Դասախօսութիւն Փարիզ ի Յառաջ օրաթերթի մասին

ՆԱԶԼԸ ԹԷՄԻՐ ՊԷՅԼԷՐԵԱՆ

Ան­ցեալ Հինգշաբ­թի դա­սախօ­սու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Փա­րիզի Արե­ւելեան Լե­զու­նե­րու եւ Քա­ղաքակրթու­թիւննե­րու հա­մալ­սա­րանա­կան գրա­դարան «ՊՈՒ­ԼԱՔ»ի մէջ, նիւթ ու­նե­նալով Փա­րիզի «Յա­ռաջ» օրա­թեր­թը։ Թեր­թը հիմ­նուած է Շա­ւարշ Մի­սաքեանի (Զի­մարա, 1884 Փա­րիզ, 1957) կող­մէ, 1925-ի Օգոս­տո­սին։ Շա­ւարշ Մի­սաքեան նա­խապէս մէկ տա­րի վա­րած է օրա­թեր­թին խմբագ­րութիւ­նը 1908-ին Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նի Կա­րին քա­ղաքին մէջ, ապա Պո­լիս գա­լով աշ­խա­տակ­ցած է նաեւ Ազա­տամար­տի խմբագ­րութեան։ Երբ 1915-ին թուրք կա­ռավա­րու­թիւնը կը ձեր­բա­կալէ հայ մտա­ւորա­կան­ներ, Մի­սաքեանը թաքստո­ցի կեանք ապ­րե­լով, աք­սօ­րէն կը խու­սա­փի մին­չեւ 1916։ Ի վեր­ջոյ ան ալ հա­յու ճա­կատագ­րին են­թարկուելով կը բան­տարկուի, մինչ առիթ կը փնտռէր Պո­լիսէն հե­ռանա­լու։ 1918-ին զի­նադա­դարի շնոր­հիւ ազատ կ՚ար­ձա­կուի, ու 1924-ին կը մեկ­նի Ֆրան­սա իր ամուսնու­թե­նէն ետք։ Ահա այսպէ­սով «Յա­ռաջ»ը կը վե­րահաս­տա­տուի այս ան­գամ Փա­րիզի գա­ղու­թին մէջ նախ իբր եր­կօ­րեայ, ապա որ­պէս օրա­թերթ 1927-ին։ 1957-ին Շա­ւարշ Մի­սաքեանի յան­կարծա­մահ ըլ­լա­լէն յե­տոյ, իր աղ­ջի­կը, Ար­փիկ Մի­սաքեանը կը ստանձնէ խմբագ­րութեան պաշ­տօ­նը, միշտ հա­ւատա­րիմ մնա­լով հօ­րը մտա­ծելա­կեր­պին ու յանդգնու­թեանը։ Ար­փիկ Մի­սաքեան կը մա­հանայ 2015-ին։

Ժա­մանա­կի ըն­թացքին «Յա­ռաջ» գրա­ւած է հսկայ տեղ մը Ֆրան­սա­հայ գա­ղու­թին մէջ։ Ան դար­ձած է ոչ միայն Փա­րիզի, այլ աշ­խարհի չորս կող­մը ցրուած հա­յոց ապաս­տա­նը, ուր սփիւռքա­հայե­րը առիթ ու­նե­ցած են ապ­րե­լու իրենց հա­յու­թիւնը։ Սա­կայն դժբախ­տա­բար այս օրա­թեր­թը չկրցաւ տո­կալ նիւ­թա­կան ու ըն­կե­րային դժուարու­թիւննե­րուն, որոնք հայ մա­մու­լի այ­սօ­րուան իրա­կանու­թիւնն են։ Ան փա­կուե­ցաւ 2009-ին։ «Յա­ռաջ»ի բա­ցակա­յու­թեամբ ֆրան­սա­հայ հա­մայնքը կորսնցուց ար­տա­յայ­տութեան դաշտ մը, ուր կը ցո­լանար իր հո­գին։ Ահա դա­սախօսւթիւն մը որ մօ­տէն կը ծա­նօթաց­նէ «Յա­ռաջ»ի նե­րաշ­խարհն ու կը նկա­րագ­րէ անոր տե­ղը հայ իրա­կանու­թեան մէջ։

Դա­սախօ­սու­թիւնը սկսաւ ֆրան­սա­ցի Պեն­ժա­մին Կի­շառի խօս­քով, որ անդրա­դար­ձաւ Յա­ռաջի թուայ­նացման ծրագ­րին։ Ան պատ­մեց թէ ՊՈՒ­ԼԱՔ-ը եւ ԱՐԱՄ Ըն­կե­րակ­ցութիւ­նը գոր­ծակցե­լով սկսած են այս օրա­թեր­թը թուայ­նացնել։ Յե­տոյ մի­ջոցա­ռու­մը շա­րու­նա­կեց յայտնի գրող Գրի­գոր Պըլ­տեանի խօս­քով, որ եր­կար տա­րիներ աշ­խա­տակ­ցած է օրա­թեր­թին իր յօ­դուած­նե­րով։ Ան բա­ցատ­րեց օրա­թեր­թին բո­վան­դա­կու­թիւնն ու ան­ցեալը, շեշ­տե­լով թէ «Յա­ռաջ» կապ կը ստեղ­ծէր աշ­խարհի բո­լոր հա­յու­թեան հետ եւ դար­ձած էր կա­րեւոր կեդ­րոն մը։ Իսկ Ար­փի Թո­թոյեան, որ շուրջ երե­սուն տա­րիներ աշ­խա­տած է «Յա­ռաջ»ի մէջ, անդրա­դար­ձաւ թեր­թին ներ­քին ապ­րումնե­րուն, որոնց շատ քիչ տե­ղեակ է հան­րութիւ­նը։ Կ՚ար­ժէ իր խօ­սակ­ցութեան տեղ տալ, որ կը նկա­րագ­րէ հայ մա­մու­լի իւ­րա­յատուկ ու հե­տաքրքրա­կան աշ­խարհը։

«Այ­սօր խօ­սիլ «Յա­ռաջ»ի վեր­ջին քա­ռորդ դա­րուն մա­սին, «կար ու չկայ»ով ըն­տա­նեկան պատ­մութիւն մը պատ­մե­լու կը նմա­նի։ «Յա­ռաջի ըն­տա­նիք» որա­կու­մը Ար­փիկ Մի­սաքեանինն էր. այդ ըն­տա­նիքը կը բաղ­կա­նար խմբագ­րութեան ու տպա­րանի անձնա­կազ­մէն, աշ­խարհի ամէն կող­մի քոյր-եղ­բայր եւ զար­միկնե­րէ. աշ­խա­տակից, թղթա­կից, զա­նազան ձե­ւի օգ­նա­կան­նե­րէ։

«Ըն­տա­նիք» բա­ռին գոր­ծա­ծու­թիւնը ամէն ան­գամ թե­թեւ քմծի­ծաղի մը պատ­ճառ կ՚ըլ­լար, բայց այ­սօր կը խոր­հիմ թէ տե­ղին բնո­րոշում մըն էր։ Անոր «գլուխ»ն ու «ան­դամ»նե­րը ճի՛շդ այդ վե­րաբե­րու­մը ու­նէին գոր­ծին նկատ­մամբ, որ Ֆրան­սա­յի հայ­կա­կան ձայնն էր։ Ո՛չ դժուարու­թիւն, կամ ան­կա­րելիու­թիւն, ո՛չ ան­հա­մաձայ­նութիւններ, հա­կադ­րութիւններ եր­բեք ար­գելք եղան որ այդ ձայ­նը հնչէր ամէն օր։

1984 Հոկ­տեմբե­րին, երբ մաս կազ­մե­ցի այդ ըն­տա­նիքին, հինգ ան­դամ ու­նէր ան. խմբագ­րա­տան մէջ Ար­փիկ Մի­սաքեանի հետ կար օգ­նա­կան խմբա­գիր Հրանդ Աճէ­մեանը, որ քա­նի մը տա­րի ետք ԱՄՆ մեկ­նե­ցաւ։ Տպա­րանը կ՚աշ­խա­տէին Մի­շէլը, Երուան­դը, Յա­րու­թը։ Առա­ջինը տպողն էր, եր­կու միւսնե­րը՝ գրա­շար­նե­րը։ Նման գոր­ծի հա­մար այս փոքր անձնա­կազ­մը շա­տեր զար­մա­ցու­ցած է, բայց պէտք չէ մոռ­նալ որ «Յա­ռաջ»ը ետին ո՛չ կու­սակցու­թիւն, ո՛չ ալ նե­ցուկ կազ­մա­կեր­պութիւն մը ու­նէր. ու­նէր միայն նեղ օրի կռուան քա­նի մը բա­րեկամ­ներ։

Գոր­ծը գլուխ հա­նել կա­րելի կ՚ըլ­լար դե­րերու յստակ բա­ժանու­մով ու լա­րուած աշ­խա­տան­քով։ Այդ աշ­խա­տան­քին ան­մի­ջակա­նը, ժա­մերու հետ մրցե­լու պար­տադրո­ղը առ­տուան բա­ժինն էր. այ­սինքն՝ առա­ջին եւ վեր­ջին էջե­րուն պատ­րաստու­թիւնը։

Ա. էջը տեղն էր օրուան լու­րե­րուն, խմբագ­րա­կանին, օրը օրի­նին, թուրք մա­մու­լին մե­զի վե­րաբե­րող էջե­րուն, «Տխրու­նի»նե­րուն, եւլն.։ Վեր­ջին էջը յատ­կա­ցուած էր ծա­նու­ցում եւ յայ­տա­րարու­թիւննե­րու, մա­հազդնե­րու, ի հար­կին նաեւ Ա. էջէն աւել­ցած գրու­թեան մը շա­րու­նա­կու­թեան։

Ինչ կը վե­րաբե­րի դե­րերու բաշ­խումին, խմբագ­րութեան մէջ ֆրան­սա­կան ու մի­ջազ­գա­յին լու­րե­րու բա­ժինը ստանձնած էր Ար­փիկ Մի­սաքեան։ Ինք կը գրէր նաեւ «Տխրու­նի» խո­րագ­րուած մա­հագ­րութիւննե­րը, ամէն ան­գամ որ ծա­նօթ անձնա­ւորութեան մը մա­հուան լու­րը հաս­նէր։ Ան առ­տուն ժա­մը 7։30-էն սե­ղանին գլու­խը կ՚ըլ­լար, աչ­քը սե­ղանը ծած­կած թեր­թե­րուն, իսկ ական­ջը՝ ձայ­նասփիւ­ռի լու­րե­րու հա­ղոր­դումնե­րուն։ Պէտք էր կա­րեւո­րագոյննե­րը ընտրել, թարգմա­նել, ամ­փո­փել ու մեկ­նա­բանել։ Խմբագ­րա­կան ու «Օրը օրին»ը յա­ճախ նա­խորդ օրուընէ գո­նէ սե­ւագ­րութեան վի­ճակին մէջ պատ­րաստ կ՚ըլ­լա­յին։

Այս «խո­հանոց»ին մէջ իմ պար­տա­կանու­թիւնս երե­ւանեան լրա­տուու­թիւնը պատ­րաստել, թուրք մա­մու­լը աչ­քէ անցնել ու ար­տատպե­լիքը ընտրել էր։ Նո­րէն դա­սաւո­րելու, թարգմա­նելու, ամ­փո­փելու, մեկ­նա­բանե­լու աշ­խա­տանք։

Օրուան երկրորդ կէ­սին պէտք էր յա­ջորդ թի­ւին, կամ թի­ւերուն հա­մար ներ­սի էջե­րու նիւ­թեր պատ­րաստել. յօ­դուած, թղթակ­ցութիւն, թարգմա­նու­թիւն, գա­ղու­թի լու­րեր, հա­սած ձե­ռագիր­ներ կար­դալ ու սրբագ­րել, սփիւռքի մա­մու­լէն ար­տատպե­լու ար­ժա­նի էջեր ընտրել, պար­բե­րաբար հար­ցազրոյցներ ընել, նոր հա­սած գիր­քեր թեր­թա­տել, եւլն.։ Ասոնց զու­գա­հեռ կար վար­չա­կան գոր­ծը, հա­շուա­պահու­թիւնը, որով կը զբա­ղէր Ա. Մի­սաքեան։ Ներ­սի էջե­րու այս աշ­խա­տան­քին հետ կար ան­շուշտ ասոնցմէ շա­րուած­նե­րուն ալ փոր­ձե­րը կար­դա­լու, սրբագ­րե­լու գոր­ծը։ Ատ­կէ ետք կը տպուէին յա­ջորդ թի­ւին ներ­սի էջե­րը։

Յա­ռաջի առօ­րեային մա­սին աւե­լի լման պատ­կե­րի մը հա­մար, ընդհա­նուր այս շե­մային պէտք է աւելցնել տա­կաւին գրե­թէ ամե­նօրեայ այ­ցե­րը, -բա­րեկամ, աշ­խա­տակից, քա­ղաքա­կան դէմք, արուես­տա­գէտ, ար­տա­սահ­մա­նէն հիւ­րեր, եւլն. -յե­տոյ՝ ասու­լիսնե­րու, ձեռ­նարկնե­րու հե­տեւե­լու պար­տա­ւորու­թիւնը, շատ յա­ճախ աշ­խա­տան­քի ժա­մերէն ետք, ու հե­ռաձայ­նի կան­չե­րը... եր­բեմն զուար­ճա­լի, եր­բեմն զայ­րացնող, եր­բեմն ալ յու­զիչ հար­ցումնե­րով, խնդրանքնե­րով։

Տա­րինե­րու ըն­թացքին «Յա­ռաջ»ի ըն­տա­նիքին կազմն ալ փո­խուե­ցաւ. փա­կու­մէն քա­նի մը տա­րի առաջ Մի­շէլը հանգստեան կո­չուե­ցաւ, իրեն յա­ջոր­դեց Ար­մա­նը. մի­ջոց մը ետք Երուան­դը առող­ջա­կան ծանր հար­ցե­րով հար­կադրուեցաւ քա­շուիլ. անոր տեղն ալ եկաւ Յո­վիկը որ ամե­նէն երի­տասարդ ու վեր­ջին ան­դա­մը եղաւ ըն­տա­նիքին։

Յե­տոյ օր մըն ալ վեր­ջա­կէտի որո­շու­մով հա­սանք «չկայ»ի հանգրուանին. ամէն բան վերջ գտաւ անակնկալ, ցա­ւոտ կեր­պով ու եր­կինքէն ոչ մէկ խնձոր ինկաւ...»

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ