ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ

Պատրիարքական Աթոռոյ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վարդապետ Օհանեան լուրջ հոգեկան եւ մարմնական առողջական պատճառներու բերմամբ տեղի տուած է անբաղձալի, անընդունելի գայթակղութեան հետեւանքի։

Հայր Սուրբը Կրօնական Ժողովի որոշումով իրեն տրուած ապաշխարութեան առիթը սահմանուած ժամկէտին անպատասխանի թողած է։

Ուստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ Կրօնական Ժողովը 2 Հոկտեմբեր 2025 թուի ԾԱ. Նիստին միաձայն որոշումով Հայր Սուրբը կարգալոյծ յայտարարած է եւ զինքը դասած՝ ի շարս աշխարհականաց, աւազանի Թորոս անունով։

ԴԻՒԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ