Խայտառակութեան համառօտ պատմութիւնը

26 Յունիս 2019, Իրականութեան մէջ նիւթը կը կարօտի բովանդակալից անփոփումի մը։ Պիտի բաւարարուիմ բոլորիս աչքերուն առջեւ բեմադրուած խաղի քանի մը կէտերու շեշտադրումով։

ՆԱԶԱՐ ՊԻՒՅԻՒՄ

24 Փետ­րո­ւար 2017 Էջ­միած­նի Պայ­մա­նագի­րը

Աթէ­շեան, Պէք­ճեան եւ Մա­շալեան սրբա­զան­նե­րը Գա­րեգին Բ. Կա­թողի­կոսի նա­խագա­հու­թեամբ ստո­րագ­րե­ցին Էջ­միած­նի հա­մաձայ­նա­գիրը։

Այս պայ­մա­նագ­րի հա­մաձայն մին­չեւ 15 Մարտ Պատ­րիար­քա­կան տե­ղապա­հի ընտրու­թիւն պի­տի կա­տարո­ւէր եւ վերջ պի­տի դրո­ւէր պատ­րիար­քի փո­խանոր­դի իրա­ւահա­ւասա­րու­թիւնն։ Պի­տի կազ­մո­ւէր նա­խաձեռ­նարկ մար­մին մը,որ պի­տի կար­գա­ւորէր յա­ջոր­դող վեց ամիս­նե­րու մէջ կա­յանա­լիք պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թիւնը։

15 Մարտ 2017, Պէք­ճեան
տե­ղապահ ընտրո­ւեցաւ

Թուրքիոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րանի Կրօ­նական Ժո­ղովը 34 հո­գեւո­րական­նե­րու մաս­նակցու­թեամբ ընտրու­թիւն կա­տարեց եւ Աթէ­շեանի ի նպաստ 11 ձայ­նե­րու փո­խարէն 23 ձայ­նե­րով Գա­րեգին Արք. Պէք­ճեանը տե­ղապահ ընտրեց։

3 Ապ­րիլ 2017, Դժկա­մու­թիւն տե­ղապա­հի դէմ

Տե­ղապահ ընտրո­ւած Արք. Պէք­ճեանի աթո­ռանիստ Մայր Եկե­ղեցի մուտքը ար­գի­լել ու­զե­ցին։ Կա­պուած դու­ռը բա­նալէ ետք կա­տարո­ւած ուխտի աղօթ­քին մաս­նակցող միակ հո­գեւո­րակա­նը Սա­հակ Արք. Մա­շալեանն էր։ Պա­հան­ջե­լով հան­դերձ մեր­ժե­ցին Պատ­րիար­քա­րանի հա­մալի­րին մէջ տե­ղապա­հին սե­նեակ տրա­մադ­րել։

3 Ապ­րիլ 2017, Հրա­ժարե­լու կոչ

Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի Հո­գաբար­ձութեան ատե­նապետ Պետ­րոս Շի­րինօղ­լու մամ­լոյ հա­ղոր­դագրու­թիւնով մը հրա­ժարե­լու կոչ ուղղեց Պէք­ճեան սրբա­զանին։

6 Մա­յիս 2017, Մա­շալեան կը բո­ղոքէ

Սա­հակ Արք. Մա­շալեան «Միլ­լի­յեթ» թեր­թի տո­ւած հար­ցազրոյ­ցի ըն­թացքին կ՚ըսէ թէ Պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թիւնը ոչ թէ ան­ճա­րակու­թիւննե­րու, այլ Աթէ­շեան սրբա­զանի դի­տումնա­ւոր ձգձգումնե­րու հե­տեւան­քով կ՚ու­շա­նայ։ «Եթէ ընտրու­թիւն կա­յանայ Աթէ­շեանը բախտ չու­նե­նար։ Եկե­ղեցին ան­հանգիստ է այս կա­ցու­թե­նէն եւ ան­դա­մալոյծ եղած է» կ՚ըսէ Մա­շալեան։

25 Մա­յիս 2017, Հրա­ւէր
տե­ղապա­հին

Արամ Արք. Աթէ­շեան կը դի­մէ Գա­րեգին Պէք­ճեանին հե­տեւեալ տո­ղերով. «Այ­լեւս Պատ­րիար­քա­րանի վար­չութիւ­նը ձե­զի յանձնե­լու հա­մար անհրա­ժեշտ պայ­մաննե­րը գո­յացած են»։

28 Յու­նիս 2017, Արամ Արք. Պաշ­տօ­նանք

Պատ­րիար­քա­րանի կրօ­նական Ժո­ղովը կը հաս­տա­տէ թէ Արամ Արք. Աթէ­շեանի Պատ­րիար­քա­կան Ընդհա­նուր Փո­խանոր­դի կո­չու­մը եւ այդ կո­չու­մով իրեն ըն­ծա­յուած իրա­ւասու­թիւննե­րը եւ պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւննե­րը վերջ գտած են։

4 Յու­լիս 2017, Հիմ­նադրում
Նա­խաձեռ­նարկ Մարմնի

Հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու եւ Կրօ­նական Ժո­ղովի ան­դամնե­րու մաս­նակցու­թեամբ Ընտրու­թեան Նա­խաձեռ­նարկ Մարմնի կազ­մը ճշտո­ւեցաւ։

9 Օգոս­տոս, Ընտրու­թեան
թո­ւակա­նը ճշտո­ւած

Տե­ղապա­հի, Կրօ­նական Ժո­ղովի եւ Նա­խաձեռ­նարկ մար­մի­նի Ատե­նապե­տի ստո­րագ­րութեամբ Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան փո­խան­ցե­լու պա­հան­ջով դի­մումնա­գիր մը յանձնո­ւեցաւ Իս­թանպու­լի Կու­սա­կալու­թեան 13 Դեկ­տեմբե­րին Պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թիւն կա­տարե­լու հա­մար։

Ապա ի՞նչ եղաւ եւ ինչպէ՞ս եղաւ որ դրժե­ցին իրենց ընտրու­թիւնը եւ այդ բա­րի հո­գեւո­րակա­նը մե­կու­սա­ցու­ցին։ Չկրցաւ հա­ւատալ ու ելաւ գնաց։

Հի­մա ի՞նչ կ՚ըլ­լայ

Մեր եկե­ղեցա­կան հո­գեւո­րական ըլ­լա­լով ըն­դունած մար­դիկ իրենց բուն ինքնու­թեան վե­րադար­ձան։ Այսպէ­սով 15 Մարտ 2017-ին, ձայ­նե­րու մե­ծամաս­նութեամբ տե­ղապահ ընտրած Պէք­ճեանին ընտրու­թեան մաս­նակցի­լը ան­գամ ար­գի­լեցին (Մինչ այդ Պէք­ճեան սրբա­զան չէր հրա­ժարած տե­ղապա­հի պաշ­տօ­նէն։ Ան էր տե­ղապա­հը։ Բայց այս մէ­կը ոչ մէ­կը նկա­տի ու­նե­ցաւ)։

Պէք­ճեան Սրբա­զանի թեկ­նա­ծու­թեան ան­գամ ար­գելք հան­դի­սացող խոր­հուրդը եւ Կրօ­նական Ժո­ղովը 28 Յու­նիս 2017-ին պաշ­տօ­նանկ ըրած Արամ Աթէ­շեանի հետ յան­կարծ կրկին մտեր­մա­ցաւ։ Կար­ծես թէ հո­գեւոր վե­հագոյն աթո­ռի մը ընտրու­թեան նա­խապատ­րաստու­թիւնը չէ, այլ բո­լոր տգեղ խա­ղերու բե­մադ­րո­ւած քա­ղաքա­կանու­թեան սե­ղան մը։

Սիրտխառ­նուկ մի­ջավայր

Այսպէ­սով դաշ­տը մնաց եր­կուքին։ Աթէ­շեան եւ Մա­շալեան ։ Այս ըն­թացքով մէ­կը տե­ղապահ կ՚ըլ­լայ, միւ­սը պատ­րիարք։

Ընդհա­նուր հա­մոզում կը տի­րէր թէ փոք­րա­թիւ հայ հա­մայնքը սկսե­լով թա­ղեցի­ներու նա­խասի­րու­թե­նէն, հա­սարա­կու­թեան մաս­նակցու­թիւնով ժո­ղովրդա­վարու­թեան գոր­ծադրու­մին օրի­նակն է։ Այդ հա­մոզու­մը փուլ եկաւ հայ հա­մայնքի մէջ, հո­գեւոր կամ աշ­խարհա­կան քա­նի մը խա­բեբայ չա­րամի­տի ձեռ­քե­րուն։ Հա­սարա­կու­թիւնը վե­րածո­ւեցաւ կրկէ­սի հան­դի­սատե­սին։

Ո՜վ մե­ծապա­տիւ­ներ

Այդ գա­հը Գա­րեգին Խա­չատու­րեան­նե­րու, Շնորհք Գա­լուստեան­նե­րու, Մես­րոպ Մու­թա­ֆեան­նե­րու աթոռն է։ Յայտնի է որ դուք ձեր ան­ձին հան­դէպ յար­գանք չու­նիք, գո­նէ այդ աթո­ռին յար­գանք ցու­ցա­բերէք։ Յայտնի է որ Աս­տուծմէն չէք վախ­նար, գո­նէ մար­դոցմէ ամա­չէք։ Վա­ղը եկե­ղեց­ւոյ խո­րանէն այս ժո­ղովուրդին կրօն­քի,բա­րոյա­գիտու­թեան, ուղղամ­տութեան, հո­գեկան մաք­րութեան վե­րաբե­րեալ քա­րոզ­ներ պի­տի ար­տա­սանէք։ Ի՞նչ երե­սով։ Գո­նէ այս յի­շեցէք եւ մե­ղան­չե­ցէք։

Հրա­ժարե­ցէք 27 Յու­լի­սի ընտրու­թե­նէն։ Ան­գամ մը եւս մտա­ծեցէք։ Նախ­քան որ շատ ուշ եղած չըլլայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ