«Ես եմ, հոս եմ» ըսելու աւանդոյթը կը շարունակուի

Թերթիս նա­խորդ թի­ւով ման­րա­մաս­նօ­րէն ծա­նօ­­թա­ցու­­ցած էինք Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան 100-ամեակի հա­­մար պատ­­րաստած նա­­խագի­­ծը։ Ար­­դա­­­րեւ 20 Ապ­­րի­­­լին, 23,5 Հրանդ Տինք Յի­­շողու­­թեան Վայ­­րին մէջ կա­­յացաւ մի­­ջոցա­­ռումնե­­րու շար­­քի առա­­ջին աշ­­խա­­­տանո­­ցը։

Այդ օր Յի­­շողու­­թեան Վայ­­րի հիմ­­նա­­­դիր­­նե­­­րէն ալ եղող Նես­­լի­­­հան Պա­­լի ժա­­մանա­­կակից արո­­ւես­­տա­­­գէտ Սար­­գի­­­սի մտայ­­ղա­­­ցած «Աղ եւ Լոյս» անուն գոր­­ծը վեր­­լուծեց ներ­­կայ երա­­խանե­­րուն հա­­մար։

Ան այս առ­­թիւ նշեց որ մատ­­նա­­­հետ­­քը իւ­­րա­­­յատուկ է եւ ստո­­րագ­­րե­­­լու ամե­­նանախ­­նա­­­կան ձե­­ւը։ Ան յի­­շեցուց, որ քա­­րայրնե­­րու մէջ յայտնա­­բերո­­ւած հնա­­գոյն նմոյշներն ալ ձեռ­­քի հետ­­քեր են։ «Ու­­զե­­­ցինք որ գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան ար­­տա­­­յայ­­տութեան այս ամե­­նանախ­­նա­­­կան կի­­րար­­կումը կրկնենք նաեւ մե­րօրեայ ան­չա­փահաս­նե­րով»։ ըսաւ Նես­լի­հան Պա­լի։ Մատ­նա­հետ­քե­րով դրոշ­մե­լու գոր­ծընթա­ցը պի­տի շա­րու­նա­կուի մին­չեւ 27 Ապ­րիլ, այս նա­խաձեռ­նութեան աւարտը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ