Խաղողօրհնէքի Նախօրեակին
Աշուղը եկաւ այսօր
Խաղող ուտելու ակնկալութեան մէջ եմ։ Քանի մը օր մնաց Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին եւ վերջապէս տեղի պիտի ունենայ հասունցած խաղողի օրհնութեան ծէսը։ Օրհնուած խաղողներէն պիտի պատրաստուի գինի, որ ըստ 1500 թուականներուն ապրած տաղասաց Սարկաւագ Բերդակցիի, ուրախութեան երկնային նուէր է։ Ուստի, այսօր, յարգելի ընթերցող, որոշեցի մեր սիրելի Բերդակցի աշուղը մտովի հրաւիրել, նստիլ անոր հետ, զրուցել անոր հետ խաղողի եւ ուրախութեան մասին, արտասանել նաեւ քանի մը տողիկ՝ բաժակ մը գինի վայելելով անշուշտ։ Ուստի, կ’առաջարկեմ, որ Բերդակցին մեզ, տաղերու եւ գինիի երկրպագուներս, առնէ եւ տանի հեռաւոր այգիներ եւ մենք ըմպենք Միջնադարեան Հայաստանի գրական եւ հողեղէն պտուղները։
Բերդակցի եմ, ծննդավայրս՝
անյայտ
Կը կարծենք, թէ Սարկաւագ Բերդակցի տաղասացը Բերդակ գիւղէն է։ Սակայն, դեռ անյայտ է անոր ծննդավայրը։ Պատճառը այն է, որ Հայկական լեռնաշխարհը 10 հատ Բերդակ ունի։ Կը փափաքիմ նախ այդ գիւղերուն եւ տեղանքին ծանօթանալ, ապա, դուք որոշեցէք, թէ ո՚ր Բերդակի զաւակ է ան։ Այժմ նախ այցելենք երկու Բերդակ։ Կարօտով եւ երկիւղածութեամբ քալենք տուներու, այգիներու եւ դաշտերու մէջ՝ փնտռելով մեր տաղասացը։ Արդեօ՞ք զինք կը գտնենք իր սիրածի հետ յասամանի ծառի մը տակ նստած, կամ՝ մատուռի մը մէջ աղօթքի կեցած՝ փառք տալով խաղող կոչուած երկնային պարգեւին։
Ձորամիջի այգիները
Խոշաբ գետի աջ ափին, ձորի մէջ է Բերդակ գիւղը։ Վանայ յայտնի բնակավայրերէն մէկն է ան։ Ունի Սուրբ Յովհաննէս գեղակերտ եկեղեցին։ Բնակիչները այդ եկեղեցւոյ մէջ պատուախնդրութեամբ կը պահպանեն 1400 թուականին գրի առնուած Յայսմաւուրք մը։ Իսկ մօտակայ Սուրբ Աստուածածին վանքը գրչութեան կեդրոն է։ Այժմ ելլենք գիւղէն դուրս։ Շուրջը ոսկեփայլ այգիներ կան։ Զարմանալի չէ, թէ Վասպուրականի Բերդակը յայտնի է իր խաղողով եւ անոյշ գինիով։ Արդեօ՞ք Սարկաւագ Բերդակցին զմայլեցաւ այդ այգիներու սիրուն տեսքին, անոր երկնատուր պտուղին եւ այդ պտուղի քաղցր հիւթին։ Գեղեցիկ է մտածել, թէ մեր տաղասացը այդ գիւղի զաւակն է եւ անոր բնութեան հրապոյրով ալ դարձեր է աշուղ։
Նոյ նահապետի գինին
Վան քաղաքէն ո՚չ շատ հեռու, Նախիջեւանի մէջ է երկրորդ Բերդակը։ Ընթարձակ եւ բարեկեցիկ գիւղ է ան։ Նոյ նահապետի օրերէն մնացած են անոր այգիները։ Գողթն երգիչներու ծննդավայրն է այս աշխարհը։ Բերդակս ունի փոքր, միանավ, թաղածածկ Ս. Յովհաննէս եկեղեցին։ Գիւղի կեդրոնը պարսպապատ բլրակ մըն է։ Իսկ այդ բլրակը ամբողջութեամբ շրջապատուած է գեղեցկատես այգիներով։ Եթէ Նախիջեւանի Շոռոթ գիւղը ծնունդ տուաւ սիրոյ, խաղողի, գինիի եւ ուրախութեան մեծ աշուղ Նաղաշ Յովնաթանին, կարելի է երեւակայել, թէ Սարկաւագ Բերդակցին ալ այդ հողի զաւակն է, եւ հոն գովերգած է աստուածային պարգեւը, լսելով Արաքսի ձայնը։
Այլ Բերդակներ
Յարգելի ընթերցող, եթէ համոզուած չէք, թէ մեր տաղասացի ծննդավայրը Վանայ կամ Նախիջեւանի Բերդակ գիւղն է, ես ձեզի քանի մը տողով ներկայացնեմ մեր բնաշխարհի այլ Բերդակները։ Բերդակ 3. Մշոյ գաւառի նշանաւոր բերդ։ Բերդակ 4. Վան նահանգի Արճեշ գաւառակի մէջ քառասուն տուն գիւղ։ Բերդակ 5. Խարբերդ նահանգի Չարսանճակ գաւառակի Բոլոմորի շրջանի մէջ աւան։ Բերդակ 6. Կարնոյ Բասեն գաւառակի մէջ, Էրզրում քաղաքէ 19 քմ հիւսիս-արեւելք, Մուրց գետի վերին հոսանքի մօտ 60 բնակիչ գիւղ։ Բերդակ 7. Բաղէշի Խիզան գաւառակի մէջ, Վանայ լիճի հարաւ-արեւմուտք՝ Խիզան գետի ձախափնեայ հովիտի վրայ 10 տուն գիւղ։ Բերդակ 8. Լոռիի մէջ Սեւորդեաց լեռներու լեռնագագաթ։ Բերդակ 9. Շիրակի մէջ Արագածի լեռնահամակարգի լեռնագագաթ։ Բերդակ 10. Տաւուշի մէջ բլուր։ Բերդակ 11. Փոքր Կովկաս լեռնահամակարգի մէջ Ոսկեպարի լեռնաշխարհի լեռնագագաթ։
Միամօրիկ երգի մը գիւտը
Միջնադարեան աշուղ Սարկաւագ Բերդակցին յայտնի է «Գովասանութիւն խաղողոյ, բաժակի, այլեւ վասն ուրախութեան» բանաստեղծութեամբ։ Կենսուրախ է այդ երկը։ Զայն անձա՞մբ կը փափաքիք տեսնել։ Կարելի է։ Մատենադարանի թիւ 3081 ձեռագիրի մէջ պահուած է ան։ Այս առիթով շնորհակալութիւն մըն ալ յայտնենք բանասէր Կարապետ Կոստանեանցին։ Ան է, որ աշուղի գեղեցիկ երկը յայտնաբերեց 1617 թուականին գրի առնուած տաղարանի մը մէջ։ Յիշեցնեմ, թէ «Գովասանութիւն խաղողոյ, բաժակի, այլեւ վասն ուրախութեան» տաղը արդէն 1892 թուականին հրատարակուած էր, իսկ 1906 թուականին ալ ֆրանսերէնի թարգմանուած։
Բաժակ մը բանաստեղծութիւն
«Գովասանութիւն խաղողոյ, բաժակի, այլեւ վասն ուրախութեան» երգը խաղողի եւ գինիի փառաբանութիւնն է. Ահա պուտ մը այդ ոտանաւորէն.
«Խաղող զքեզ գովել պիտի,
Բոլոր պտղովդ ես հաւասար»
Նոր կեանքի համը
Բանաստեղծութեան պատմական արժէքը հասկնալու համար յիշէնք, թէ 16րդ դարուն արդէն անցած են մոնղոլական քանդիչ արշաւանքները։ Երկիրի մէջ կայունութիւն կայ։ Գեղեցկուհիներ գարնան ծաղիկներու պէս յայտնուած են դաշտերու եւ այգիներու մէջ։ Ժողովուրդը կ’ուզէ երկրային կեանքը լիովին վայելել։ Եւ, այդ օրերուն է, որ աշուղները յայտնուեցան՝ ժողովուրդի լեզուով սկսան աշխարհիկ կեանքի նուիրուած կենսուրախ երգեր հիւսել։ Ահա այդ աշուղներէն մէկն է Սարկաւագ Բերդակցին։
Խաղողի քաղցրահամ
գովասանքը
«Սարկաւագ» հեղինակը կղերական է։ Տաղի մէջ խաղողը եւ գինին ներկայացուած են որպէս աստուածային պարգեւներ։ Բերդակցին իր դատողութիւնները կ’ամրապնդէ կրօնական փաստերով։
«Դու ի դրախտէն մեզ արմաղան (նուէր)
Ի յԱրարչէն պարգեւեցար»
Տաղասացի համար գինին թէ՚ սուրբ խորհրդանիշ մըն է եւ թէ՝ հաճոյաբեր խմիչք։ Որպէս կրօնական նշան եւ որպէս ոգելից ըմպելի, ան կը թեւաւորէ մարդու հոգին եւ միտքը։ Խաղողի ամէն մէկ հատիկը Բերդակցիի աչքին կ’երեւայ որպէս թանկագին քար.
«Քու մէկ պտուղդ աժէ (կ՚արժէ) ճուհար,
Տպագիոն, ակն ու գոհար»
Ողկոյզի շողշողուն հատիկները ոսկի թելի վրայ են շարուած, ինչպէս մարգրիտ մանեակ մը.
«Թելդ քաշած է յոսղւոյն մէջէն,
Դու մարգարիտ ոսկին շարած»
Հայկական խաղողը ունի նուրբ անուններ, ինչպէս՝ Արաքսենի, Սաթենի, Նազելի, Ոսկեհատ, Արենի։ Բերդակցին հիացած է անոնց գունաւոր եւ բուրումնաւէտ «ազգերուն» (տեսակ).
«Ազգ մի թուխ, ազգ մի սպիտակ,
Ազգ մի կարմիր, որ լուս կու տար,
Ազգ մի դեղին՝ խունկի նման,
Անուշահոտ, մուշկ ու ամպար»
Բերդակցին համոզուած է, թէ խաղողը եւ գինին ժողովրդավար են։ Ամէն դասակարգի համար անհրաժեշտ են անոնք. Թագաւորաց զօրութիւն, Աղքատաց պատսպար, Կոյրի լոյս, Մունջի լեզու, Քաւութիւն մեղաւորաց, Բժշկութիւն հիւանդաց, Սփոփանք սգաւորաց…։ Ահա տաղասացի հարազատ խօսքերու ողկոյզ մը. «Թագաւորաց սիրտն բանաս», «Յորժամ խմէ աղքատն քենէ…, Նա եւ լինի տէր աշխարհիս», «Յորժամ խմէ կոյրն քենէ…, Հանց քաղաքաց տար մեկնութիւն», «Յորժամ խմէ մունջն ի քենէ…, Զերթ (պէս) զթութակ առնու լեզու»։ Խաղողը եւ անոր հիւթը սրբութիւններ են նաեւ.
«Այն տեղն որ դուն չի գտնուիս,
Ո՚չ ժամ լինի, ո՚չ պատարագ»։
Սարկաւագ Բերդակցիի համար «բաժակ» բառը ունի երկու իմաստ. թէ խմիչքը պարունակող ընդունարան է ան, եւ թէ՝ խորանի սկիհ։ Այդ երկու բաժակներու շնորհիւ մարդու հոգին, միտքը եւ մարմինը կը վայելեն Աստուծոյ շնորհները։
Ո՜վ աշուղ, ի՞նչ շահեցանք
Խաղողը ազնիւ պտուղ է։ Անոր նուրբ նկարագրութեամբ Սարկաւագը կը գովերգէ կեանքը։ Ապա, ինքն իրեն կը հարցնէ. «Ո՜վ սարկաւագ Բերդակացի, դու ի գինւոյն ի՞նչ շահեցար»։ Բերդակցին կը սիրէ կեանքը եւ գինին, սակայն հոգեւորականի ժուժկալութեամբ կ’աւարտէ իր խօսքը. Սարկաւագը ո՚չ թէ բաժակին է գերի, այլ սկիհին է ծառայ։
Գէմ (գէթ) ես չունիմ գինւոյ կարիք,
Ես բաժակին (սկիհ) եմ խզմէթքար (ծառայ),
Ես զբաժակն գովեցի,
Որ մեր հոգւոյն է լուսարար։
Յարգելի ընթերցող իր աւարտին հասաւ մեր զրոյցը։ Այսօր ալ երգով մը հրաժեշտ տանք իրարու։ Կ’առաջարկեմ, որ ունկնդրենք Գողթան երգիչներու սերունդէն, Նախիջեւանի Շոռոթ գիւղի զաւակ աշուղ Նաղաշ Յովնաթանի՝ խաղողի, գինիի եւ ուրախ սեղանի նուիրուած «Թասերն չինիէ» երգը եւ սպասենք խաղող ուտելու երանելի Կիրակիին.
Նստեմք ի մէջլիս, հարք եւ եղբարք եւ մեծ պարոնայք,
Գոհանամք զՏեառնէ, որ ունիմք սեղան, դուք միշտ շէն կենայք։
Խնդրեմք, որ այսօր, քան զամենայն օր, շատ ուրախանայք։
Թասերն չինի, կարմիր գինի,
Ձեզ անոյշ լինի, ձեզ անոյշ լինի։