Սարգիս Սերովբեանի յիշատակին
ՄՈՒՐԱՏ ԷԶԷՐ
Սոյն տարուայ Սեպտեմբերի 17-ն է։ Ժամը երեկոյեան չորսը։ 20 քկ. կշռող ճամպրուկս շալկած «Հայորդոգիսուրբ» (Հայր, Որդի եւ Հոգին սուրբ) ըսելով դուրս ելայ տունէն։ Ուղղութիւնս դէպի Անգարա…
Համառօտեմ այս ոդիսականի պատմութիւնը։ Ամէն ինչ սկսաւ Վաքըֆգիւղի երէցներէն 94-ամեայ փաստաբան Պետրոս Մանճայի զրոյցներով։ Իմ նախորդ ճանապարհագրութիւնները «Ակօս»ի մէջ կարդալով ցանկացած էր ինծի հետ ծանօթանալ։ Հրաւիրեց իր մօտ եւ սկսաւ պատմել զանազան նիւթեր։ Այդ զրոյցները նկարահանեցի եւ ձայնագրեցի, որոնք հազիւ տեղադրուեցան 70 քասետներու մէջ։
Այս հանգրուանին աւելի յարմար պիտի ըլլայ նիւթը պատմել իր խօսքերով։ «1955-ի Մայիս ամիսն է։ Անգարայի Համալսարանի իրաւաբանական բաժնի երկրորդ դասարանի ուսանող եմ։ Երբ համալսարանը ամառուայ արձակուրդ հռչակեց, սկսայ գործ փնտռելու։ Երկաթուղիներու ընկերութեան դիմում կատարած էի եւ անոնք ալ զիս հրաւիրեցին քննութիւն մը անցկացնելու։ Յաջողեցայ այդ քննութիւնը եւ պաշտօնակոչուեցայ Չանքըրըյի կայարանին մէջ հսկիչ եւ տոմսավաճառի պաշտօնին։Իսկոյն մեկնեցայ պաշտօնակոչուած վայրը՝ Չանքըրը։
Այդ տարիներուն երկրորդական վարժարան աւարտածներն անգամ քիչ էին։ Իսկ ես համալսարանական։ Այնտեղ սորվեցայ նաեւ հեռագիրի յատուկ մորսի այբուբենը։
Աշխատանքի սկսելէս մօտ երեք ամիս վերջ էր որ, հանդիպեցայ ցնցոտիներու մէջ երկաթուղիներու վրայ ման եկող պարմանուհիներուն։ Աւելցուկ կիսավառ ածուխներ կը հաւաքէին երկաթգծի վրայ։ Զարմանքով անդրադարձայ թէ իրենց միջեւ հայերէն կը խօսին։ Նոյնիսկ կը քֆրեն ալ։ Քիչ մը աւելի մօտեցայ եւ հրամայական եղանակով –Աղջիկ հոս եկուր- ըսի։ Թախծոտ լռութիւն մը պատեց Չանքըրըյի կայարանը։ Թէ անոնք, թէ ես շուարած էինք։ Ժպտելով գլխիկոր մօտեցաւ։ -Ամօթ չէ՞։ Դուն սիրուն աղջիկ մըն ես, հայհոյանքը չի վայելեր քո բերնիդ։ Ի՞նչ է այս խօսած լեզուդ։
Առանց հայեացքը վեր առնելու, նոյն գլխիկոր դիրքով եւ ամօթխածութեամբ պատասխանեց։ -Բոշայերէն է պարոն, մեզի բոշայ կ՚ըսեն։
Այս լսելով առարկեցի։ -Աղջիկս դուն բոշայ չես, հայերէն կը խօսիս, ուրեմն հայ ըլլալու ես-։
Այդ պահուն միջին տարիքով կին մը, որ կը հսկէր աղջիկներուն վրայ, միջամտեց զրոյցին –Մեր նախնիներու լեզուն է, այո մենք հայ ենք-։ վրայ հասաւ հասակակից ուրիշ կնոջ մը առարկութիւնը։ -Չէ՛ չէ մենք բոշայ ենք, բոշայերէն կը խօսինք»։
Պետրոս Մանճայի այս պատմութիւնն էր որ զիս դրդեց նման աշխատանքի։ Գիշերուայ ժամը 22.00-ին հասայ Անգարայի կայարանը։ Փորձեցի Չանքըրըյի համար տոմս մը վերցնել, բայց չյաջողեցայ։ Ստիպուեցայ մինչեւ յաջորդ առաւօտ սպասել եւ յաջորդ առաւօտ հանրաշարժի երկու ժամուայ ճամբորդութիւնով Չանքըրը հասայ։ Չանքըրըյի մէջ ինծի հետաքրքրող վայրը նախ եւ առաջ կայարանն էր։ Կ՚ուզէի նախ ազատուիլ ծանր բեռէն։ Դժուարանալով ճարեցի հիւրանոց մը եւ լուսանկարչական գործիքս առնելով ուղղուեցայ դէպի կայարան։ Սկսայ նկարել։ Այդ պահուն կը մտաբերէի Պետրոս Մանճան։ Անոր աշխատած, պաշտօնավարած տեղերը ենթադրել կը ջանայի։ Մէկ կողմէն ականջիս կը հնչէր «Եասաք, եասաք» այսինքն արգիլուած է ազդարարութիւն մը ու ես չլսած ձեւացնելով քանի մը քատրեր եւս առի։ Ուղղուեցայ դէպի այդ ազդարարութեան եկած կողմը, բարեւեցի իրենց։ Մինչ այդ անոնք կը փորձէին բացատրել թէ կայարանի մէջ լուսանկարելու համար պէտք էր Անգարայէն արտօնութիւն ստանալ։ Նկատած էի կայարանի վերեւէն անցնող կամուրջը։ Այդ տեղի դիրքը շատ յարմար էր եւ ես կամուրջէն կրնայի նկարել կայարանի բոլոր համալիրը։
Բջջային հեռախօսի տեսախցիկը բանալով զանգահարեցի Պետրոս քեռիին։ Պատմեցի թէ ուր եմ եւ ինչ կ՚ընեմ։ Շատ ազդուեցաւ եւ կարծես բառերը դժուարացան բերնէն դուրս գալու։ Զգացի թէ կը հեծկլտայ։ Պահեր կան ուր լռութիւնը աւելի խօսուն է, քան շատախօսութիւնը։ Արդէն յոգնած էի, հիւրանոց հասնելով սկսայ դասաւորել բոլոր նկարահանումները երկու անջատ բաժնի մէջ։ Յետոյ տեղադրեցի «ԵուԴուպ»եան իմ էջին։ Երեք ժամ խլեց այդ աշխատանքը եւ պէտք էր քանի մը ժամ հանգստանալ, քանի որ յաջորդ օրը շատ աւելի ծանրաբեռնուած պիտի ըլլար։
Յաջորդ առաւօտ հիւրանոցի մէջ նախաճաշելէ ետք դուրս եկայ եւ սկսայ հարցուփորձ ընել թէ ինչպէ՞ս կրնամ երթալ բոշաներու թաղամասը։ Տրուած բացատրութիւններու հետեւելով հասայ քաղաքին այդ հատուածը, ուր զիս կը դիմաւորէին նեղլիկ փողոցներ, հնամաշ տուներ, որոնց մէջ նկատեցի անխնամութիւնը։ Սակայն այդ ամբողջի մէջ հատուկենտ հանդիպեցայ նաեւ շգեղ ապարանքներու, որոնք իրենց հմայիչ տեսքը պահած էին ի դէմ անցնող տասնամեակներու։
Պատահական կերպով հանդիպեցայ թաղի մուխթարին։ Ան ալ վկայեց թէ այս հատուածը երբեմնի հայոց թաղն է։ Հիացումով մատնացոյց ըրաւ շգեղ ապարանքի մը մուտքի դուռը։ Իսկապէս ալ փայտաշէն այդ դուռը շատ գեղեցիկ նախշերով զարդարուած էր։ Մուխթարը շարունակեց իր բացատրութիւններուն, ցաւ յայտնելով տուներու անխնամ վիճակի մասին։ Պատմեց թէ կազամուղ խողովակաշարը դեռ նոր հասած է իրենց թաղը եւ բնակչութեան մեծամասնութիւնն ալ պետական օժանդակութեան կարօտ վիճակի են։ Յետոյ աւելցուց ըսելով որ քու փնտռած բոշաներու թաղամասը դէպի վեր բարձրացող բլուրի լանջին է եւ առաջնորդեց զիս դէպի այդ կողմ։
Հանդիպած առաջին տուներուն դռները թակեցի, բայց ձայն տուող չեղաւ։ Քանի մը տուն այդպէս անցնելէ ետք հանդիպեցայ տարեց մամիկի մը։ Պարզեցի նպատակս եւ հնազանդելով իր նշմարին հետեւեցայ անոր քայլերուն։ Հազիւ 100 մեթր առաջացանք արդէն լսելի դարձան մարդկանց ճռուողիւնը։ Ինծի ներկայացուց մի օտարականի, որ 60 տարեկաններուն կ՚երեւէր հսկայակազմ եւ ուշիմ հայեացքով։ Մայթի եզրը ցոյց տալով առաջարկեց նստիլ։ Պահ մը աչք աչքի եկանք եւ ան մրմնջաց առաջին բառերը։
-Բարեւ, բարի եկած ես։
-Բարեւ, բարի տեսանք։
-Ես Զիւլֆիքար, 60 տարեկան եմ։
-Իմ անունս ալ Մուրատ է։ Ուրախ եմ քեզի ճանչնալով։
Այդ պահուն տուներու լուսամուտներէն կանայք, փողոցը երախաներ եւ երիտասարդներ զարմանքով կը դիտէին օտար բոշան, այսինք զիս, որ բոշայերէն ալ կը խօսիմ։ Բջջային հեռախօսով զիս կը նկարեն։ Ես ալ զիրենք կը նկարէի արդէն։ Սեւ յօնք ու աչքով ուշիմ երախայ մը ուշադրութեամբ կը նայէր իմ լուսանկարչական գործիքին։ Նկատեցի անոր հետաքրքրութիւնը եւ գործիքը յանձնեցի իրեն պատուիրելով որ ինծի համար նկարէ ինչ որ ուզէ։
Զիւլֆիքարը ցոյց տուաւ երեք ինքնաշարժներ, որոնք բեռցուած էին Թաշքէօփրիւի սխտորով։
-Մեր ապրուստը այս է ահա։ Սխտոր ծախելով կ՚ապահովենք օրապահիկը։ Անցեալին մաղ կ՚արտադրէինք։ Հիմա այդ գործը այդքան ալ շահութաբեր չէ այլեւս։
-Մեր մօտ սուտ չըլլար։ Թմրեցուցիչ չօգտագործուիր։ Մենք բարի մարդիկ ենք։ Յետոյ զիս հրաւիրեց իր տունը։ Լայն բակէ մը անցանք եւ փայտաշէն աստիճաններով վեր բարձրացանք։ Լսեցի իրենց ապրած դժուարութիւնները։
-Մենք երկրորդ կարգի քաղաքացիներ ենք։ Նոյնիսկ քարկօ փոխադրողները հոս գալ չեն ուզեր։ Պետական գրասենեակներու մէջ ալ մեր գործերը միշտ դժուարութեամբ կ՚ընդանան։ Մեր պապերը հայ եղած են։ Խօսուած լեզուն ալ հայերէն է։ Ժամանակի ընթացքին կրօնափոխ եղանք։ Մեզմէ ոմանք ալեւիադաւան են իսկ շատերն ալ սիւնի՝ մահմետական։ Բայց կը պահենք մայրենի լեզուն եւ կ՚աշխատինք որ նոր սերունդն ալ այդ լեզուն խօսի։
Արձանագրեցինք իրարու հեռախօսահամարները։
-Իմ դուռը միշտ բաց է քու դիմաց։ Երբ որ ուզես կրնաս այցելել։
Ես ալ համապատասխան կերպով ըսի որ եթէ Իսթանպուլ գալու ըլլայ անպայման զանգահարէ։
Հետս մատիտ, տետրակ եւ շաքարեղէն բերած էի, որոնք բաժնեցի երախաներուն։ Անոնց երջանկութիւնը նկարագրելու բառեր գտնելու կը դժուարանամ։ Արեւը հետզհետէ մայրը մտած էր եւ երեկոյեան ցուրտը կ՚ազդարարէր հիւրանոց վերադառնալու ժամը։ Սխտորով բեռցուած ինքնաշարժով Թուրկայը զիս տարաւ մինչեւ հիւրանոցի մուտքը։
Կիսաւարտ մնաց բոշաներու թաղի նկարահանումները, բայց յաջողած էր առաջին շփումը։ Խիստ զգայական եւ իմաստալից ծանօթութիւն մըն էր այս։ Պատմական առաքելութիւն մը իրականացնելու հպարտութիւնը եւ երջանկութիւնը պատած էր զիս։ Վաքըֆգիւղի աւագ սերունդէն փաստաբան Պետրոս Մանճա քեռիին յուշերուն կողքին այս աշխատանքի ընթացքին յաճախ յիշեցի «Ակօս«ի բազմավաստակ սիւներէն Սարգիս Սերովբանը։ Կը երեւակայեմ թէ ան ինչպէ՞ս պիտի ուրախանար, երբ լսէր այս բոլորը։
Վերջապէս շատ երախտապարտ եմ Պետրոս քեռիին, որ «Ակօս»ին մէջ լոյս տեսած գրութիւններս կարդալով ինծի հետ կապ հաստատեց եւ պատմածներով առիթ եղաւ այս աշխատութիւնը կատար հանելուս։