Այս տարի 10-րդ անգամ կազմակերպուած Ալի Իսմայիլ Քորքմազի անունան ձօնուած Կեանքի Մրցանակը յանձնուեցաւ Իսրայէլի ջարդերուն դիմադրող պաղեստինցիներուն եւ Չորլու գնացքի առկածի ժամանակ իրենց հարազատները կորսնցուցած ընտանիքներուն։
ՏԻՍՔ-ի «Ալի Իսմայիլ Քորքմազ Կեանքի Մրցանակ»ի կազմակերպչական յանձնախումբի անդամ Էսքիշեհիրի ներկայացուցիչ Զեյնեփ Քայան, կազմակերպչական խորհրդի անունով հանդէս գալով յայտարարութիւն մը տուաւ. «Թէեւ անցած է 11 տարի, մենք կը շարունակենք նոյն ոգեւորութեամբ եւ ցանկութիւնով յանձնել Ալի Իսմայիլ Քորքմազի անուամբ մեր կազմակերպած Կեանքի Մրցանակը։ Ալի Իսմայիլ Քորքմազի եւ Կեզիի ապստամբութեան ժամանակ զոհուածները չմոռցնել եւ անոնք կենդանի պահելը մեր նպատակն է։ Յոյսը ամրապնդել անոնց դէմ, որոնք այս հասարակութիւնը կը ներքաշեն յուսահատութեան մէջ, ըլլալ լոյսի պաշտպան անոնց դէմ, որոնք կը ցանկանան յանձնուիլ: Երկիրը դէպի խաւար տանիլ ուզողներու դէմ կանգնիլ, նաեւ մեր ժողովրդին խեղճացնող մտածելակերպի դէմ պայքարիլը մեր նպատակն է։
Խաղաղութեան պաշտպան ըլլանք անոնց դէմ, որոնք կը շարունակեն իրենց ռազմատենչ քաղաքականութիւնը» ըսաւ Զեյնեփ Քայա։
Մրցանակները յանձնուեցան 2 Յունիսի երեկոյեան Զիւպէյտէ Հանըմ Մշակոյթի Կեդրոնին մէջ։ Արարողակարգին մասնակցած են նաեւ Ալի Իսմայիլ Քորքմազի մայրը՝ Էմել Քորքմազ, հայրը՝ Շահափ Քորքմազ եւ աւագ եղբայրը՝ Կիւրքան Քորքմազ։
Կեզիի դիմադրութեան ժամանակ իրենց կեանքը կորսնցուցածներու համար լռութիւն պահելէ ետք, Էմել Քորքմազ իր ելոյթին մէջ ըսաւ. «Ես հինգ տարիէ ի վեր չկրցայ գալ այստեղ։ Իմ գալէ ետք միշտ կ՚ըսէի՝ երանի երբեք չգայի։ Երանի ականատես չըլլայի, թէ ինչպէս Ալիին ծեծեցին հասարակական վայրի մը մէջ։ Այստեղ Ալիի անխնայ ծեծուելուն ականատեսներու խիղճը հանգիստ է՞։ Անոնք հաշուետու են իրենց խղճի առաջ։ Չե՞ն ցաւիր։ Ամէն անգամ, երբ կու գամ այստեղ, մտքովս կ՚անցնեմ Ալիի «մի զարկէ՛ք» խօսքերը։ Ես չեմ կարող դիտել այդ քատրերը, բայց ան միշտ կ՚ըսէր այս բաները։ Ալին դիմադրած է 38 օր։ Ան հիմա մեր մէջ չէ, բայց կան հարիւրաւոր, հազարաւոր Ալի Իսմայիլ։ Շատ շնորհակալ եմ բոլորիդ, Ալի Իսմայիլին աջակցելնուդ համար»։