Հայաստան կը դիմէ ԵԱՀԿ-ի

Անթալիոյ Դի­ւանա­գիտա­կան Ժո­ղովի ըն­թացքին Թուրքիոյ ԱրտԳործ Նա­խարար Մեվ­լութ Չա­ւու­շօղլու իր հայ պաշ­տօ­նակ­ցին հետ ու­նե­ցած հան­դի­պու­մէն ետք նշած էր Ատրպէյ­ճա­նի վեր­ջերս առա­ջար­կած հաշ­տութեան պայ­մաննե­րու հի­ման վրայ հա­մաձայ­նիլ։ Հա­յաս­տան մէկ կող­մէ լռու­թիւն կը պա­հէ ատրպէյ­ճա­նի առա­ջար­կին դէմ, իսկ միւս կող­մէ կը դի­մէ ԵԱՀԿ-ին, խա­ղաղու­թեան պայ­մա­նագ­րի բա­նակ­ցութիւննե­րը ձե­ւաւո­րելու հա­մար։

Այս մա­սին ՀՀ Արտաքին Գործոց Նա­խարա­րու­թիւնը յայ­տա­րարած է հե­տեւեալ լու­սա­բանու­թիւնը. «Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը Ատրպէյ­ճա­նի Հան­րա­պետու­թեան առա­ջարկնե­րուն պա­տաս­խա­նելով եւ ՄԱԿ-ի պայ­մաննե­րու Ան­հատնե­րու եւ Քա­ղաքա­կան Իրա­ւունքնե­րու Մի­ջազ­գա­յին Հել­սինքեան Հա­մաձայ­նութեան հի­ման վրայ, Հա­յաս­տա­նի եւ Ատրպէյ­ճա­նի հան­րա­պետու­թիւննե­րու մի­ջեւ խա­ղաղու­թեան պայ­մա­նագ­րի կար­գա­ւոր­ման նիւ­թով դի­մած է ԵԱՀԿ-ի Մինսկեան խմբա­կի հա­մանա­խագահ­նե­րուն»։

Ինչպէս պի­տի յի­շենք Ատրպէյ­ճան նա­խորդ շա­բաթ հինգ յօ­դուած­նե­րու մէջ ձե­ւաւո­րած էր խա­ղաղու­թեան դա­շին­քի պայ­մաննե­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ