Թատերական մրցանակատուչութիւն

Այս տա­­րի 8-րդ ան­­գամ 6 Մա­­յիս Եր­­կուշաբ­­թի օր, Ճեմ Գա­­րաճա Մշա­­կոյ­­թի կեդ­­րո­­­նին մէջ կա­­յացաւ Իւսթիւն Աք­­մե­­­նի անո­­ւան ձօ­­նուած թա­­տերա­­կան մրցա­­նակ­­նե­­­րու տու­­չութեան հան­­դէ­­­սը։

Շայ­­լան Աք­­մե­­­նի գլխա­­ւորած դա­­տակազ­­մը 2023-2024 գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան տա­­րեշրջա­­նի բե­­մադ­­րութիւննե­­րը դի­­տելով կա­­յացու­­ցին իրենց գնա­­հատու­­մը։ Այսպէս Նշան Շի­­րինեան եւ Սեր­­փիլ Թա­­մուր ար­­ժա­­­նացան «Յար­­գանք վար­­պե­­­տին», Մեհ­­մետ Էսա­­դօղ­­լու, Հա­­միթ Տե­­միր եւ Կիւլ Կէօքէր «Պա­­տուոյ», Անի Իփէք­­քա­­­յա, Սու­­լհի Թեք­­նի­­­քէր եւ Այ­­սան Սիւ­­մերճան «Վաս­­տակ»ի մրցա­­նակ­­նե­­­րուն։

Քե­­մալ Պա­­շարին յանձնո­­ւեցաւ յա­­տուկ մրցա­­նակ մը եւ փրոֆ. Այ­­շե­­­կիւլ Եիւքսել ալ պար­­գե­­­ւատ­­րո­­­ւեցաւ թա­­տերաքննա­­դատ­­նե­­­րու պա­­տուոյ մրցա­­նակով։

Տի­­յանա Չի­­լին­­կի­­­րեան «Յոյս ներշնչող դե­­րասա­­նու­­հի» մրցա­­նակը նո­­ւաճեց «Յան­­կարծ» թա­­տերա­­խումբի բե­­մադ­­րած «Իմ Սիր­­տը Լեռ­­նե­­­րում է» թա­­տերա­­խաղի դե­­րակա­­տարու­­թեամբ։

«Տա­­րուայ բե­­մադ­­րի­­­չը» մրցա­­նակին ար­­ժա­­­նի գտնո­­ւեցաւ Էր­­հան Թու­­նա, «Թրո­­յացի Կա­­նայք» թա­­տերա­­խաղով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ