ՀԱՅՃԱՐ Միութեան նախաձեռնութեամբ ամէն տարի, 5 Հոկտեմբերի մերձաւոր Շաբաթ օրը, կը յիշատակուին Պալեան հանրածանօթ ճարտարապետ գերդաստանի անդամները։ Այս տարուան յիշատակութիւնը տեղի ունեցաւ 4 Հոկտեմբեր 2025, Շաբաթ, ժամը 11.00-ին, Սկիւտարի Ս. Խաչ Գերեզմանատան մէջ, հովանաւորութեամբ ու օրհնութեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։
Ոգեկոչման հանդիսութեան ներկայ էին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, Սկիւտարի Քաղաքապետ Սինէմ Տէտէթաշն, Պալեաններու յուշադամբանի շինութեան բարերարներէն Հրաչ Գըրմըզեան, Նատին Փիլիքօղլուի ատենապետած ՀԱՅՃԱՐ-ի վարչութեան անդամներ, Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամներն ու հրաւիրեալներ։
Պալեաններու յուշադամբանի մօտ Նորին Ամենապատուութեան հանդիսապետութեամբ կատարուած հոգեհանգստեան արարողութեան, մասնակցեցան նաեւ՝ Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան, Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան եւ դպիրներ։
Կատարուած հոգեհանգստեան արարողութենէն յետոյ խօսեցաւ արուեստի պատմութեան Տքթ. Էլմոն Հանչէր եւ վեր առաւ Պալեաններու արուեստը:
Յաջորդաբար խօսք առաւ, Քաղաքապետ Սինէմ Տէտէթաշն եւ դրուատալից արտայայտութիւններ ունեցաւ Պալեան ընտանիքի գործունէութեան մասին, որուն որպէս արդիւնքը պատմական Ստանպուլ քաղաքը հարստացած էր բազմաթիւ կոթողային ճարտարաշինութիւններով։
Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ գովեց Պալեան ընտանիքն ու անոնց գործը, որ արհեստ ըլլալէ վեր, արուեստ դարձած կը զարդարէ մեր քաղաքը եւ հակառակ տարիներու հոլովոյթին կը շարունակէ հիացումի կեդրոն դառնալ Ստանպուլի բնակիչներն ու այցելուները: Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց ՀԱՅՃԱՐ միութիւնը, բարերար Գըրմըզըեաններն ու ամէն մարդ, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան Պալեան ընտանիքի յիշատակը վառ պահելու կարեւոր գործին մէջ: Մեր Հոգեւոր Պետը անգամ մը եւս ուրախութիւնը յայտնեց, որ Հայճար միութեան նախաձեռնութեամբ ու աշխատանքով կարելի եղած է այս գեղեցիկ յուշադամբանին շուրջ յիշատակել այս երկրին եւ յատկապէս այս քաղաքին ճարտարապետական մեծ ժառանգ թողած Պալեան բարեհամբաւ գերդաստանը:
Յանուն միութեան շնորհակալութեան խօսք արտասանեց Նատին Փիլիքօղլու եւ երախտիքով յիշատակեց ճարտարապետ Պալեան ընտանիքը, որու կանգնած շէնքերը մինչեւ այսօր կը զարդարեն քաղաքս: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որոնք եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանելու ճարտարապետ մեծանուն Պալեան ընտանիքին:
Տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն:
*
Հանդիսութեան աւարտին, Նորին Ամենապատուութիւնը առաջնորդուեցաւ նոյն գերեզմանատան մէջ Հայ գրականութեան երկու մեծանուն բանաստեղծներու՝ Մատթէոս Զարիֆեանի եւ Պետրոս Դուրեանի շիրիմները, ուր եւս հոգեհանգստեան կարգ կատարուեցաւ, ապա Ս. Խաչ Դպրեվանք Լիսէէն աշակերտներ՝ Եւա Խուտոյեան եւ Արեգ Չաթաք բանաստեղծութիւններ արտասանեցին:
Հուսկ՝ մեր Հոգեւոր Պետը առաջնորդուեցաւ երջանկայիշատակ Շահան Արքեպս. Սվաճեանի շիրիմը, ուր եւս հոգեհանգստեան կարգով յիշատակուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ բազմամեայ սպասաւորը: