Հրանդ Տինք Հիմնադրամի դէմ սպառնալիքի դատավճիռ կայացուած է

Մայիս 27, 28 եւ 30-ին էլ. փոս­տով Հրանդ Տինք հիմ­նադրա­մին սպառ­նա­լիք­ներ հնչեց­նող Էր­սին Պաշ­քան եւ Հիւ­սէ­յին Աթէշ «Անա­նուն տա­ռերու կամ յա­տուկ նշան­նե­րու շղթա­յով սպառ­նալ» մե­ղադ­րանքով՝ դա­տուե­ցան։

Իս­թանպու­լի 56-րդ Հիմ­նա­կան Ատեանի մէջ կա­յացող դա­տավա­րու­թեան ներ­կայ էին կող­մե­րու փաս­տա­բան­նե­րը։ Նիս­տի ըն­թացքին բո­ղոքող­նե­րու փաս­տա­բան­նե­րը նշե­ցին, որ իրենք ընդհա­նուր առ­մամբ հա­մաձայն են կար­ծի­քի ազա­տու­թեան, սա­կայն խնդրոյ առար­կայ յան­ցա­գոր­ծութիւ­նը կա­տարո­ւած է՝ օգ­տո­ւելով գո­յու­թիւն ու­նե­ցող կամ են­թադրեալ կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու վա­խեց­նող ու­ժէն։ Հոն կը յի­շատա­կուի նաեւ Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թիւնը։ Փաս­տա­բան­նե­րը պա­հան­ջած են ամ­բաստան­յալնե­րուն պատ­ժել «որա­կաւոր սպառ­նա­լիք» յան­ցանքի հա­մար։ Ի պաշտպա­նու­թիւն ամ­բաստա­նեալի փաս­տա­բանը պա­հան­ջած է ար­դա­րաց­նել անոնց՝ նշե­լով, որ իր պաշտպա­նեալ­նե­րը կազ­մա­կեր­պութեան հետ կապ չ՚ու­նին, եւ խնդրոյ առար­կայ որա­կեալ իրա­վիճա­կը չէ առա­ջացած։ Դա­տարա­նը, իր որո­շու­մը հրա­պարա­կելով պաշտպա­նական եւ ըն­դունո­ւած յայ­տա­րարու­թիւննե­րէն ետք, մե­ղադ­րեալ Հիւ­սէ­յին Աթէ­շին դա­տապար­տեց 2,5 տա­րուայ ազա­տազրկման՝ «շղթա­յական սպառ­նա­լիք­ներ» յան­ցանքի հա­մար, իսկ մե­ղադ­րեալ Էր­սին Պաշ­քա­նին նոյն յան­ցա­գոր­ծութեան հա­մար դա­տապար­տեց 2 տա­րուայ ազա­տազրկման։ Իս­թանպու­լի Գլխա­ւոր Դա­տախա­զու­թեան կող­մէ նա­խապատ­րաստո­ւած մե­ղադ­րա­կան եզ­րա­կացու­թեան, իբ­րեւ բո­ղոքող­ներ գրան­ցո­ւած են 9 անձ, որոնք են Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի Վար­չա­կան խոր­հուրդի նա­խագա­հը, ան­դամնե­րը եւ փաս­տա­բան Ֆեթ­հի­յէ Չե­թինը։ Մե­ղադ­րա­կան եզ­րա­կացու­թեան մէջ կը նշո­ւի թէ Քո­նիայի մէջ բերման են­թարկո­ւած եւ Իս­թանպուլ ղրկո­ւելով ձեր­բա­կալո­ւած Հիւ­սէ­յին Աթէ­շը, երեք ան­ջատ սպառ­նա­լիք­ներ իրա­կանա­ցու­ցած էր՝ Մա­յիսի 27-28-ին էլեկտրո­նային նա­մակ ու­ղարկե­լով եւ Հրանդ Տինք հիմ­նադրա­մի Instagram-ի հա­շուին։ Նոյնպէս Մա­յիսի 23-ին «Անա­նուն նա­մակով կամ յա­տուկ նշան­նե­րով սպառ­նա­լու» յան­ցանքի հա­մար պա­հան­ջուած էր ազա­տազրկում՝ 7,5 տա­րիէն մին­չեւ 26 տա­րի 3 ամիս ժամ­կէ­տով։

Մե­ղադ­րա­կան եզ­րա­կացու­թեան մէջ, կ՚ըսո­ւի թէ կաս­կա­ծեալ Էր­սին Պաշ­քա­նը, որ իրա­կանա­ցու­ցած է երկրորդ սպառ­նա­լիքի մի­ջադէ­պը, Մա­յիսի 30-ին սպառ­նա­լից հա­ղոր­դագրու­թիւն ու­ղարկել Հրանդ Տինք հիմ­նադրա­մի էլեկտրո­նային հաս­ցէին։ Անոր հա­մար ալ կը պա­հան­ջո­ւէր 8 տա­րի 9 ամիս ազա­տազրկում։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ