Միջմշակութային կապեր խոհանոցի միջոցաւ

Մարդկային կեն­ցա­ղի զար­գա­ցումնե­րը օրա­կար­գի կը բե­րեն նոր որո­նումներ։ Անոնցմէ կա­րեւո­րագոյնն է խո­հանո­ցի մշա­կոյ­թը, որ հետզհե­տէ շատ աւե­լի մեծ զան­գո­ւած­նե­րու ու­շադրու­թեան կ՚ար­ժա­նանայ։ Յատ­կա­պէս հա­մավա­րակի պայ­մաննե­րուն մէջ, երբ մար­դիկ ստի­պուե­ցան տու­նե­րու մէջ բան­տարկո­ւած մնալ, ըն­կե­րային ցան­ցե­րու վրայ ան­հա­մեմա­տելի կեր­պով բազ­մա­ցաւ խո­հանո­ցային բա­ղադ­րա­տոմ­սե­րու բա­ժանու­մը։

Այս երե­ւոյ­թին մէջ յայտնո­ւած խիստ կա­րեւոր աշ­խա­տու­թիւն մըն էր Թա­գու­հի Թով­մա­սեանի հե­ղինա­կած հա­տորը՝ որ առտնի ճա­շատե­սակ­նե­րը կ՚իմաս­տա­ւորէր օրե­րու պատ­շա­ճու­թեամբ։

Թա­գու­հի Թով­մա­սեան յա­ջողած էր ճա­շերու պատ­րաստման տոմ­սակնե­րու ընդմէ­ջէն ըն­տա­նիքի մը եւ հետզհե­տէ ազ­գի մը պատ­մութեան ակ­նարկներ ար­տադրել։

Հա­մարեա նոյն ժա­մանակ­նե­րուն, յատ­կա­պէս ալ Պոլ­սոյ նման բազ­մազգի ու բազ­մամշա­կոյթ մեծ քա­ղաքի մը մէջ մար­դիկ սկսան իրենց հա­րեւան ազ­գութիւննե­րու խո­հանո­ցին հան­դէպ հե­տաքրքրու­թիւն ցու­ցա­բերե­լու։ Կար­ծես ան­տե­սուած­նե­րու յայտնա­բեր­ման նոր ար­շաւ մը կը ծա­գէր խո­հանո­ցի մի­ջոցաւ։

Ահա այսպի­սի զար­գա­ցումնե­րու հե­տեւանք է Թա­մար Թաշ­ճըօղ­լո­ւի իր գոր­ծընկե­րոջ՝ Էն­կին Այ­մե­թէի հետ յղա­ցած նա­խաձեռ­նութիւ­նը, որ կ՚ար­տա­յայ­տո­ւի «Եթէ սե­ղան­նե­րը լե­զու ու­նե­նան» խո­րագի­րով։

Այսպէս անոնք մտադ­րած են հա­րեւա­նու­թիւննե­րը բա­րեկա­մու­թեան վե­րածե­լու ձեռ­նարկին։ Այդ ձեռ­նարկը թէ աւան­դա­կանի, մեծ մայ­րիկնե­րէ ժա­ռան­գո­ւածի վե­րար­տադրման կը ձգտի եւ թէ կը մղո­ւի տար­բեր մշա­կոյթնե­րու նմա­նօրի­նակ սո­վորու­թիւննե­րը իմա­նալու։

Եր­կու գոր­ծընկեր­ներ ան­ցեալին թէ առ­ցանց հա­ղոր­դումնե­րով եւ թէ կեն­դա­նի մաս­նակցու­թեամբ փոր­ձած են հե­տաքրքիր զան­գո­ւածի մը ու­շադրու­թեան ներ­կա­յաց­նել տար­բեր ազ­գութիւննե­րու խո­հանոց­նե­րը։ 27 Մա­յիս 2021 թո­ւակա­նին առ­ցանց մի­ջավայ­րին մէջ կա­յացած էր ասո­րի խո­հանո­ցի մշա­կոյ­թին ձօ­նուած մի­ջոցա­ռու­մը։ Յա­ջոր­դա­բար այս ան­գամ կեն­դա­նի մաս­նակցու­թեամբ մեծ կղզիի «Սբլեն­տիտ» հիւ­րա­նոցի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ յոյն խո­հանո­ցին ձօ­նուած նոյն բնոյ­թով մի­ջոցա­ռու­մը։

Ապա վրայ հա­սաւ Էտիր­նէ քա­ղաքի մէջ եր­կօ­րեայ հան­դի­պում մը, որ այս ան­գամ կը կեդ­րո­նանար հրեայ սա­ֆարատ խո­հանո­ցի իւ­րա­յատ­կութիւննե­րու վրայ։ Մէկ­տե­ղումներու ար­ժա­նացած հե­տաքրքրու­թիւննե­րը պար­գե­ւեցին նոր մի­ջոցա­ռումներ, որոնց միջա­վայ­րը եղաւ «Գու­զի­նա Գուզկունճուք» ճա­շարա­նը, Սկիւ­տա­րի պատ­մա­կան Քուզկունճուք թա­ղի մէջ։ Գուզկունճուք ար­դէն յատ­կանշա­կան է իր բազ­մամշա­կու­թա­յին կա­ռոյ­ցով։ Ար­դա­րեւ Վոս­փո­րի ափին այս գիւ­ղի մէջ հա­յոց եւ յոյ­նե­րու եկե­ղեցի­ները, հրէից սի­նակո­կը եւ մահ­մե­տական­նե­րու մզկի­թը ան­մի­ջական հա­րեւա­նու­թեան մէջ կը գտնո­ւին։

22 Մարտ երեք­շաբթի ժա­մը 17.00-ին Թա­մար Թաշ­ճըօղ­լու եւ Էն­կին Այ­մեթէ ան­գամ մը եւս պի­տի մէկ­տե­ղեն բո­լոր այն հե­տաքրքիր խո­հանո­ցասէր­նե­րը, որոնց հետ զրու­ցե­լով պի­տի պատ­րաստեն ան­ցեալի բա­ղադ­րա­տոմ­սե­րէն ժա­ռան­գո­ւած նոր հա­մեր։

Հա­ճելի անակնկալ մըն է իմա­նալ թէ այս մէկ­տեղման իր մաս­նակցու­թիւնը պի­տի բե­րէ նաեւ Թա­գու­հի Թով­մա­սեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ