Օգոստոսի 3-ը եզդիներու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր

Հայաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ժո­ղովը առա­ջին ըն­թերցմամբ ըն­դունեց Օգոս­տո­սի 3-ը Սին­ճա­րի եզ­դի­ներու ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հերու յի­շատա­կի օր սահ­մա­նելու նա­խագի­ծը։

«Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան տօ­ներու եւ յի­շատա­կի օրե­րու մա­սին» օրէն­քին լրա­ցում կա­տարե­լու մա­սին օրէն­քի նա­խագի­ծը ըն­դունո­ւեցաւ միաձայն՝ ստա­նալով 88 կողմ ձայն։

Նա­խագի­ծը ներ­կա­յացու­ցած է իշ­խող «Քա­ղաքա­ցիական պայ­մա­նագիր» խմբակ­ցութեան՝ ազ­գութեամբ եզ­դի պատ­գա­մաւոր Ռուստամ Պա­քոյեանը։ Նա­խագ­ծի երկրորդ ըն­թերցմամբ քննար­կումը եւս նա­խատե­սուած է Ապ­րի­լի 16-ին։

2014 թո­ւակա­նի Օգոս­տո­սի 3-ին «Իս­լա­մական պե­տու­թիւն» ահա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման կող­մէ տե­ղի ու­նե­ցած են յար­ձա­կումներ եզ­դի­ներով բնա­կեցո­ւած Իրա­քի Սին­ճար քա­ղաքի վրայ, որ­տեղ սպա­նուած են աւե­լի քան երեք հա­զար մարդ։

Սո­վի, ծա­րաւի եւ ան­տա­նելի շո­գի հե­տեւան­քով մա­հացած է լեռ­նե­րուն ապաս­տան գտած մօտ հա­զար մարդ, աւե­լի քան 200 հա­զար եզ­դի­ներ դար­ձած են փախստա­կան, առե­ւան­գո­ւած են 13-ից 56 տա­րեկան շուրջ 5000 կա­նայք եւ աղ­ջիկներ։ Վեր­ջիննե­րուս կեան­քի պահ­պանման նա­խապայ­ման եղած է իս­լա­մի ըն­դունու­մը եւ ամուսնու­թիւնը ճի­հադիստնե­րու հետ։

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Ժո­ղովի որո­շու­մը ող­ջունե­լի է, իբ­րեւ ցե­ղաս­պա­նուած ժո­ղովուրդի մը գերզգա­յուն զօ­րակ­ցութիւ­նը նոյն դա­ժան տան­ջանքի մատ­նո­ւած այլ ժո­ղովուրդի մը հան­դէպ։

Նշո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան յա­ջոր­դող տա­րինե­րուն կարգ մը եզ­դի ըն­տա­նիք­ներ ահ­րե­լի փրկա­գիներ հա­տու­ցե­լով վե­րագ­տան իրենց առե­ւան­գո­ւած իգա­կան սե­ռի ան­դամնե­րը։

Ափ­սոս որ ի դէմ հա­մաշ­խարհա­յին բազ­մա­թիւ կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու կամ կա­ռոյցնե­րու, մարդկու­թիւնը տա­կաւին չէ կրցած ցե­ղաս­պա­նու­թեան դէմ միատարր դի­մադ­րութեան կամք դրսե­ւորել։ Այդ պատ­ճա­ռաւ ալ կրօ­նական կամ ազ­գա­յին խտրա­կանու­թիւնը ցան­կա­ցած երկրի մէջ կը գտնէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան բնոյ­թով յան­ցա­գոր­ծութիւննե­րու յար­մա­րաւէտ դաշտ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ