20 տարի առաջ, 20 տարի ետք

ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ

Առաջին անգամ 1967-ին տիրացայ ան­ցա­գիրի։ 19 տա­րեկա­նիս ամե­նագե­ղեցիկ յու­շե­րէն է Թրա­ֆալ­կար հրա­պարա­կին վրայ Կարլ Մարքսի «Քա­փիթալ»ի հրա­տարա­կու­թեան 100 ամեակի հան­րա­հաւա­քին մաս­նակցիլս։

1980-ին բա­զում դժուարու­թիւններ յաղ­թա­հարե­լով տի­րացայ երկրորդ ան­ցա­գիրիս։ «Անդ» եւ «Փար­թի­զան» պար­բե­րաթեր­թե­րու մէջ գրե­լուս պատ­ճա­ռաւ ար­գելքներ յա­րու­ցած էին։ Իրա­նի յե­ղափո­խու­թեան տեղ­ւոյն վրայ հե­տեւե­լու ցան­կութիւնս չի­րակա­նացաւ 12 Սեպ­տեմբե­րի զի­նուո­րական հա­րուա­ծի պայ­մաննե­րուն տակ։ Այ­սինքն 20 տա­րիներ զրկուեցայ ան­ցա­գիրի մը տի­րանալէ։ Ու երբ որ տի­րացայ սի­րելի Հրան­դին նման ես ալ նե­տուե­ցայ դէ­պի օտար ճա­նապարհներ։ Առա­ջին հանգրուանս եղաւ Գեր­մա­նիոյ Պոնն քա­ղաքը, ուր կ՚իրա­կանա­նար քրտա­կան խնդրի ձօ­նուած ժո­ղով մը հո­վանա­ւորու­թեան Շրէօտե­րի, իսկ երկրորդ կա­յարա­նը իմ երա­զան­քը հան­դի­սացող Ֆրանքֆուրդի գիր­քի փա­ռատօնն էր։

Կը հա­ւատամ գիր­քե­րու ու­ժին։ Կը սի­րեմ գիր­քե­րը։ Այդ պատ­ճա­ռաւ ալ գիր­քե­րու աշ­խարհի կա­րեւո­րագոյն մի­ջոցա­ռու­մը հան­դի­սացող Ֆրանքֆուրդի տօ­նավա­ճառը ին­ծի հա­մար կը դառ­նայ ուխտագ­նա­ցու­թիւն դէ­պի սուրբ եր­կիր։ 1991-էն այս կողմ ամէն տա­րի այ­ցե­լել կ՚ու­զեմ։ Այդ տա­րի տօ­նավա­ճառի պա­տուոյ հիւրն էր Իս­պա­նիան եւ 2007-ին այս ան­գամ Քա­թալո­նիա, իբ­րեւ պա­տուոյ հիւր մե­ծարուեցաւ ս­պա­նացի­ները շատ զայ­րա­ցան անոր ինքնա­վառ երկրի մը հան­գա­մանք շնոր­հուելուն դէմ։ Այդ տա­րի հե­տեւած էի Ֆրան­քո­յի մե­նատի­րու­թեան շրջա­նին Քա­թալո­նիայի մէջ գիրք հրա­տարա­կելու դժուարու­թիւննե­րը պար­զող ցու­ցա­հան­դէ­սին։ 2010-ին պա­տուոյ հիւ­րը Թուրքիան էր։ Բո­լորին ու­շադրու­թեան ար­ժա­նացած էր սի­րելի Սա­տըքի ու Ֆահ­րիի պատ­րաստած, ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ կը նկա­րագ­րէր երկրի բազ­մա­լեզու, բազ­մա­տառ հարստու­թիւնը։ Այս տա­րուայ պա­տուոյ հիւ­րը Ֆրան­սան է։ Տօ­նավա­ճառի Յար­մո­նիա դահ­լի­ճին մէջ Մեր­քել եւ Մաք­րոն միաս­նա­բար կը կա­տարեն բա­ցու­մը։ Եր­կուքն ալ կ՚անդրա­դառ­նան Եւ­րո­պական եր­կիրնե­րու մշա­կոյ­թի ճամ­բով իրա­րու հետ միաց­ման իրո­ղու­թեան շուրջ։ Կը շեշ­տեն ըսե­լով թէ առանց մշա­կոյ­թի կա­րելի չէ Եւ­րո­պա երա­զել։ Եր­կու աշ­խարհա­մար­տե­րու ըն­թացքին իրա­րու դէմ առ­ճա­կատած այս եր­կիրնե­րը յա­ջողած են հա­սարա­կական եզր մը ստեղ­ծե­լու գոր­ծին մէջ։ Յա­ջողե­ցան այդ դժուարու­թիւննե­րը յաղ­թա­հերով Եւ­րո­միու­թիւն կեր­տել։ Միւս կող­մէ Թուրքիա դեռ տա­կաւին կը վա­րանի իր քիւրտե­րու հետ լե­զու գտնե­լու խնդրին մէջ։ Հա­րիւր տա­րի է որ չէ յա­ջողած իր ան­ցեալին հետ առե­րեսուելու։ Մաք­րոն կը զգու­շացնէ «բազ­մա­թիւ խմբակ­նե­րու ոխը եւ ար­մա­տակա­նու­թիւնը զար­գացնե­լու վտանգը։ Պէտք է դէմ կանգնինք այս աշ­խա­տու­թեան» ու կը շա­րու­նա­կէ «գիր­քե­րը ու գրա­կանու­թիւնը կեն­սա­կան նշա­նակու­թիւն ու­նին այս խնդրին մէջ»։ Մեր­քել եւս կը շա­րու­նա­կէ նոյն միտ­քը, նշե­լով որ դռնե­րը բա­ցողը, մեր հա­սարակ կէ­տերը մատ­նա­ցոյց ընո­ղը գիր­քերն են։ Մեր հա­սարա­կու­թեան հիմ­քը ազա­տու­թիւնը կը կազ­մէ, որուն ար­տա­ցոլու­մը կը տես­նենք գիր­քե­րու մէջ։

1997-ի Հոկ­տեմբե­րին ան­գամ մը եւս Ֆրանքֆուրդ եմ, այս ան­գամ քրտա­կան խնդրի խա­ղաղ մի­ջոց­նե­րով լու­ծումը առա­ջար­կող եւ այդ պատ­ճա­ռաւ ալ բան­տարկուած Եաշար Քե­մալ կը պարգեւատրուի Խա­ղաղու­թեան Մրցա­նակով։ Մրցա­նակը կը շնոր­հուի գեր­մա­նական ժո­ղովրդա­վարու­թեան սրբա­զան վայ­րե­րէն մէ­կուն՝ Սուրբ Պօ­ղոսի եկե­ղեց­ւոյ մէջ։ Մեր ազ­գայնա­մոլ եւ կրօ­նամոլ բա­րեկամ­նե­րու հա­մար դժուար հաս­կա­նալի իրո­ղու­թիւն է, բայց ամ­բողջ Եւ­րո­պան ալե­կոծող 1848-ի ժո­ղովրդա­վարա­կան շար­ժումնե­րու ժա­մանակ այս նոյն եկե­ղեց­ւոյ մէջ գու­մա­րուած է Գեր­մա­նական Խորհրդա­րանը։

Այս ան­գամ 2005 թուակա­նին նոյն մրցա­նակին կ՚ար­ժա­նանայ վի­պագիր Օր­հան Փա­մուք։ Ան ալ անդրա­դար­ձած է Թուրքիոյ մէջ թա­պու հա­մարուած նիւ­թի մը, հայոց եւ քիւրտե­րու դէմ գոր­ծադրուած անար­դա­րու­թեան խնդրին։ Այդ անդրա­դար­ձի պատ­ճա­ռաւ մե­ղադ­րուած է իշ­խա­նու­թիւննե­րու կող­մէ եւ դա­տուած։ Այս տա­րի այդ մրցա­նակը կը շնոր­հուի գա­նատա­ցի գրող Մարգրիտ Էդ­վուտի։ Կը յի­շեմ այս վեր­ջի­նի Միացեալ Նա­հանգնե­րու մէջ «Փեն» գրող­նե­րու միու­թեան Ամե­րիկա­յի մաս­նա­ճիւ­ղի մէջ Օր­հան Փա­մու­քի հետ ու­նե­ցած ասու­լի­սը։ Դար­ձեալ 97-ի տօ­նավա­ճառին, այս ան­գամ մը հե­տեւիմ երի­տասարդ գրո­ղի մը Աս­լը Էր­տո­ղանի նուաճումնե­րուն։ Աս­լը Էր­տո­ղանի անու­նը յի­շեցի՞ք չէ։ Սա վեր­ջերս կա­ռավա­րու­թեան կող­մէ բան­տարկուած գրո­ղին կ՚ակ­նարկեմ։ Աս ալ մեր գնա­հատանք է կ՚երե­ւի։ 1998 նշա­նակա­լից էր, թէ մար­դու իրա­ւունքե­րու հա­մաշ­խարհա­յին յայ­տա­րարու­թեան եւ թէ գիր­քի տօ­նավա­ճառի յիս­նա­մեակի կրկնակ առիթ­նե­րով։ Այդ տա­րի «Պել­կէ» հրա­տարակ­չա­տան խմբա­գիր Այ­շէ­նուր Զա­րաքօ­լու կը ստա­նայ Հրա­տարա­կելու Ազա­տու­թեան մրցա­նակը։ Մրցա­նակա­տու­չութեան հան­դէ­սին բաց­ման ճա­ռը կ՚ար­տա­սանէ Ֆրան­սա­յի Մշա­կոյ­թի Նա­խարար Ժան Լանկ։ Այս առ­թիւ հրա­տարա­կուած գիր­քի նա­խաբա­նի հե­ղինակն է Իր­լանտա­յի նախ­կին նա­խագահ, աւե­լի ետք ՄԱԿ-ի մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպա­նու­թեան կո­միսար Մա­րի Ռո­պին­սը­նը։ Այդ մի­ջոցա­ռու­մին ներ­կայ չէր կրցած գտնուիլ պար­գե­ւատ­րեալ Այ­շէ­նուր Զա­րաքօ­լու եւ իր խօս­քը ար­տա­սանած էր, որ­դին Սի­նան Զա­րաքօ­լուն։ 19 տա­րի անց դար­ձեալ Սի­նանի հետ կը գտնուինք Յար­մո­նիա դահ­լի­ճը։ Մեր­քել եւ Մաք­րո­նէն առաջ ելոյթ ու­նե­ցաւ Գեր­ման Հրա­տարա­կիչ­նե­րու եւ Գրա­վաճառ­նե­րու Միու­թեան ատե­նապետ՝ Հեն­րիխ Ռիթ­միւլլեր։ Ան նշեց թէ հրա­տարակ­չութիւ­նը առեւտրա­կան շու­կայ մը ըլ­լա­լու կող­քին իր վրայ կը վերցնէ նաեւ ըն­կե­րային որոշ պար­տա­կանու­թիւն։ Կը յի­շէ Աս­լը Էր­տո­ղանին դէմ գոր­ծադրուած իրա­ւական ճնշումնե­րու եւ «Պել­կէ» հրա­տարակ­չա­տան խու­զարկու­մը ու գիր­քե­րու գրաւ­ման դէպ­քե­րը։

Տա­սը տա­րի առաջ Ֆրան­քո­յի իշ­խա­նու­թեան շրջա­նին Իս­պա­նիոյ մէջ գոր­ծադրուած գրաքննու­թիւնը նկա­րագ­րող ցու­ցա­հան­դէ­սէն ետք այս տա­րի ալ Հրանդ Տին­քի ձօ­նուած «Ար­գի­լուած Գիր­քեր»ու ցու­ցա­հան­դէ­սը մեր երկրի աւե­լի քան 90 տա­րուայ պատ­մութիւ­նը կը ցու­ցադրէ։ Կող­քին Օս­ման Օք­քա­նի հո­յակապ ֆիլ­մե­րը, Նա­զըմին, Փա­մու­քին, Աս­լըին, Եաշար Քե­մալին եւ Էլիֆ Շա­ֆաքին ոդի­սական­նե­րուն հե­տեւե­լու առիթ կը ստեղ­ծէ։ Օր­հան Փա­մու­քի եւ Էլիֆ Շա­ֆաքի դա­տավա­րու­թիւննե­րուն զօ­րակ­ցութեան նպա­տակով մաս­նակցող Հրանդ Տին­քի եւ Օս­ման Քա­վալա­յի ներ­կայութիւնը ալ աւելի իմաստալից կը դառնայ այս օրերուս։ 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ