97-րդ «Օսքար» մրցանակաբաշխութեան ժամանակ հայ դերասաններ Կարէն Կարագուլեանի ու Վաչէ Թովմասեանի մասնակցութեամբ «Անորա» ֆիլմը 5 «Օսքար»-ի արժանացած է։
«Լաւագոյն դերասանուհի» ճանչցուած է Մայքի Մետիսընը՝ «Անորա» ֆիլմի դերակատարութիւնով։
«Լաւագոյն բեմադրիչ» անուանակարգին յաղթող ճանչցուած է Շոն Պեյքըրն՝ իր «Անորա» ֆիլմով։
Ֆիլմը յաղթած է «Լաւագոյն ֆիլմ», «Լաւագոյն մոնթաժ» եւ «Լաւագոյն ինքնատիպ սցենար» անուանակարգերու մէջ։
«Լաւագոյն դերասան» ճանչցուած է Էտրիան Պրոտին՝ «Պրութալիսթը» ֆիլմի համար։
Յիշեցնենք` դերասաններ Կարէն Կարագուլեանի եւ Վաչէ Թովմասեանի մասնակցութեամբ «Անորա» ֆիլմը 2024 թուականի Մայիսին դարձած էր Քաննի «Ոսկէ Արմաւէնի ճիւղի» դափնեկիր։