Խօսք շնորհակալութեան

Սնունդի ճարտարագիտութեան մասնագէտ Պիւլենթ Շըք ծանօթ է սնունդներու եւ ընդհանրապէս հողի եւ ջուրի բաղադրութիւնը թունաւորող քիմիական նիւթերու դէմ տարած պայքարով։ Մրցանակատւչութեան առթիւ խօսած ճառէն ամփոփումը կը ներկայացնենք «Ակօս»ի ընթերցողներուն։

Հրանդ Տին­քի խօս­քին, կեան­քին եւ ժա­ռան­գութեան հա­ւատա­րիմ բա­րեկամ­ներ։ Այս երե­կոյ հոս ներ­կայ գտնո­ւիլը եւ Հրանդ Տին­քի անու­նը կրող այս մրցա­նակը ըն­դունի­լը մեծ պա­տիւ է։ Հրանդ Տին­քի կեան­քը մե­զի ցոյց տո­ւաւ ճշմար­տութիւ­նը ըսե­լու եւ ար­դա­րու­թիւն պա­հան­ջե­լու ծանր գի­նը։ Այդ ամե­նով հան­դերձ՝ յու­սա­լից ապա­գայի հա­մար պայ­քա­րելու պա­տիւը նաեւ։

Մեր կո­րուստնե­րու սու­գը բռնե­լով, չապ­րո­ւած բո­լոր պա­հերու ալ սու­գը կը պա­հենք։ Այս կա­րօտին մէջ բա­զում դէպ­քե­րուն ծանր յան­ցանքն ալ կը կի­սենք։ Սի­րած մէկդ կեան­քէն կտրո­ւած ժա­մանակ, կը տա­րուինք մտա­ծելու մեր բաց­թո­ղումնե­րուն մա­սին։ Ան­վերջա­նալի են «Երա­նի թէ այսպէս չըլ­լար», «Եթէ ու­րիշ ձե­ւով վա­րուէինք ինչպէ՞ս կ՚ըլ­լար» հար­ցումնե­րը, որ կը դառ­նան մտքիդ մէջ։

Հրանդ Տին­քի ժա­ռան­գութիւ­նը, միայն մէկ մար­դու չի պատ­կա­նիր։ Ան հա­մակե­ցու­թեան, եղ­բայրու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան ժա­ռան­գութիւնն է։

Այս մրցա­նակը ին­ծի մեծ պա­տիւ շնոր­հե­լու կող­քին, կը բեռցնէ նաեւ այդ ժա­ռան­գութիւ­նը ապ­րեցնե­լու պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնը։ Իմ ստա­ցած այս մրցա­նակը կը նո­ւիրեմ ին­ծի ուժ տո­ւող ըն­տա­նիքիս եւ այս աշ­խարհի ամե­նակա­րեւոր գան­ձե­րը հան­դի­սացող երա­խանե­րուն։

Շնոր­հակալութիւն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ