Թուրքիոյ խորհրդարանին առաջարկուեցաւ Հայաստանի հետ սահմանային անցք մը Թալէաթի անունով կոչել՝
Թուրքիոյ ազգայնական «Իյի» կուսակցութեան նախագահ եւ երեսփոխան Մուսաւաթ Տերվիշօղլու երկրի խորհրդարանին ներկայացուց օրէնքի նախագիծ մը՝ առաջարկելով Հայաստանի հետ սահմանին Ալիճան անցակէտը կոչել Թալէաթ փաշայի անունով։ Նախագիծը ցարդ ստորագրած են 28 երեսփոխաններ։ Ներկայացուած նախագծի մէջ կ՚ըսուի հետեւեալը. «Այս անուանափոխութիւնը միայն ցուցանակի փոփոխութիւն չէ, այլ անիկա թուրք ժողովուրդի կամքին դրսեւորումն է՝ տէր կանգնելու իր պատմութեան, հերոսներուն եւ յիշողութեան, որովհետեւ ազգային հերոսները մոռցող ժողովուրդները ժամանակի ընթացքին մոռացութեան կը մատնուին։ Ալիճան սահմանային անցակէտին՝ Թալէաթ փաշայի անունով անուանափոխումը կը նշանակէ, թէ թշնամիին դիմաց ամուր կանգնած ժողովուրդը իր սահմաններուն վրայ կը դրոշմէ իր պատմական ինքնութիւնը»։ Օրէնքի նախագիծին մէջ կ՚ընդգծուի, թէ այդ քայլը մեծ նշանակութիւն ունի թէ՚ թուրք ժողովուրդի երիտասարդ սերունդներուն պատմական գիտակցութիւն ներարկելու եւ թէ պետութեան պատմական շարունակականութիւնը եւ «պատուաբեր անցեալը» յիշեցնելու տեսանկիւնէն։ «Զօրեան» հիմնարկը դատապարտեց այս քայլը՝ յիշեցնելով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրած Թալէաթի հրահանգով սպաննուեցան 1.5 միլիոն հայեր, քանդուեցան առաւել 2000 եկեղեցիներ, ամբողջ համայնքներ անհետացան եւ միլիոնաւոր հայեր բռնի տեղահանուեցան։ «Հաշտութեան եւ համագործակցութեան հնարաւորութեան խորհրդանիշ հանդիսացող սահմանի անուանումը՝ Ցեղասպանութեան հետ նոյնացուող անձին անունով խոր անզգայութիւն է՝ մարդու արժանապատուութեան, պատմական ճշմարտութեան եւ բարոյական պատասխանատուութեան նկատմամբ։ Այսպիսի քայլ մը կը վտանգէ արդարութիւնը՝ օրինականացնելով անցեալի յանցագործութիւնները եւ խորացնելով տակաւին բաց վէրքերը։ Ասոր փոխարէն կը յորդօրէնք թուրք առաջնորդները եւ հանրութիւնը՝ ընտրել յոյսի, ճշմարտութեան եւ ընդհանուր մարդասիրութեան վրայ հիմնուած այլընտրանք մը։ Ինչու սահմանը չանուանակոչել խիղճի ձայն հանդիսացող մէկու մը անունով՝ օրինակ Հրանտ Տինքի՝ հայազգի թուրք քաղաքացիին, որ իր կեանքը նուիրեց ազգերու միջեւ փոխըմբռնումին եւ խաղաղութեան։ Ան կը մարմնաւորէր հայերու, թուրքերու, քիւրտերու, քրիստոնեաներու, մահմետականներու եւ Անատոլիոյ բոլոր ժողովուրդներուն միասնականութեան գաղափարը։ Ժամանակն է, որ Թուրքիա ընդունի իր պատասխանատուութիւնը հայերու, յոյներու, ասորիներու եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան հարցին մէջ, որուն պատճառով առաւել քան 4.5 միլիոն անձեր սպաննուեցան կամ արտաքսուեցան։ Ճշմարիտ ազգային ուժը կու գայ ոչ թէ մերժումէն, այլ պատմութեան հանդէպ ազնիւ վերաբերումէն։ Յոյս ունինք, որ այս առաջարկը կը վերանայուի՝ փոխադարձ յարգանքի, արժանապատուութեան եւ համամարդկային արժէքներու հիման վրայ», կ՚ըսուի «Զօրեան» հիմնարկի հաղորդագրութեան մէջ։