Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ, քննարկելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու ջանքերը։ Լուրը կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը՝ վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը։
Անոնք քննարկեցին Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեւական եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագիրի մը հասնելու ջանքերը։ Պլինքըն վերահաստատեց Միացեալ Նահանգներու շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան եւ ընդգծեց Հայաստանի հետ երկկողմ համագործակցութիւնը ընդարձակելու ջանքերը։
Քննարկուեցան նաեւ Արցախի առաւել քան 100,000 բռնի տեղահանուած անձերու մարդասիրական հարցերը եւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ զանոնք յաղթահարելու վերաբերող քայլերը։ Ընդգծուեցաւ միջազգային հանրութեան աջակցութեան կարեւորութիւնը։
Պլինքըն հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ եւ ողջունեց «Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տեւական ու արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագիր մը կնքելու, նախագահ Ալիեւի յանձնառութիւնը»։
«Նախարարը ընդունեց, որ այս երկարատեւ հակամարտութիւնը տառապանքներ պատճառած է թէ՛ ատրպէյճանցիներուն եւ թէ հայերուն, եւ ընդգծեց այն օգուտները, զորս խաղաղութիւնը տարածաշրջանին մէջ կրնայ բերել բոլորին», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։
Յարաբերութիւններու կարգաւորման նպատակով Պլինքըն առաջարկեց, որ Օ՛Պրայըն Դեկտեմբերին այցելէ Ատրպէյճան։ Ալիեւ համաձայնեցաւ այս առաջարկին։ պայմանով, որ այս այցելութենէն ետք Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն համար Միացեալ Նահանգներ մեկնելու արգելքը վերցուի։ Կը նշուի, որ նախարար Պլինքըն համաձայն գտնուեցաւ։
Աւելի կանուխ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու օգնական, դեսպան Ճէյմս Օ՛Պրայըն յայտարարած էր, որ Ուաշինկթըն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան իրական կարելիութիւն կը տեսնէ եւ կը կարծէ, թէ անկէ պիտի օգտուի ամբողջ տարածաշրջանը։ «Մեզ կ՛ոգեւորէ այն, որ երկու կողմերը իրարու հետ կապ կը հաստատեն ուղղակիօրէն եւ միջնորդներու միջոցով։ Այս մէկը նկատի ունենալով։ մենք կը տեսնենք, թէ կայ իրական կարելիութիւն, որմէ ամբողջ տարածաշրջանը կրնայ օգուտ ստանալ», ըսած էր Օ՛Պրայըն։