Ճանաչում՝ յանուն արդարութեան

Հայաստա­­նէ ներս հետզհե­­­տէ ծա­­­ւալող բար­­­դոյթի մը վե­­­րածո­­­ւած է գեր­­­տէ­­­­­­­րու­­­թիւննե­­­րու հզօր ու­­­ժին դի­­­մաց փոքր եր­­­կիրնե­­­րու ճա­­­րահա­­­տու­­­թեան հո­­­գեբա­­­նու­­­թիւնը։

Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան Պա­­­ղես­­­տի­­­­­­­նի պե­­­տակա­­­նու­­­թիւնը լոկ մարդկա­­­յին նա­­­խապա­­­տուու­­­թիւննե­­­րով ճանչնա­­­լու որո­­­շու­­­մը այդ բար­­­դոյթի դէմ տրո­­­ւած յստակ պա­­­տաս­­­խան մըն է։ Հա­­­յաս­­­տան իր այս որո­­­շու­­­մով ար­­­դա­­­­­­­րացու­­­ցած է ան­­­կախ պե­­­տու­­­թեան նշա­­­նակու­­­թիւնը։ Հպար­­­տօ­­­­­­­րէն մաս կազ­­­մած է նման վարք որ­­­դեգրած եր­­­կիրնե­­­րու շար­­­քին։ Այստեղ շատ կա­­­րեւոր հան­­­գա­­­­­­­մանք է հրէատեաց ծու­­­ղակնե­­­րէն խու­­­սա­­­­­­­փելով Իս­­­րա­­­­­­­յէլի պե­­­տու­­­թեան վա­­­րած քա­­­ղաքա­­­կանու­­­թեան դէմ յստակ կե­­­ցուածք դրսե­­­ւորե­­­լը, մա­­­նաւանդ այն պա­­­հուն, երբ ԱՄՆ եւ Եւ­­­րո­­­­­­­միու­­­թիւն ամ­­­բողջո­­­վին մեղ­­­սա­­­­­­­կից դար­­­ձած են Իս­­­րա­­­­­­­յէլի ան­­­մարդկա­­­յին ռազ­­­մա­­­­­­­վարու­­­թեան։ Ճիշդ ալ այդ պա­­­հուն ալ աւե­­­լի ող­­­ջունե­­­լի կը դառ­­­նայ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի որո­­­շու­­­մը։ Ինք եւս ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նուած ժո­­­ղովուրդի մը պե­­­տու­­­թիւնը՝ Հա­­­յաս­­­տան չի կրնար ան­­­տե­­­­­­­սել նման
բնոյ­­­թի որե­­­ւէ յան­­­ցա­­­­­­­գոր­­­ծութիւն։

Այս գի­­­տակ­­­ցութիւ­­­նը որ­­­դեգրած իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր հայ կ՚ող­­­ջունէ սոյն որո­­­շու­­­մը, որուն ման­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւննե­­­րը կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նենք ներ­­­քե­­­­­­­ւի տո­­ղերով։

Հա­­յաս­­տան Ճանչցաւ Պա­­ղես­­տին Պե­­տու­­թիւնը

Հա­­յաս­­տա­­­նի Ար­­տա­­­քին Գոր­­ծոց նա­­խարա­­րու­­թիւնը 21 Յու­­նի­­­սին յայ­­տա­­­րարեց, թէ Երե­­ւան պաշ­­տօ­­­նապէս կը ճանչնայ Պա­­ղես­­տին պե­­տու­­թիւնը։

«Կա­­զա տի­­րող աղէ­­տալի իրա­­վիճա­­կը եւ շա­­րու­­նա­­­կուող ռազ­­մա­­­կան հա­­կամար­­տութիւ­­նը այ­­սօր մի­­ջազ­­գա­­­յին քա­­ղաքա­­կան օրա­­կար­­գի կար­­գա­­­ւորում պա­­հան­­ջող առաջ­­նա­­­յին խնդիր­­նե­­­րէն մէկն է։ Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թիւնը կտրա­­կանա­­պէս կը մեր­­ժէ զի­­նուած հա­­կամար­­տութեան ըն­­թացքին քա­­ղաքա­­ցիական են­­թա­­­կառու­­ցո­­­ւածքնե­­րու թի­­րախա­­ւորու­­մը, քա­­ղաքա­­ցիական բնակ­­չութեան դէմ բռնու­­թիւննե­­րը եւ քա­­ղաքա­­ցիական ան­­ձանց պա­­տան­­դա­­­ռու­­մը ու գե­­րեվա­­րու­­մը եւ կը միանայ առանց նա­­խապայ­­մաննե­­րու անոնց ազատ ար­­ձակման մի­­ջազ­­գա­­­յին հան­­րութեան պա­­հանջնե­­րուն։ Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թիւնը միացած է ՄԱԿ-ի Գլխա­­ւոր ժո­­ղովի բա­­նաձե­­ւերուն, որոնք կոչ կ՚ընեն ան­­յա­­­պաղ հրա­­դադար հաս­­տա­­­տել Կա­­զայի մէջ։ Աւե­­լին, Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թիւնը ան­­կեղծօ­­րէն շա­­հագրգռո­­ւած է Մեր­­ձա­­­ւոր Արե­­ւել­­քին խա­­ղաղու­­թեան եւ կա­­յու­­նութեան հաս­­տատմամբ, հրեայ եւ պա­­ղես­­տինցի ժո­­ղովուրդնե­­րու մի­­ջեւ տե­­ւական հաշ­­տութեան կա­­յաց­­մամբ։ Մի­­ջազ­­գա­­­յին տար­­բեր հար­­թակնե­­րուն մենք մշտա­­պէս հան­­դէս եկած ենք պա­­ղես­­տի­­­նեան հար­­ցի խա­­ղաղ եւ հա­­մապար­­փակ կար­­գա­­­ւոր­­ման օգ­­տին եւ կը պաշտպա­­նենք իս­­րա­­­յէլա­­պաղես­­տի­­­նեան հա­­կամար­­տութեան լուծման՝ «եր­­կու պե­­տու­­թիւն» սկզբունքը։ Հա­­մոզո­­ւած ենք, որ այդ միակ ճա­­նապարհն է երաշ­­խա­­­ւորե­­լու, որ պա­­ղես­­տինցի­­ներն ու իս­­րա­­­յէլա­­ցինե­­րը կա­­րող են իրա­­կանաց­­նել իրենց օրի­­նական ձգտումնե­­րը։ Ել­­նե­­­լով վե­­րոն­­շեալէն եւ վե­­րահաս­­տա­­­տելով իր հա­­ւատար­­մութիւ­­նը մի­­ջազ­­գա­­­յին իրա­­ւունքին եւ ժո­­ղովուրդնե­­րու հա­­ւասա­­րու­­թեան, ինքնիշ­­խա­­­նու­­թեան ու խա­­ղաղ հա­­մակե­­ցու­­թեան սկզբունքնե­­րուն՝ Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թիւնը կը ճանչնան Պա­­ղես­­տի­­­նի պե­­տու­­թիւնը», կ՛ըսո­­ւի Հա­­յաս­­տա­­­նի Ար­­տա­­­քին Գոր­­ծոց նա­­խարա­­րու­­թեան յայ­­տա­­­րարու­­թեան մէջ։

Պա­­ղես­­տի­­­նեան իշ­­խա­­­նու­­թիւնը ող­­ջունեց Երե­­ւանի քայ­­լը, մինչ իս­­րա­­­յէլեան աղ­­բիւրներ հա­­ղոր­­դե­­­ցին, թէ Իս­­րա­­­յէլի Ար­­տա­­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարա­­րու­­թիւն կան­­չուեցաւ Իս­­րա­­­յէլի մօտ Հա­­յաս­­տա­­­նի դես­­պան Ար­­ման Յա­­կոբեանը եւ այս գծով անոր «խիստ յան­­դի­­­մանու­­թիւն» փո­­խան­­ցո­­­ւեցաւ։

Աւե­­լի ուշ, Հա­­յաս­­տա­­­նի Ար­­տա­­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարա­­րու­­թիւնը տա­­րածեց այլ հա­­ղոր­­դագրու­­թիւն մը, որուն մէջ կ՚ըսուի հե­­տեւեալը. «Պա­­ղես­­տի­­­նի պե­­տու­­թեան ճա­­նաչ­­ման վե­­րաբե­­րեալ նա­­խարա­­րու­­թիւնը հրա­­պարա­­կած է յայ­­տա­­­րարու­­թիւն, որուն ներ­­կա­­­յացո­­ւած են Հա­­յաս­­տա­­­նի մօ­­տեցումնե­­րը, այդ թո­­ւին՝ «եր­­կու պե­­տու­­թիւն» սկզբունքի մա­­սով։ Հան­­րա­­­յին լրա­­ցու­­ցիչ մեկ­­նա­­­բանու­­թիւն չու­­նինք։ Այս պա­­հուն Հա­­յաս­­տա­­­նի դես­­պա­­­նի հետ Իս­­րա­­­յէլի Ար­­տա­­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարա­­րու­­թեան մէջ հան­­դի­­­պում տե­­ղի չէ ու­­նե­­­ցած»։

Իր կար­­գին, Իս­­րա­­­յէլի վար­­չա­­­պետ Պե­­նիամին Նե­­թանիահո­­ւի գրա­­սենեակի խորհրդա­­կան Տմիթ­­րի Կեն­­տելման խստօրէն դա­­տապար­­տեց Պա­­ղես­­տի­­­նը ճա­­նաչե­­լու պաշ­­տօ­­­նական Երե­­ւանի որո­­շու­­մը, զայն նկա­­տելով «մրցա­­նակ մը «Հա­­մաս»ին եւ պա­­ղես­­տի­­­նեան այլ խմբա­­ւորումնե­­րու ահա­­բեկիչ­­նե­­­րու եւ մար­­դասպան­­նե­­­րուն հա­­մար»։

«Այդ քայ­­լը լուրջ հե­­տեւանքներ պի­­տի ու­­նե­­­նայ Իս­­րա­­­յէլի եւ Հա­­յաս­­տա­­­նի յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րուն վրայ», աւել­­ցուց խորհրդա­­կանը։

Ցարդ գլխա­­ւորա­­բար Մի­­ջին Արե­­ւել­­քէն, Ասիայէն եւ Ափ­­րի­­­կայէն տաս­­նեակ­­նե­­­րով պե­­տու­­թիւններ ճա­­նաչում շնոր­­հած են Պա­­ղես­­տին պե­­տու­­թեան։ Վեր­­ջերս անոնց միացան նաեւ Սպա­­նիա, Իր­­լանտա, Նոր­­վե­­­կիա եւ Սլո­­վենիա։

Ան­­գա­­­րա ող­­ջունեց Պա­­ղես­­տի­­­նի պե­­տու­­թիւնը ճանչնա­­լու՝ Երե­­ւանի որո­­շու­­մը

Թուրքիոյ Ար­­տա­­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարա­­րու­­թիւնը հրա­­պարա­­կեց յայ­­տա­­­րարու­­թիւն մը, որուն մի­­ջոցով ող­­ջունեց Պա­­ղես­­տին պե­­տու­­թիւնը ճանչնա­­լու՝ Հա­­յաս­­տա­­­նի որո­­շու­­մը։

«Մենք կ՚ող­­ջունենք Սպա­­նիոյ, Իր­­լանտա­­յի, Նոր­­վե­­­կիոյ եւ Սլո­­վենիոյ օրի­­նակին հե­­տեւե­­լու եւ Պա­­ղես­­տին պե­­տու­­թիւնը ճանչնա­­լու Հա­­յաս­­տա­­­նի որո­­շու­­մը։ Մենք միշտ ընդգծած ենք, որ Պա­­ղես­­տի­­­նի ճա­­նաչու­­մը մի­­ջազ­­գա­­­յին իրա­­ւունքի, ար­­դա­­­րու­­թեան եւ խիղ­­ճի պա­­հանջն է», կ՛ըսո­­ւի վե­­րոն­­շեալ յայ­­տա­­­րարու­­թեան մէջ։

Թուրքիոյ ար­­տա­­­քին գոր­­ծոց նա­­խարա­­րու­­թիւնը նաեւ կը նշէ, որ Ան­­գա­­­րա պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կէ ջան­­քեր գոր­­ծադրել, որ­­պէսզի աւե­­լի մեծ թի­­ւով պե­­տու­­թիւններ ճանչնան Պա­­ղես­տի­նը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ