«Հայաստան Միջանցքի հարցին աւելի ճկուն է»

«Հա­կառակ այն իրո­ղու­թեան, որ Հա­յաս­տան միշտ դէմ եղած է Զան­գե­զու­րի մի­ջանցքին, անի­կա աւե­լի ճկուն մօ­տեցում կը ցու­ցա­բերէ տնտե­սական հա­մարկման մաս­նակցե­լու հար­ցին գծով» յայ­տա­րարեց Թուրքիոյ նա­խագահ Ռե­ճեփ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան։

Ըստ «Անա­տոլու» պե­տական լրա­տուա­կան գոր­ծա­կալու­թեան։ Էր­տո­ղան պնդեց նաեւ, որ «Զան­գե­զու­րի մի­ջանցքը» նոր կա­րելիու­թիւններ պի­տի տայ ոչ միայն Ատրպէյ­ճա­նին, այլ նաեւ ամ­բողջ տա­րածաշրջա­նին։

«Մենք այս գի­ծը կը դի­տար­կենք իբ­րեւ աշ­խարհատնտե­սական յե­ղափո­խու­թեան մէկ մա­սը», յայտնեց Էր­տո­ղան՝ յու­սա­լով, որ Հա­յաս­տան-Ատրպէյ­ճան խա­ղաղու­թեան պայ­մա­նագի­րի ստո­րագ­րութեան շնոր­հիւ «նոր եւ պատ­մա­կան կա­րելիու­թիւննե­րու պա­տու­հաննե­րու բա­ցու­մին ակա­նատես պի­տի դառնան»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ