Հիսարի Թադէոսեան երբեմնի վարժարանը կը դառնայ մշակոյթի կեդրոն

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 4 Հոկտեմբեր 2025, Շաբաթ երեկոյ Ռումէլիհիսարի Ս. Սանդուխտ Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց երեկոյեան ժամերգութեան: Արարողութեան մասնակցեցան Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Արժ. Տ. Տ. Գրիգոր Տամատեան, Գէորգ Չնարեան եւ Սարգիս Գույումճեան աւագ քահանաներ:

Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը առաջնորդուեցաւ թաղի երբեմնի Թադէոսեան Վարժարանը, որու շէնքը բարեզարդուած էր տեղւոյն Թաղային Խորհուրդի կողմէ: Այստեղ մեր Հոգեւոր Պետը կատարեց բարեզարդուած շէնքի վերաբացումը, ապա կատարուեցաւ տնօրհնէք: Սոյն հանդիսութեան ներկայ էին Ստանպուլի երեսփոխան Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, համայնքային վարիչներ, նախկին Հիսարցիներ ու համայնքի անդամներ:

Պատրիարք Հայրը եւ ներկաներ շրջեցան բարեզարդեալ շէնքը, որու աւարտին պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընթրիքի սեղան: Այստեղ կատարուած գեղարուեստական հանդիսութիւնը վարեց Սէլին Գույումճեան Պալճը, մեներգեցին Լիզա Կիւլպէնքօղլու, Սէրճան Կազէրօղլու եւ Մարալ Այվազ Չաղլըչուպուքճու:

Սրտի խօսքերէ ետք հաւաքի հուսկ բանքը արտասանեց Նորին Ամենապատուութիւնը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց որ Ստանպուլի արուարձանային այս գողտրիկ եկեղեցին, Թաղային Խորհուրդի գլխաւորութեամբ, մտայղացած է երբեմնի Թադէոսեան Վարժարանը նորոգել ու բարեզարդել ու մեր հանրութեան գործածութեան յանձնել որպէս Թադէոսեան Վարժարան – Մշակոյթի Կեդրոն: Աշխատանքը սկսած է եւ այսօր երախայրիքը կը քաղենք: Սակայն աշխատանքը պիտի շարունակուի ու աւելի պիտի ճոխանայ մեր այս նոր մշակոյթի կեդրոնը: Մեր Հոգեւոր Պետը գնահատեց տեղւոյն հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեանը, Թաղային Խորհուրդը եւ այս գեղեցիկ գործին ներդրում ունեցող բոլոր ծառայողները ու կարողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցանուէր ու մշակութանուէր աշխատանքին մէջ, որով պիտի աշխուժանայ մեր գողտրիկ այս թաղն ու եկեղեցին:

Հաւաքը իր աւարտին հասաւ աղօթքով ու Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ