Հայաստանի կառավարութեան որոշումով 1 Նոյեմբեր 2025-էն Հայաստանի Հանրապետութեան մուտքի կամ ելքի սահմանահատման կնիքին վրայ այլեւս պիտի չըլլայ Արարատ լերան պատկերը, պիտի չըլլան նաեւ այլ տեղեկութիւններ, բացառութեամբ սահմանահատման վերաբերեալ։
Գործադիրը այս որոշումը ընդունած է 11 Սեպտեմբերին. Այն ներառուած էր չզեկուցուող հարցերու շարքին։ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արսէն Թորոսեան ընկերային ցանցերու վրայ ներկայացուցած է որոշումին հիմնաւորումները՝ կնիքները համապատասխանեցուած են սահմանահատումներուն ներկայացուող ժամանակակից պահանջներուն, ինչպէս նաեւ «Իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսութեանը։
Ան դիմատետրի իր էջին վրայ տեղադրած է որոշումին սահմանուած կնիքներու նոր ձեւերը, ինչպէս նաեւ իր անձնագիրին մէջ առկայ տարբեր երկիրներու կնիքները՝ նշելով, որ աշխարհի շատ երկիրներու մէջ եւս կնիքներու վրայ միայն սահմանահատման վերաբերեալ տեղեկատուութիւնն է։

