Ատելութիւն

«Ատելութիւնը անհրաժեշտ է

գործածել խնայողաբար, քանզի

նրա կարիքաւորները բազում են»։

Շատոպրիան

ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ

Ատե­լու­թիւնը զգա­ցում է, որու բա­ղադ­րիչներն են նող­կանքը, ար­հա­մար­հանքը, տհա­ճու­թիւնը եւ այլն, ինչ որ հա­կադ­րո­ւած է սի­րոյ եւ յար­գանքին, իսկ հի­ւանդ հան­րութեան մէջ, տար­բեր պատ­ճառնե­րով, ան կը ծնի բռնու­թիւն, թէ՛ ան­հատնե­րու եւ թէ՛ եր­բեմն իշ­խա­նու­թեան հե­ղինա­կու­թեամբ։

Իմաս­տուննե­րը կը պնդեն, թէ որե­ւէ մէ­կուն սի­րելու հա­մար անհրա­ժեշտ չէ ստոյգ պատ­ճառ, բա­ւական է, որ իրար հա­մակ­րեն, մինչդեռ, ատե­լու հա­մար անհրա­ժեշտ են պատ­ճառներ, ապա­ցու­ցե­լու փաս­տեր։

Ատե­լու­թիւնը կ՚ըլ­լայ ան­հա­տական, խմբա­կային, ինչպէս իշ­խա­նու­թիւն-ընդդի­մու­թիւն, մին­չեւ իսկ ազ­գա­յին մա­կար­դա­կի, օրի­նակ հայ-թուրք, հայ-ազե­րի դա­րաւոր փո­խադարձ ատե­լու­թիւնը, օրի­նակ­նե­րը բազ­մա­զան են։ Քա­ղաքա­կիրթ երկրնե­րու մէջ ցոյ­ցեր կ՚ըլ­լան տար­բեր տե­սակի բռնու­թեան եւ ատե­լու­թեան դէմ։ Մեր երկրին այն կ՚ար­դա­րացո­ւի եւ քա­ջալե­րուի հա­սարա­կու­թեան մի մա­սի կող­մէն եւ եր­բեմն կը փոր­ձէ մաս­նա­կից ըլ­լալ։ Ան­հերքե­լի է, որ ատե­լու­թիւնը եւ բռնու­թիւնը միասին որե­ւէ խնդիր լու­ծե­լու հնար չեն, բայց ցա­ւօք թաւ­շեայ իշ­խա­նափո­խու­թե­նէն ետք՝ դար­ձան հա­մատա­րած օրի­նաչա­փու­թիւն՝ ման­րակրկիտ ծրագ­րո­ւած ընդդի­մադիր ղե­կավար­նե­րու կող­մէ։ Ան անընդմէջ առ­կայ է ԱԺ նիս­տե­րու ըն­թացքին եւ յա­տուկ մի­ջոց­նե­րով ուղղո­ւած է մեր պե­տակա­նու­թեան դէմ։ Անոր հիմ­նա­կան պի­տակն ու բա­ռապա­շարն է՝ դա­ւաճան, անա­պագայ, հող ծա­խող, ապի­կար, թուրք եւ այլ բա­զում խտա­ցուած ու մշա­կուած բա­ռեր, որոնց միակ նպա­տակը քա­ղաքա­կան հա­ւասա­րակշռու­թեան հա­մակար­գա­յին խախ­տումն է։ Ոմանք յա­մառօ­րէն չեն մաս­նակցիր ընտրու­թիւննե­րուն, բայց նաեւ չեն հա­ւատար անոր ար­դիւնքնե­րուն, այդ եւս հո­գեկան բա­ւարա­րու­թեան առիթ է եւ անոնք դեռ չեն հասկցած, որ ատե­լու­թիւնը չի կրնար ըլ­լալ տար­բեր խա­ւերու ու քա­ղաքա­կան խմբա­ւորումնե­րու մի­ջեւ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու գոր­ծիք եւ նպա­տակին հաս­նե­լու ար­դար մի­ջոց։ Բա­ցառո­ւած է։

Երիցս զար­մա­նալի, անըն­դունե­լի եւ ող­բա­լի է, որ եկե­ղեցա­կան­նե­րը զի­նակո­չի են­թարկո­ւած են վե­րոն­շեալ կա­ցու­թեան պայ­մաննե­րուն։ Ըստ իրենց կո­չու­մի եւ եր­դումի հա­մաձայն՝ փո­խանակ սէր, հաշ­տութիւն եւ բա­րոյա­կանու­թիւն քա­րոզե­լու, կը սեր­մա­նեն մո­լի հա­կապե­տական վրէժ եւ ատե­լու­թիւն։ Տե­ղին է յի­շել արք. Աջա­պահեանը եւ եպ. Գալստա­նեանը, որոնք միակը չեն, որոնք զօ­րավա­րի դիրք բռնած են, ամե­նու­րէք քա­րոզին եւ ցոյ­ցե­րուն մաս­նակցե­լով կը գո­ռան, թէ ար­դի ՀՀ այ­լեւս Հա­յաս­տան չէ, այլ թրքե­րը կը հրա­մայեն վար­չա­պետին, եւ այնքան կու­րա­ցած են իրենց մո­լուցքի ոլո­րանի մէջ, որ կոչ կ՚ընեն գրո­հել եւ բռնու­թեամբ իշ­խա­նափո­խու­թիւն իրա­գոր­ծել։ Ի դէպ ան­ցած օրե­րուն Տա­ւու­շի առաջ­նորդը մեծ մի­թինք կազ­մա­կեր­պած էր բնա­բան ու­նե­նալով՝ չորս գիւ­ղե­րը յանձնե­լու արար­քին դի­մադ­րել եւ ամէն գնով վի­ժել։ Այդ եր­կուքի անու­նը յի­շեցի, բայց բա­զում են նման­նե­րը Հո­գեւոր Բարձրա­գոյն Խորհրդի (ՀԳԽ) ան­դամնե­րով մէկ­տեղ, չմո­ռանա­լով ճա­կատին խաչ կրո­ղը, որ ոչ միայն ար­գէլք չի դներ եւ կը հան­դարտեց­նէ այդպի­սի կղե­րին, այլ քա­ջալե­րէ եւ ին­քը եւս անոնց կը միանայ մեր պե­տակա­նու­թեան հիմ­քե­րը խախ­տե­լուն։ Հայ մա­մու­լի մի տե­սակ կայ, ի սփիւռս աշ­խարհի, որ պար­բե­րաբար կը ներ­կա­յաց­նէ հո­գեւոր ար­ժէքնե­րէն հե­ռու այդ հո­գեւո­րական­նե­րու յօ­դուած­նե­րը, որ ու­նին իրենց ըն­թերցող­նե­րը եւ խմբա­գիր­նե­րը։ Աւե­լորդ չէ յի­շեց­նել տաս­ներկու դար առաջ եղած ոճի­րը, երբ Սիւ­նեաց աշ­խարհի հո­վուա­պետ Ստե­փանոս եպիս­կո­պոսին սպա­նեց եւ գլխա­տեց հայ կին մը, որուն ան բա­նադ­րած էր ան­յայտ պատ­ճառնե­րով։ Ինչպի­սի՜ ան­կում։

Ար­դէն հին­գե­րորդ տա­րին է, բուռն ատե­լու­թիւնը եւ բռնի վե­րաբեր­մունքը իշ­խա­նու­թեան, իմա՛ պե­տական կա­ռոյ­ցի նկատ­մամբ դար­ձած է ապ­րե­լակերպ ոմանց հա­մար, եւ հա­կապե­տական արարքնե­րը միայն բա­նաւոր կամ գրա­ւոր խօս­քով չեն վեր­ջա­նար եւ այդ ատե­լու­թեամբ յա­գեցած խօս­քե­րը ակա­մայէն կը տա­նին դէ­պի գոր­ծո­ղու­թիւն, զի­նուած յար­ձա­կումներ, մին­չեւ իսկ մա­հափորձ՝ վար­չա­պետի նկատ­մամբ, թէ­պէտ վի­ժուած։

Ակնյայտ է, որ բո­լոր յար­ձա­կումնե­րը՝ բա­նաւոր թէ զի­նեալ, պե­տու­թեան հիմ­քե­րը խախ­տե­լու նպա­տակ ու­նին եւ կը ղե­կավա­րուին ոչ միայն ներ­սէն, այլ նաեւ դուրսէն եւ ոչ միայն ար­տա­քին ու­ժե­րու կող­մէ, այլ նաեւ եր­կի­րը թա­լանած եւ հե­ռու­նե­րուն հաս­տա­տուած մեր տա­րագիր նախ­կիննե­րու կող­մէ՝ վե­րադար­ձի յոյ­սե­րով։

Ատե­լու­թեան մէկ այլ անսպառ աղ­բիւր է Ար­ցա­խի ող­բա­լի կո­րուստի փաս­տը եւ անոր հրա­ժարո­ւած եւ ՀՀ ղե­կավա­րու­թեան մի­ջեւ եղած յա­րաբե­րու­թիւննե­րը։ Հե­ռու մնա­լով այդ ող­բա­լի կո­րուստի պատ­ճառնե­րէն եւ մե­ղաւոր­նե­րէն, քան­զի բարդ ու խճճո­ւած է, չեմ կա­րող չնշել, որ հա­րիւր հա­զարէն աւել տե­ղահան ազ­գա­կից հիւ­րընկա­լուած է ՀՀ։ Հնա­րաւո­րին սահ­մա­նու­մով պէտք էր ապա­հովել բնա­կարա­նով, լու­ծել անոնց զա­նազան տե­սակի կեն­սա­կան կա­րիք­նե­րը, իմա՚ հաշ­մանդամ­ներ, դպրո­ցական­ներ, զա­ռամեալ եւ կեն­ցա­ղային հա­զար ու մէկ խնդիր­ներ, որուն յանձնա­ռու եղաւ իշ­խա­նու­թիւնը, եւ սա­կայն ոչ միայն գնա­հատա­կանի չար­ժա­նացաւ, այլ նաեւ դժգո­հու­թիւննե­րը ան­պա­կաս են։ Ճիշդ է եւ իրաւ, որ ար­ցախցին օտար չէ եւ մենք պար­տա­ւոր ենք օժան­դա­կել ամէն ին­չով՝ կա­րելիու­թեան սահ­մա­նով, բայց նախ­կին փրկիչ­նե­րու կեդ­րո­նական կո­միտէն բարձր կը գո­ռայ թէ՝ «Սա­տար ենք կանգնե­լու Ար­ցա­խի ժո­ղովրդի հիմ­նա­րար իրա­ւունքնե­րու պաշտպա­նու­թեան»։ Կ՝ու­զէի գիտ­նալ, թէ խորհրդա­րանի մէջ Ար­ցա­խի դրօշ ծա­ծանող փրկիչ­նե­րը եւ Էջ­միածի­նը ին­չո՞վ, ի՞նչ վե­րաբեր­մունքով կամ ստոյգ քայ­լե­րով սա­տար եղան այդ տա­ռապեալ­նե­րուն, երբ վե­րոն­շեալ եպիս­կո­պոսը բարձր ձայ­նով կը գո­ռար, թէ իրենք եռա­գոյ­նը պի­տի ծա­ծանեն ոչ միայն Ար­ցա­խի, այլ նաեւ Նա­խիջե­ւանի վրայ։

Եկ, վար­դա­պետ, ու մի՛ խեն­թա­նար։

Սեն Ռաֆայէլ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ