տա­րածու­թիւն մը եւ մշտա­պէս լցո­ւած կ՚ըլ­լայ ժա­մանա­կակից հայ արո­ւես­տա­գէտ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րով։ Այս հա­սարա­կու­թեան ստեղ­ծա­րար նե­րու­ժը նոր հար­թութեան մը բե­րելու եւ մէկ­տե­ղելու առողջ քայլ է, որ կա­րող է ու­նե­նայ յե­տագայ լաւ պտուղներ։ Նաեւ կան աշ­խա­տանքներ, որոնք գործնա­կան փու­լին են։ Խօս­քը մեծ համ­բաւ ու­նե­ցող հայ եւ ար­տա­սահ­մա­նեան արո­ւես­տա­գէտ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան հրա­ւէր­ներ ընե­լու մա­սին է։ Որ­պէսզի գան մեր բե­մին բե­մադ­րեն, խա­ղան եւ հետք թո­ղեն։ Խօս­քը աշ­խարհով յայտնի հե­ղինա­կաւոր արուես­տա­գէտ­նե­րու մա­սին է։ Վստահ եմ, որ անոնք կը բե­րեն նոր մտա­ծողու­թիւն։ Եւ այստեղ մեր երի­տասարդնե­րը կ՚ու­նե­նան գործնա­կան շփման մէջ մտնե­լու լուրջ հնա­րաւո­րու­թիւն։

Հայ հա­սարա­կու­թիւնը այ­սօր կ՚եր­թա՞յ թատ­րոն։

Այո։ Գի­տէ՞ք՝ արո­ւես­տի կա­ռավա­րու­մը շատ աւե­լի լուրջ աշ­խա­տանք է, քան կը կար­ծո­ւի։ 2023 թո­ւակա­նին Սունդու­կեան թատ­րո­նը խա­ղացած է 137 ներ­կա­յացում, հիւ­րընկա­լած է շուրջ 72 հա­զար հան­դի­սատես։ Չնա­յած մենք գե­րազան­ցած ենք մեր սպա­սելիք­նե­րը, բայց մեր նպա­տակ­նե­րը շատ աւե­լին են։

Մայր թատ­րո­նի հնա­րաւո­րու­թիւննե­րը այ­սօր կը հա­մապա­տաս­խա­նե՞ն ժա­մանա­կակից աշ­խարհի պայ­մաննե­րուն։

Որ­պէս պա­տաս­խան կ՚ըսեմ հե­տեւեալը՝ մենք կա­րողա­ցանք ամ­բողջու­թեամբ սպա­սար­կել Փա­րիզի գլխա­ւոր թատ­րոննե­րէն մէ­կուն՝ Օդեոնի հիւ­րա­խաղը։ Ալեք­սանդրի­նեան թատ­րո­նի եր­կու ծա­ւալա­յին ներ­կա­յացումներ ինչպէս խա­ղացած են իրենց բե­մէն, այնպէս ալ խա­ղացին մեր բե­մը։ Սա պա­տաս­խան է ձեր հար­ցումին։ Իհար­կէ մենք շատ ծանր օրեր ան­ցուցած ենք այս ար­դիւնքին հաս­նե­լու հա­մար, լրա­ցու­ցիչ ու­ժեր ներգրա­ւած ենք, բայց փաս­տած ենք որ այդ հնա­րաւոր է։

Սունդու­կեան թատ­րո­նի խա­ղացան­կը կտրուկ ձե­ւով հարստա­նալու է 2024 թո­ւակա­նին եւ շա­րու­նա­կելու է այդ գոր­ծընթա­ցը 2025-ին եւս։

Կի­նոյի ու թատ­րո­նի մեր երկնա­կամա­րին հան­ճարներ ու­նե­ցած ենք՝ Հրա­չեայ Ներ­սի­սեան, Աւետ Աւե­տիսեան, Մհեր Մկրտչեան, Սոս Սարգսեան, Վա­ղարշ Վա­ղար­շեան… ան­վերջ կա­րելի է թո­ւել։ Ի՞նչ կը կար­ծէք անոնց հե­տեւող­ներ կա՞ն այ­սօր։

Այո։ Ուղղա­կի մենք պէտք չէ հա­մեմա­տու­թեան մէջ դնենք, որով­հե­տեւ արուես­տա­գէտը ինքնու­թիւն է։ Ան միակն է։ Իրեն պէտք է ինքնին դի­տել, այլ ոչ թէ հա­մեմա­տու­թեան մէջ։ Գու­ցէ պէտք է դի­տար­կել, թէ տո­ւեալ արո­ւես­տա­գէտը իր ժա­մանա­կի հա­սարա­կու­թեան վրայ ի՞նչ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած է։ Եթէ այ­սօ­րուայ արո­ւես­տա­գէտը ու­նի իրեն սի­րող հան­դի­սատես, ու­րեմն այդ ձե­ւաչա­փի մէջ պէտք է նա­յին։ Նաեւ պէտք է հա­շուի առ­նեն, որ ժա­մանակ­նե­րը էակա­նօրէն փո­խուած են։ Բայց կ՚ըսեմ կա­րեւոր բան մը, որ հայ մար­դը, հայ մար­դու շնոր­հը եր­բեք չի պա­կասիր։ Սա ինձ հա­մար աս­տուածա­յին բան է, որ դրո­ւած է մեր մէջ։

Հա­սարա­կու­թեան դաս­տիարակ­ման հար­ցով այ­սօ­րուայ հայ թատ­րո­նը ի՞նչ խնդիր­ներ կը լու­ծէ։

Կը կար­ծեմ՝ դեռ շատ ընե­լիք­ներ կան, որով­հե­տեւ թատ­րո­նը քա­ղաքա­ցի կը կրթէ, թատ­րո­նը երե­ւակա­յու­թիւն կը ձե­ւաւորէ, թատ­րո­նը հո­գեւոր հարստու­թիւն կը փո­խան­ցէ, եւ այս ամ­բողջ գոր­ծընթա­ցի մէջ այն ինչ կ՚ընէ այ­սօ­րուայ հայ թատ­րո­նը՝ գնա­հատե­լի է, բայց կայ անցնե­լու դեռ մեծ ճա­նապարհ։ Ես կը հա­ւատամ։

Աւան­դա­կան հար­ցում մը. ի՞նչ կը բա­րեմաղ­թէք «Ակօս»ի ըն­թերցո­ղին։

«Ակօս»ը ինձ հա­մար Հրանդ Տին­քի կեր­պարն է։ Իսկ Հրանդ Տին­քը ինձ հա­մար հայ մար­դու, հայ մտքի, հա­սարա­կական գոր­ծունէու­թեան ընտրա­նին է՝ հա­տըն­տի­րը։ «Ակօս»ի հետ առնչո­ւողը դէ­պի այդ ճա­նապարհ գա­ցողն է։ Կ՚ու­զեմ որ այդ ճա­նապար­հը գա­ցող­նե­րու թի­ւը միշտ շատ­նայ, եւ որ այդ ճա­նապա­րհէն սնո­ւող­նե­րու կեան­քին գե­րակշռի լաւն ու դրա­կանը։

Շնոր­հա­կալու­թիւն

Հար­ցազրոյ­ցէն ետք Մա­րի Յով­հաննի­սեանը Սունդու­կեան թատ­րոն դի­տած է Յա­կոբ Պա­րոնեանի «Մե­ծապա­տիւ Մու­րացկան­ներ» երկմա­սանի երաժշտա­կան կա­տակեր­գութիւ­նը։ Եւ ըստ մեր թղթակ­ցի՝ լեփ-լե­ցուն դահ­լի­ճը մեծ ոգե­ւորու­թեամբ ու հիաց­մունքով դի­տած է ներ­կա­յացու­մը։

«Ներ­կա­յացու­մը կը վա­րեն չորս հո­գի, որ­մէ մէ­կը ես եմ։ Այս դե­րը ինձ հա­մար հե­տաքրքիր, բնո­րոշիչ է։ Միշտ ու­րախ կու գամ այս ներ­կա­յաց­ման, որով­հե­տեւ աւե­լի խա­ղար­կա­յին դեր է, բայց, իհար­կէ, շատ պա­տաս­խա­նատու։ Այնպէս բե­մադ­րած է տիար Էլ­բա­կեանը, որ ամէ­նուր ճիշդ խօս­քի տեղ կայ, ին­չը հան­դի­սատե­սը կը զգայ» դե­րասա­նու­հի Ծո­վինար Մար­տի­րոսեանը այսպէս ըսաւ ան­կեղծա­ցել ներ­կա­յացու­մէն առաջ։ Իսկ ահա գլխա­ւոր դե­րակա­տար­նե­րէն մէ­կու՝ սի­րուած դե­րասան Յա­րու­թիւն Մով­սի­սեանի խօս­քով. «Մեր մե­ծագոյն կա­տակեր­գակը, դրա­մատուրգ Յա­կոբ Պա­րոնեանը շատ ար­տա­սահ­մանցի հե­ղինակ­նե­րու հետ կրնայ մրցիլ իր տա­ղան­դով։ 1879թ. գրած է այս գոր­ծը։ Դէպ­քե­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նան Պոլ­սոյ մէջ։ Ար­մէ­նը եւ ամէնքս հա­մար­ձա­կու­թիւն ու­նե­ցանք բե­մադ­րե­լու։ Ես Մա­նու­կի դե­րը կը խա­ղամ։ Եւ որո­շում կա­յացուց Ար­մէ­նը, որ պէտք է ներ­կա­յաց­մա­նը ըլ­լան եւ այն ժա­մանակ­նե­րը, եւ՝ այս։ Կը խա­ղանք, ժո­ղովուրդը կու գայ կը նա­յի ու լաւ կը հասկնայ, թէ ինչ կը կա­տարո­ւի։ Սա մի կո­մեդիա է՝ ող­բերգու­թեան տե­սակ, որ կը մա­տու­ցո­ւի ծի­ծաղի մի­ջոցով»։

Յի­շեց­նենք, որ ներ­կա­յաց­ման առաջ­նա­խաղը եղած է ան­ցեալ տա­րուայ աշ­նա­նը։ Վար­կա­ծի եւ բե­մադ­րութեան հե­ղինա­կը Սունդու­կեան թատ­րո­նի գե­ղարո­ւես­տա­կան ղե­կավար Ար­մէն Էլ­բա­կեանն է, գլխա­ւոր դե­րակա­տար­ներն են Ալ­բերտ Սա­ֆարեանը, Յա­րու­թիւն Մով­սի­սեանը, Ան­նա Էլ­բա­կեանը։ Ներ­կա­յաց­ման բե­ման­կա­րիչը Գա­րեգին Եւան­գուլեանն է, զգեստնե­րու նկա­րիչը՝ Կա­րինէ Աթա­նեանը։ Պա­րու­սոյցն է Լիանայ Յա­կոբեանը։ Բե­մադ­րութեան կը հնչէ Ստե­փան Լու­սի­կեանի երաժշտու­թիւնը, գոր­ծի­քաւո­րու­մը կա­տարած է Լե­ւոն Խա­չատ­րեանը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ