Լեզուափոխութիւնը ուղեղի ճկունութի՞ւն, թէ՞ մտահոգութիւն

ԱՐՏԱ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

(Դոկտոր Ընկերալեզուաբանութեան)

Լեզո­ւական փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու մշտնջե­նական գո­յու­թիւնը մե­ծամաս­նութիւն կազ­մող տե­ղական ըն­կե­րու­թիւննե­րու մէջ, որ օրէ օր աւե­լի կը շեշ­տո­ւի հա­մաշ­խարհա­յին զան­գո­ւածա­յին տե­ղափո­խու­թիւննե­րու եւ հա­մաշ­խարհայ­նա­ցու­մի տնտե­սական եւ մշա­կու­թա­յին լայ­նա­ծաւալ տա­րածու­մով, զու­գա­հեռ կ՛ըն­թա­նայ այդ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րուն դի­մագ­րա­ւած լե­զուա­կան եւ գա­ղափա­րախօ­սական մար­տահրա­ւէր­նե­րուն հետ։

Լե­զուա­փոխու­թեան նիւ­թը մեծ մտա­հոգու­թիւն է շա­տերու հա­մար, որոնք նաեւ յա­ճախ «սխալ» կամ «կտրուկ» կամ «խառն» հա­յերէն խօ­սող­նե­րը կ՚այ­պա­նեն եւ այսպէս կը հա­կադար­ձեն. «մա­քուր խօ­սիր», «լե­զուդ մի խար­ներ», «ճիշդ հա­յերէն խօ­սիր», «այս բա­ռին հա­յերէ­նը ի՞նչ է», եւ այլ նման ար­տա­յայ­տութիւններ։

Օրի­նակի հա­մար, դուն ինչպէ՞ս կը զգաս, երբ լսես նման «նա­խադա­սու­թիւններ»՝

Հոս, այս է մար­դոց mentality-ին։

Ghavun բե­րի այ­սօր որ միասին ու­տենք։

Սի­րեմ քե­զի, ciğer, ին­չո՞ւ կու­լաս։

Աւե­տիսին telephone-ին թի­ւը քե­զի message-ով կը ղրկեմ։

Microphone-ին մէջ batarya չէ մնա­ցած։

Եկէք, առար­կա­յական, վեր­լուծա­կան եւ ակա­դէմա­կան մօ­տեցում որ­դեգրենք, որ­պէսզի հասկնանք, թէ ին­չո՞ւ իբ­րեւ մտա­հոգու­թիւն կը ներ­կա­յացո­ւի լե­զուա­փոխու­թիւնը։ Ի՞նչու սրբագ­րութեան կը կա­րօտի, եւ թէ ար­դեօք պէտք է՞ սրբագ­րո­ւի։

Երկլե­զուու­թեան ներ­կայ ժա­մանա­կակից մօ­տեցու­մը եւ ընդհան­րա­ցումնե­րը

Կարգ մը ըն­կե­րու­թիւններ երկլե­զու կ՛ըլ­լան իրենց անձնա­կան ընտրու­թեամբ, մինչ ու­րիշներ ալ պա­րագա­ներու բե­րու­մով, ինչպէս՝ քա­ղաքա­կան, տնտե­սական, կրթա­կան եւ ճար­տա­րարո­ւես­տա­կան։ Ըստ վեր­ջին վի­ճակագ­րութիւննե­րուն, աշ­խարհի բնակ­չութեան 60-70 առ հա­րիւ­րը կա­նոնա­ւորա­պէս եր­կու կամ աւե­լի լե­զու­ներ կը գոր­ծա­ծէ իր առօ­րեայ յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն եւ գոր­ծունէու­թիւննե­րուն ըն­թացքին։

Տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թացքին, սա­կայն, «երկլե­զուու­թիւն» (bilingualism կամ multilingualism) հաս­կա­ցու­թիւնը ստա­ցած է զա­նազան սահ­մա­նումներ՝ կա­խուած թէ՚ լե­զուա­բան­նե­րու մօ­տեցումնե­րէն եւ թէ՚ ժա­մանա­կի գի­տական ըն­կա­լումնե­րէն։

1930-ական թո­ւական­նե­րուն, երկլե­զուու­թիւնը կը սահ­մա­նուէր որ­պէս եր­կու լե­զուի հա­ւասա­րաչափ եւ բնիկ մա­կար­դա­կի (native-like) տի­րապե­տում։ Սա­կայն, 1980-ական թո­ւական­նե­րուն, այս սահ­մա­նու­մը սկսաւ վե­րար­ժե­ւորո­ւիլ եւ ընդլայ­նիլ՝ հե­տազօ­տու­թիւննե­րու շնոր­հիւ։ Այս նոր մօ­տեցու­մը ըն­դունեց, որ անձ մը կրնայ «երկլե­զու» նկա­տուիլ նոյ­նիսկ երբ անոր երկրորդ լե­զուի մը տի­րապե­տու­թիւնը մաս­նա­կի է՝ ըլ­լայ միայն խօ­սակ­ցա­կան, ըն­կալման, կամ տար­րա­կան գրառ­ման մա­կար­դա­կի վրայ։

Ներ­կա­յիս անոր սահ­մա­նու­մը մե­ծապէս կը կեդ­րո­նանայ լե­զուի գործնա­կան կի­րառու­թիւնը յա­տուկ իրա­վիճակ­նե­րու կամ մի­ջավայ­րե­րու մէջ՝ ան­կախ լե­զուա­կան կա­տարեալ հմտու­թե­նէն։ Այ­սինքն անհրա­ժեշտ չէ լե­զու մը շատ լաւ գիտ­նալ երկլե­զու ըլ­լա­լու հա­մար, որով­հե­տեւ ներ­կա­յիս աւե­լի կա­րեւոր կը հա­մարո­ւի սեր­տել երկլե­զուու­թեան ետին կա­յացող ըն­կե­րային, լե­զուա­կան եւ հո­գեբա­նական տո­ւեալ­նե­րը, քան այդ լե­զու­նե­րուն գի­տու­թեան չա­փը կամ որա­կը։ Այս՝ մէկ­նե­լով այն ճշմար­տութե­նէն, թէ երկլե­զու­նե­րուն ընտրած լե­զու­նե­րը կա­խեալ են զա­նազան ազ­դակնե­րէ, ինչպէս

1 ըն­կե­րային բնա­բանը

2 խօ­սակ­ցութեան նիւ­թը

3 խօ­սակի­ցը եւ

4 խօ­սակի­ցին հետ յա­րաբե­րու­թիւնը։

Ու­րեմն, երկլե­զու ան­հատ մը տար­բեր լե­զու­ներ կը գոր­ծա­ծէ տար­բեր պատ­ճառնե­րու եւ նպա­տակ­նե­րու հա­մար եւ ընդհան­րա­պէս նոյն հմտու­թեամբ չի տի­րապե­տեր իր գիտ­ցած տար­բեր լե­զու­նե­րուն։ Սա­կայն, որով­հե­տեւ երկլե­զու մը տար­բեր լե­զու­ներ ու­նի իր տրա­մադ­րութեան տակ, ան եր­կու կամ աւե­լի լե­զու­նե­րու յատ­կութիւննե­րը կրնայ փո­խադ­րել անոնց մի­ջեւ։

Լե­զուա­փոխու­թիւն՝ Որ­պէս Ինքնու­թեան եւ Մտա­ծողու­թեան Ճկու­նութեան

Եր­կար ատեն ժո­ղովրդա­յին եւ մաս­նա­գիտա­կան ըն­կե­րու­թիւննե­րու մէջ տի­րապե­տող հաս­կա­ցողու­թիւնը այն եղած է, թէ լե­զուա­փոխու­թիւն կը նշա­նակէ լե­զուա­կան լուրջ եւ ան­բաղձա­լի վի­ճակ­ներ, կ՛ընդգծէ լե­զուա­կան եւ մտա­յին շփոթ, կը հա­մարո­ւի որ­պէս մշա­կու­թա­յին կո­րուստ, եւ կը կազ­մէ մի­ջամ­տութիւններ, որոնք վնա­սակար են սո­րուե­լու գոր­ծընթա­ցին։

Լա­ւագոյն մի­ջոցը՝ հասկնա­լու լե­զուա­փոխու­թեան երե­ւոյ­թը, պի­տի ըլ­լայ նկա­տի առ­նել խօ­սողին

1 ան­հա­տակա­նու­թիւնը

2 ձայ­նա­գիտա­կան ու­շի­մու­թիւնը

3 լե­զուա­կան ատա­կու­թիւնը եւ

4 գրա­գիտու­թիւնը։

Վե­րոյի­շեալ տո­ւեալ­նե­րուն հետ մէկ­տեղ, երկլե­զուու­թեան պրպտումնե­րը եր­բեք չեն դադ­րած հար­ցադրել կամ փոր­ձել պա­տաս­խաններ գտնել, թէ ին­չո՞ւ երկլե­զու խօ­սող­ներ իրենց լե­զու­նե­րը կը փո­խեն իրենց խօ­սակ­ցութիւննե­րուն ըն­թացքին։

Նախ, սահ­մա­նենք «լե­զուա­փոխու­թիւն» բա­ռը։

Լե­զուա­փոխու­թիւնը կը սահ­մա­նուի իբ­րեւ մէ­կէ աւե­լի լե­զու­նե­րու գոր­ծա­ծու­թիւնը խօ­սակ­ցութեան մը ըն­թացքին, ուր բառ մը կամ նա­խադա­սու­թեան մը մէկ մա­սը կ՛ըսո­ւի տար­բեր լե­զուով կամ լե­զու­նե­րով։

Ընդհան­րա­պէս լե­զուա­փոխու­թիւնը սեր­տո­ւած է ըն­կե­րալե­զուա­բանա­կան եւ կամ քե­րակա­նական դի­տան­կիւննե­րէն։ Այս տար­բեր մօ­տեցումնե­րը փաս­տած են, թէ լե­զուա­փոխու­թիւնը բարդ, հա­մաշ­խարհա­յին քե­րակա­նու­թեան օրէնքնե­րուն յար­մա­րող գոր­ծիք մըն է, որ կը գոր­ծա­ծուի երկլե­զու մար­դոց կող­մէ՝ ազ­գա­յին, ըն­կե­րային, եւ մշա­կու­թա­յին ինքնու­թիւններ ար­տա­յայ­տե­լու եւ հաս­տա­տելու հա­մար։ Հե­տազօ­տու­թիւննե­րը ցոյց տո­ւած են, թէ լե­զուա­փոխու­թի­նը կը ցու­ցադրէ ան­հա­տին մտա­ծողու­թեան ճկու­նութիւ­նը եւ մտա­ծողա­կան ճա­նաչու­մը (cognitive development)։

Երկլե­զուու­թիւն,
Լե­զուա­փոխու­թիւն եւ
Փոք­րա­մաս­նութիւններ

Գաղ­թա­կան­նե­րու եւ լե­զուա­կան փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու հա­մար, սա­կայն, ու­րիշ է հար­ցը։ Երկլե­զուու­թիւնը բաղ­ձա­լի է եւ մե­ծամաս­նութեան լե­զուն խօ­սիլը օգ­տա­կար է տնտե­սական, քա­ղաքա­կան եւ ըն­կե­րային մա­կար­դակնե­րու վրայ, բայց մտա­հոգիչ կը դառ­նայ այդ, երբ երկլե­զուու­թիւնը

1 կը զար­գա­նայ մայ­րե­նի լե­զուին հա­շուոյն

2 կը դառ­նայ յա­ճախա­կի

3 կը տա­նի մայ­րե­նի լե­զուին տկա­րաց­ման եւ աղա­ւաղ­ման եւ

4 կ՚առաջ­նորդէ մայ­րե­նի լե­զուին մո­ռացու­թեան, մա­նաւանդ եր­րորդ կամ չոր­րորդ սե­րունդնե­րուն մօտ։

Ըստ հե­ղինա­կին կող­մէ կա­տարուած ակա­դէմա­կան սեր­տո­ղու­թիւննե­րու եւ անձնա­կան հար­ցազրոյցնե­րու, 50-80 տա­րեկան սփիւռքա­հայե­րու մե­ծամաս­նութիւ­նը՝ Լի­բանան, Քո­ւէյթ, Կիպ­րոս, Տու­պայ, Սիտ­նի, եւ Լոս Ան­ճը­լըս, կը հա­ւատայ, թէ լե­զուա­փոխու­թիւնը հա­յերէ­նի գի­տու­թեան տկա­րացում եւ ան­բա­ւարար գոր­ծա­ծու­թեան մէկ ար­տա­յայ­տութիւնն է։ Թէ­պէտ վե­րոյի­շեալ ան­ձե­րը ըն­դունե­ցին, թէ իրենք ալ յա­ճախ լե­զուա­փոխու­թեան կը դի­մեն, անոնք ընդգծե­ցին այն իրո­ղու­թիւնը, թէ յա­ճախ «յան­ցա­ւոր» կը զգան իրենց «լե­զու­նե­րը խառ­նե­լու» հա­մար։

Իսկ 18-49 տա­րեկան­նե­րու մե­ծամաս­նութիւ­նը բնա­կան կը նկա­տէ լե­զուա­փոխու­թիւնը։ Այս տա­րիքի պատ­կա­նող մե­ծամաս­նութեան թո­ւած պատ­ճառնե­րը, սա­կայն, քիչ մը մտա­հոգիչ են։ Յա­ճախ, կ՛ըսեն անոնք՝

1 «դժո­ւար է բա­ռերը հա­յերէ­նով գտնել»

2 «դժո­ւար է յի­շել հա­յերէն բա­ռերը» եւ

3 «աւե­լի դիւ­րին է անգլե­րէնով, սպա­ներէ­նով, ռու­սե­րէնով կամ ֆրան­սե­րէնով լրաց­նել մեր նա­խադա­սու­թիւննե­րը»։

Այս երե­ւոյթն է, որ կա­րելի է բնու­թագրել որ­պէս մտա­հոգիչ, մա­նաւանդ լե­զուա­կան փոք­րա­մաս­նութեան մը հա­մար՝ ըլ­լայ հայ­կա­կան կամ ոչ, որ եր­կար ատե­նէ կ՛ապ­րի օտար եր­կիրնե­րու մէջ, որով­հե­տեւ լե­զուա­փոխու­թիւնը այս պա­րագա­յին չի հա­մապա­տաս­խա­ներ վե­րեւ ներ­կա­յացո­ւած երկլե­զուու­թեան դրա­կան լե­զուա­կան մէկ­նա­բանու­թիւննե­րուն։

Լե­զուա­փոխու­թիւնը
Մտա­հոգու­թի՞ւն

Մտա­հոգու­թիւն երբ

1 սփիւռքի մէջ որոշ խա­ւի մը հա­մար լե­զուա­փոխու­թիւնը ծա­ռայէ իբ­րեւ նա­խադա­սու­թիւններ ամ­բողջաց­նե­լու մի­ջոց մը

2 մայ­րե­նի լե­զուն բա­ւարար չէ եւ բա­ւարար չի նկա­տուիր ամ­բողջո­վին ինքզինք ար­տա­յայ­տե­լու եւ

3 մայ­րե­նի լե­զուի գի­տու­թիւնը եւ ինքնավստա­հու­թիւնը մե­ծապէս նո­ւազած են։

Երի­տասարդնե­րը յա­ճախ կ՛ակ­նարկեն, թէ մէ­ծամաս­նութիւն կազ­մող ժո­ղովուրդներ ալ ու­րիշ լե­զու­ներ կը գոր­ծա­ծեն իրենց խօ­սակ­ցութիւննե­րուն ըն­թացքին։ Հե­տեւա­բար, ին­չո՞ւ հա­մար մտա­հոգիչ, տա­րօրի­նակ եւ անբնա­կան պէտք է թո­ւի, երբ հայ կամ փոք­րա­մաս­նութեան պատ­կա­նող անձ մը «խառ­նէ» իր լե­զու­նե­րը։

Ճիշդ է, սա­կայն մե­ծագոյն տար­բե­րու­թիւննե­րէն մէ­կը, երբ նկա­տի կ՛առ­նենք հայ եւ սփիւռքեան զա­նազան ըն­կե­րու­թիւններ, այն է թէ արա­բերէ­նը, անգլե­րէնը, ֆրան­սե­րէնը, ռու­սե­րէնը եւ սպա­ներէ­նը, օրի­նակի հա­մար, կը տի­րապե­տեն լրա­տուա­կան, տնտե­սական, քա­ղաքա­կան, կրթա­կան եւ պե­տական մար­զե­րուն վրայ, հա­կառակ հա­յերէ­նին կամ փոք­րա­մաս­նութեան լե­զուին, որ սահ­մա­նափակ գոր­ծա­ծու­թիւն ու­նի։ Նման կա­ցու­թիւն մը կը նկա­րագ­րո­ւի իբ­րեւ ոչ նպաս­տա­ւոր մթնո­լորտ մը՝ փոք­րա­մաս­նութեան մը մայ­րե­նի լե­զուին պահ­պա­նու­մին հա­մար։

Պա­տահա­ծը ան­հա­ւասար ու­ժե­րու՝ լե­զու­նե­րու, պայ­քար է։ Ներ­կայ հայ կամ այլ ըն­կե­րու­թիւննե­րու սե­րունդին մխրճուիլը տե­ղական ըն­կե­րու­թիւննե­րուն մէջ եւ եր­կուքին հա­ւելեալ չա­փով շփումնե­րը, ըլ­լայ անոնք խառն ամուսնու­թիւննե­րու մի­ջոցով, բնա­կարա­նի վայ­րով, մայ­րե­նի լե­զուի գի­տու­թեան պա­կասով եւ օտար լե­զու­նե­րու հմտու­թեանբ, ազ­դակներ են, որոնք լե­զու­բա­նական առու­մով լե­զուա­փոխու­թիւնը կրնայ որա­կուիլ որ­պէս մտա­հոգու­թիւն։

Ներ­քին գա­ղու­թա­յին առու­մով, կան յա­ւելեալ ազ­դակներ, որոնք կը նպաս­տեն որ ներ­կայ սե­րունդին լե­զուա­փոխու­թիւնը եւ մայ­րե­նի լե­զուի գի­տու­թեան նո­ւազու­մը կամ չգո­յու­թիւնը մտա­հոգիչ նկա­տելու, ինչպէս՝

1 ծնող­նե­րու ան­հո­գու­թիւն

2 հայ­րե­նիքի հան­դէպ ժխտա­կան կե­ցուածքներ եւ

3 օտա­րը գե­րադա­սելու եւ հա­յերէ­նը/մայ­րե­նին, մշա­կոյ­թը եւ ինքնու­թիւնը ստո­րադա­սելու հա­կում եւ ըն­թացք։

Եզ­րա­կացու­թիւն

Ինչպէս ի յայտ կու գայ, լե­զուա­փոխու­թիւնը բա­ւական բարդ իրա­վիճակ մըն է, որ կա­րելի չէ ան­ջա­տել հա­մաշ­խարհա­յին յե­ղաշրջումնե­րէ եւ լե­զուա­կան փոք­րա­մաս­նութեան մը ան­ցեալի եւ ներ­կա­յի իրա­վիճակ­նե­րէն։

Անհրա­ժեշտ է՝ հայ­կա­կան եւ այլ գա­ղութնե­րու լե­զուա­պահ­պանման ծրա­գիր­նե­րուն մէջ, նկա­տի ու­նե­նալ նաեւ ար­տա­լեզո­ւական տո­ւեալ­նե­րը, որոնք յի­շուե­ցան վե­րը։

Երկլե­զուու­թիւնը եւ լե­զուա­փոխու­թիւնը ու­նին իրենց «օրէնքնե­րը» եւ դրա­կան ար­դիւնքնե­րը։ Սա­կայն մայ­րե­նի լե­զուն խօ­սիլը կ՛երաշ­խա­ւորէ ազ­գա­շինու­թիւն, ինքնու­թիւն, կրօ­նական հա­ւատամք, հա­ւաքա­կան պատ­մութիւն, հայ­րե­նիք, մշա­կոյթ, պատ­կա­նելիու­թիւն եւ պա­պենա­կան աւան­դութիւններ։

Շա­րու­նա­կենք մեր լե­զու­նե­րը «խառ­նել»՝ ար­տա­յայ­տե­լու մտա­ծողու­թեան ճկու­նութիւն եւ ոչ մայ­րե­նիի տկա­րաց­ման։

Քո­ւէյթ, Սեպտեմբեր 2025

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ