Ըստ հնդկական մամուլին՝ «Փինաքա»ներու առաջին խումբը հասաւ Հայաստան

Ըստ Հնդկա­կան Indian Defence Research Wing լրա­տուա­կան գոր­ծա­կալու­թեան ՝ Հնդկաս­տա­նի պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րու­թեան աղ­բիւրներ յայտնե­ցին, որ Հա­յաս­տան ստա­ցած է հնդկա­կան «Փի­նաքա» հրթի­ռային հա­մակար­գե­րու առա­ջին խումբը։

Ըստ նոյն աղ­բիւրնե­րուն՝ Հա­յաս­տա­նին «Փի­նաքա» հա­մակար­գե­րու մա­տակա­րար­ման պայ­մա­նագի­րը կնքո­ւած էր շուրջ եր­կու տա­րիներ առաջ՝ եր­կար բա­նակ­ցութիւննե­րէ ետք։

Հա­յաս­տան՝ Միացեալ Նա­հանգնե­րու եւ Ֆրան­սա­յի հետ, հնդկա­կան զէն­քե­րու երեք մե­ծագոյն նե­րածող­նե­րէն մէկն է, նշե­ցին վե­րոն­շեալ գոր­ծա­կալու­թեան ներկայացուցիչնե­րը։

Հնդկա­կան հրթի­ռային հա­մակար­գի թի­րախ­նե­րու ոչնչաց­ման հե­ռահա­րու­թիւնը 75-էն 80 քի­լոմեթր է։

Աւե­լի կա­նուխ, Հնդկաս­տան սկսած էր Հա­յաս­տա­նին մա­տակա­րարել «Աքաշ» զե­նիթահրթի­ռային հա­մալիր­ներ։ Ըստ հնդկա­կան նոյն լրա­տուա­միջո­ցին՝ ընդհա­նուր առ­մամբ, Հա­յաս­տան պա­տուի­րած է 15 հնդկա­կան հա­կաօդա­յին պաշտպա­նու­թեան հա­մակար­գեր՝ շուրջ 720 մի­լիոն տո­լար ընդհա­նուր ար­ժո­ղու­թեամբ։

Հա­յաս­տա­նի պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րու­թիւնը չի մեկ­նա­բաներ ռազ­մա­կան գնումնե­րը՝ խնդրե­լով հիմք ըն­դունել նա­խարա­րու­թեան՝ մի­ջազ­գա­յին հա­մագոր­ծակցու­թեան վե­րաբե­րեալ պաշ­տօ­նական հա­ղոր­դագրու­թիւննե­րը եւ իրա­ւասու պաշ­տօ­նատար­նե­րու յայ­տա­րարու­թիւննե­րը։

Այս գծով 24 Նո­յեմ­բե­րին պաշտպա­նու­թեան նա­խարա­րու­թիւնը նոյ­նիսկ հա­ղոր­դագրու­թիւն մը տա­րածեց՝ պնդե­լով, թէ օտար լրա­տուա­միջոց­ներ կը շա­րու­նա­կեն Հա­յաս­տա­նի սպա­ռազի­նու­թեան ձեռքբեր­ման, ինչպէս նաեւ անոր շուրջ բա­նակ­ցութիւննե­րու ման­րա­մաս­նութիւննե­րու վե­րաբե­րեալ իրա­կանու­թեան չհա­մապա­տաս­խա­նող հրա­պարա­կումներ տա­րածել։

«Ազա­տու­թիւն»ը կը տե­ղեկաց­նէ, որ ըստ Ժո­ղովրդա­վարու­թեան եւ անվտան­գութեան տա­րածաշրջա­նային կեդ­րո­նի ռազ­մա­կան փոր­ձա­գէտ Էդո­ւարդ Առա­քելեանի՝ հնդկա­կան «Փի­նաքա»ն լաւ ձեռքբե­րում է եւ անի­կա պի­տի հա­մալ­րէ ռու­սա­կան «Կրատ» հա­մազար­կա­յին հա­մակար­գը։ «Այն մի­ջան­կեալ մի բան է «Կրատ»ի եւ «Սմերչ»ի մի­ջեւ, 214 տրա­մաչա­փով, շատ լաւ հե­ռահա­րու­թեամբ, 100 քի­լոկ­րա­մանոց շատ լաւ մար­տագլխի­կով։ Ես կար­ծում եմ, որ սա լաւ ձեռքբե­րում է։ Հա­յաս­տա­նը նման զի­նատե­սակ եր­բեք չի ու­նե­ցել։ «Պի­նակա»ն ինչ-որ առու­մով յի­շեց­նում է ռու­սա­կան «Ու­ռա­գան»ը՝ 220 մի­լիմետր տրա­մաչա­փով»։

Indian Defence Research Wing թեր­թը նաեւ կը տե­ղեկաց­նէ, որ Հա­յաս­տան կը բա­նակ­ցի Հնդկաս­տա­նի հետ 78 միաւոր ATAGS հրե­տանա­յին հա­մակար­գե­րու գնման շուրջ։

Էդո­ւարդ Առա­քելեան՝ անդրա­դառ­նա­լով ATAGS հա­մակար­գե­րուն՝ նշեց, որ Հա­յաս­տան 150 տրա­մաչա­փի թնդա­նօթ­ներ եր­բեք չէ ու­նե­ցած, այդ ալ՝ հա­մակարգչա­յին փոխշփու­մով։

«Այդ հա­մակար­գե­րը ինքնու­րոյն տե­ղաշարժւում են, կա­րող են փո­խել տե­ղան­քը առանց քար­շա­կի օգ­նութեան, շատ դրա­կան կող­մեր ու­նեն։ Բայց թէ որ­քա­նով են այդ թնդա­նօթ­նե­րը որա­կեալ, բարդ է ասել, քա­նի որ մենք դրանք գոր­ծա­ծու­թեան մէջ չենք տե­սել։ ATAGS»ները միան­գա­մայն նոր թնդա­նօթ­ներ են, եւ Հա­յաս­տանն ընդհան­րա­պէս այդ զի­նատե­սակի առա­ջին պա­տուի­րատուն է։ Ան­գամ Հնդկաս­տա­նը դեռ չի պա­տուի­րել իր բա­նակի հա­մար», ըսաւ Առա­քելեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ