Հայերէնի իրանական փոխառութիւնները (գ)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

armenag@gmail.com

Պատմական

Ինչպէս կը նկա­­տէք, մին­­չեւ հի­­մա մեր մէջ­­բե­­­րած բո­­լոր հա­­յերէն բա­­ռերը, իրենց պատ­­մա­­­կան հա­­զարա­­մեակ­­նե­­­րու տա­­րազով, ան­­փո­­­փոխ կի­­րար­­կութիւն ու­­նին ար­­դի հա­­յերէ­­նի մէջ եւս՝ արե­­ւելա­­հայ թէ արեւմտա­­հայ. այսպէս էին անոնք ան­­ցեալին՝ գրա­­բարի մէջ, այսպէս են անոնք այ­­սօր՝ աշ­­խարհա­­բարի մէջ, կար­­ծես երէկ փո­­խառո­­ւած ըլ­­լա­­­յին անոնք, քան­­զի ոչ մէկ մա­­շում կը ցու­­ցա­­­բերեն։

Այս բո­­լորը սա­­կայն երե­­ւու­­թա­­­պէս միայն այսպէս է։

Իրա­­կանու­­թիւնը քիչ մը ու­­րիշ է։

Մեր բա­­ռերը խոր­­քին մէջ ապ­­րած են եր­­կու կեան­­քով՝ գրա­­ւոր եւ բա­­նաւոր։

Գրա­­ւորը մեր մա­­տենագ­­րութեան լե­­զուն էր, որ կի­­րար­­կո­­­ւեցաւ մին­­չեւ 20-րդ դա­­րու երկրորդ կէ­­սը, ուր տա­­կաւին գրա­­բար հրա­­տարա­­կուող մա­­մուլ եւ գրա­­բար գրո­­ւող գիր­­քեր ու­­նէինք։ Գրա­­բար գրուող գիր­­քերն ու մա­­մուլն ալ անվթար պահ­­պա­­­նեցին Ե. դա­­րու՝ Սա­­հակի ու Մես­­րո­­­պի կի­­րար­­կած բա­­ռերը ու փո­­խան­­ցե­­­ցին զայն գրա­­բարի քովն ի վեր կազ­­մո­­­ւող աշ­­խարհա­­բարին. այլ խօս­­քով աշ­­խարհա­­բարը հա­­րազատ ակունքէն խմեց իր ջու­­րը։

Մինչ գրա­­ւոր խօս­­քին զու­­գա­­­հեռ ան­­դին կը շա­­րու­­նա­­­կէր իր կեան­­քով ապ­­րիլ աշ­­խարհիկ՝ գա­­ւառա­­կան հա­­յերէն մը, ուր այդ նոյն բա­­ռերը հիմ­­նո­­­վին աղա­­ւաղո­­ւած էին. այս աղա­­ւաղու­­մին ահար­­կու տա­­րողու­­թիւնը կրնանք չա­­փել թեր­­թա­­­տելով Աճա­­ռեանի «Ար­­մա­­­տական»-ը՝ այնտեղ ստու­­գե­­­լու հա­­մար մեր բե­­րած բա­­ռերու գա­­ւառա­­կան տար­­բե­­­րակ­­նե­­­րուն պար­­զած ահար­­կու պատ­­կե­­­րը։

Այլ խօս­­քով՝ մեր ար­­դի գրա­­կան լե­­զուն իր պատ­­մա­­­կան անա­­ղար­­տութիւ­­նը կը պար­­տի գրա­­բարին, ինչպէս նաեւ մեր լու­­սա­­­ւորիչ­­նե­­­րու պայ­­ծա­­­ռամիտ հե­­ռատե­­սու­­թեան, որու շնոր­­հիւ կա­­րելի եղաւ թօ­­թափել մեր աշ­­խարհիկ աղա­­ւաղեալ լե­­զուն ապա­­կանող բո­­լոր խոր­­թութիւննե­­րը եւ պա­­տուաս­­տել զայն տոհ­­միկ հա­­յերէ­­նի հա­­զարա­­մեայ գան­­ձա­­­րանով՝ ի տար­­բե­­­րու­­թիւն մեզ շրջա­­պատող ար­­դի լե­­զու­­նե­­­րուն, որոնցմէ բա­­ցար­­ձա­­­կապէս ոչ մէ­­կը իր պոր­­տա­­­կապը յա­­ջողած է պահ­­պա­­­նել իրեն ծնունդ տո­­ւող դա­­սական տար­­բե­­­րակին հետ եւ որոնք ժա­­մանա­­կակից էին գրա­­բարին։

Տանք մէկ օրի­­նակ միայն՝ եր­­գել/cantare/chanter, եւ տես­­նենք տար­­բե­­­րու­­թիւնը.

Գրա­­բարը կ’ըսէր եր­­գեմ-եր­­գես-եր­­գէ-եր­­գեմք-եր­­գէք-եր­­գեն։

Աշ­­խարհա­­բարը կը­­սէ՝ եր­­գեմ-եր­­գես-եր­­գէ-եր­­գենք-եր­­գէք-եր­­գեն։

Իտա­­լերէ­­նը ամե­­նամօ­­տիկ ար­­դի լե­­զուն է մայր լա­­տինե­­րէնին, որուն փայ­­փա­­­յած ձա­­գուկն էր ինք, իր­­մէ ետք ալ ֆրան­­սե­­­րէնը.

Ահա ար­­դիւնքը՝

Լա­­տինե­­րէնը կ’ըսէ՝ canto-cantās-cantat-cantāmus-cantātes-cantant.

Իտա­­լերէ­­նը կ’ըսէ՝ canto-canti-canta-cantiamo-cantate-cantano.

Ֆրան­­սե­­­րէնը կ’ըսէ՝ chante-chantes-chante-chantons-chantez-chantent

Հա­­յերէ­­նի մե­­նաշ­­նորհն է այս։

Հայ ժո­­ղովուրդըը իր 5.000-ամեայ պատ­­մութեան մե­­ծագոյն յաղ­­թա­­­նակը տա­­րաւ հէնց 19-րդ դա­­րու երկրորդ կէ­­սին՝ կո­­րուստէ փրկե­­լով եւ կեր­­տե­­­լով գրա­­կան անա­­ղարտ աշ­­խարհա­­բար մը, որ այնքան հա­­րազատ ու հա­­ւատա­­րիմ է զինք սնու­­ցող մօր՝ գրա­­բարին։

Այ­­սօր, սա­­կայն, վտան­­գո­­­ւած է այդ յաղ­­թա­­­նակը՝ ի Հա­­յաս­­տան թէ ի սփիւռս։

Ի Հա­­յաս­­տան՝ աւե­­լի քան ի սփիւռս, եւ ի սփիւռս՝ աւե­­լի քան ի Հա­­յաս­­տան։

* * *

Յե­­տագ­­րութիւն

Այս օրերս շատ այժմէական է Պարսկաս­­տա­­­նի նո­­րըն­­տիր նա­­խագա­­հի անո­­ւան տա­­ռադար­­ձութիւ­­նը. պար­­սիկնե­­րը իրենք այս անու­­նը կը գրեն پزشکيان Ձեւ կ’ար­­տա­­­սանեն Փե­­զեշ­­քեան, այսպէս ալ կը գրեն օտար­­նե­­­րը՝ Pezeškian ։

Սա պարսկե­­րէն պատ­­մա­­­կան բի­­զիշկ-ն է, որ օրին հա­­յերս ար­­տա­­­սանած ու տա­­ռադար­­ձած ենք բժիշկ ՝ զեղ­­չե­­­լով առա­­ջին ձայ­­նա­­­ւորը, որ մեր սո­­վորու­­թիւնն էր. բաղ­­դա­­­տել ՝

պարսկե­­րէն հա­­յերէն

դի­­րամ դրամ

հու­­նար հնար

նի­­շան նշան

Այս այսպէս ըլ­­լա­­­լով հան­­դերձ՝ հի­­մա չենք կրնար Բժիշ­­կեան գրել. պար­­տինք յար­­գել իրենց ար­­դի ար­­տա­­­սանու­­թիւնը եւ բո­­լորս միանո­­ւագ գրել Փե­­զեշքեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ