Վերջին Կտաւի Առջեւ

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

norayrdaduryan@gmail.com

Աշակեր­­տա­­­կան խումբով Հա­­յաս­­տա­­­նի Ազ­­գա­­­յին Պա­­տերաս­­րա­­­հի մէջ կը դի­­տենք «Կո­­միտաս. Վեր­­ջին Գի­­շերը» կտա­­ւը: Ահա այս կտաւն էր, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, որ իր անու­­նը շնոր­­հեց իմ նա­­խորդ եօթը յօ­­դուած­­նե­­­րուս: Այս կտա­­ւի մէջ Կո­­միտա­­սը ներ­­կա­­­յացո­­ւած է որ­­պէս հայ մտա­­ւորա­­կանու­­թեան հա­­ւաքա­­կան կեր­­պար: Ուստի ես փոր­­ձե­­­ցի նկա­­րագ­­րել եօթը հայ մտա­­ւորա­­կան­­նե­­­րու՝ Զոհ­­րա­­­պի, Երու­­խա­­­նի, Սե­­ւակի, Սիաման­­թո­­­յի, Քրի­­սեանի, Տո­­րեանի եւ Զար­­դա­­­րեանի Վեր­­ջին Գի­­շերը՝ անոնց 23 Ապ­­րի­­­լը: Շա­­բաթ մը առաջ ալ այ­­ցե­­­լեցի վար­­դա­­­պետին, անոր հրա­­ժեշ­­տի բա­­րեւ մը տա­­լու: Իսկ այժմ կը յի­­շեմ այն օրը, երբ Երե­­ւանի մէջ, բո­­լորս նստած էինք այդ մե­­ծածա­­ւալ պաս­­տա­­­ռի առ­­ջեւ: Պատ­­կե­­­րաս­­րա­­­հի ու­­ղե­­­ցոյ­­ցը ժպի­­տով բա­­րեւեց բո­­լորիս: Ան պատ­­րաստ է տե­­ղեկու­­թիւններ փո­­խան­­ցե­­­լու, մինչդեռ ես՝ միտքս դեռ Պոլ­­սոյ մէջ, հոս պատ­­կե­­­րուած տե­­սարա­­նը կը փոր­­ձեմ հա­­մեմա­­տել Կո­­միտա­­սի իս­­կա­­­կան աշ­­խա­­­տասե­­նեակի հետ: Երբ ու­­ղե­­­ցոյց աղջկան ներ­­կա­­­յացու­­մը եւ իմ մտքի պտոյտս վեր­­ջա­­­նան, յայտնի պի­­տի ըլ­­լայ, թէ նկա­­րիչի երե­­ւակա­­յու­­թիւնը աւե­­լի վսեմ եւ ազ­­դե­­­ցիկ է, քան իրա­­կան տե­­սարա­­նը:

Ռու­­սը զար­­մա­­­ցաւ

- Բա­­րի էք եկել երե­­խէք, ո՞նց էք, հա­­ւանե­­ցի՞ք Հա­­յաս­­տա­­­նը,- ջեր­­մօ­­­րէն կը զրու­­ցէ ու­­ղե­­­ցոյ­­ցը աշա­­կերտնե­­րու հետ: Խորհրդա­­յին Միու­­թիւնում յի­­շողու­­թեան եր­­կա­­­րատեւ լռու­­թիւնը խախ­­տեց ա՛յս նկա­­րը, որը առա­­ջին ան­­գամ ցու­­ցադրո­­ւեց Մոս­­կո­­­ւայում 1956 թո­­ւին, «Հայ արո­­ւես­­տի եւ գրա­­կանու­­թեան տաս­­նօ­­­րեակի» շրջա­­նակ­­նե­­­րում:

Ճիշդ է. Ռու­­սե­­­րու հա­­մար յայտնու­­թիւն էր Կո­­միտա­­սը եւ հա­­յոց պատ­­մութեան այս ծա­­ծուկ շրջա­­նը: Սա­­կայն, 1953-1964 թո­­ւական­­նե­­­րը Խորհրդա­­յին պատ­­մութեան «Խրուշչո­­վեան ձնհալ» (կամ՝ ձիւնհալ) կո­­չուած տաս­­նա­­­մեակն էր, երբ աւար­­տած էր Ստա­­լինի պաշ­­տա­­­մունքը, քա­­ղաքա­­կան բան­­տարկեալ­­նե­­­րուն կը շնոր­­հո­­­ւէր ազա­­տու­­թիւն, կը լու­­ծա­­­րուէր ԳՈՒ­­ԼԱԳ-ը, մտա­­ւորա­­կան­­ներ կը վա­­յելէ­­նի խօս­­քի որոշ ազա­­տու­­թիւններ եւ կար ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծա­­­կան գոր­­ծունէու­­թեան մեծ ազա­­տու­­թիւն։ Ար­­ժա­­­նապէս, գե­­ղան­­կա­­­րը տի­­րացաւ ոս­­կի մե­­դալի եւ դար­­ձաւ Ազ­­գա­­­յին պատ­­կե­­­րաս­­րա­­­հի հան­­րա­­­ճանաչ այ­­ցե­­­քար­­տը:

Հան­­րա­­­ծանօթ գե­­ղան­­կա­­­րը

Կտա­­ւի վրայ Կո­­միտա­­սը նստած է իր դաշ­­նա­­­կի առ­­ջեւ: Դէմ­­քը այ­­լայլած է: Ան հա­­գած է կար­­միր գի­­շերա­­նոց վեր­­նազգես­­տը՝ խա­­լաթը։* Ձա­­խին մո­­մակալ մը կը լու­­սա­­­ւորէ ձե­­ռագիր նօ­­թագ­­րութիւննե­­րը: Ետե­­ւի պա­­տին վրայ կա­­խուած է հայ­­կա­­­կան գորգ մը, որ գե­­ղեց­­կութիւ­­նը կ՚ամ­­բողջաց­­նէ արե­­ւելեան «տի­­ւան»ին։ Անոր վրայ դրուած է աշու­­ղի սազ մը: Աջին կայ մու­­թը, մու­­թի մէջ ալ, կի­­սաբաց դրան ետեւ, հա­­զիւ նշմա­­րելի եր­­կու կամ երեք ու­­րուական­­ներ, պաշ­­տօ­­­նեաներ, որոնք եկած են զինք ձեռ­­բա­­­կալե­­լու: Գե­­ղան­­կա­­­րին ամե­­նէն խորհրդան­­շա­­­կան եւ յու­­զիչ մա­­սը սա­­կայն սե­­նեակի յա­­տակն է: Հոն փռո­­ւած է ար­­նա­­­կար­­միր հայ­­կա­­­կան գորգ: Գոր­­գի գոյ­­նը, կը հա­­ւատա՞ք, պատ­­ճառ եղած է ռուս եւ հայ կող­­մե­­­րու վի­­ճաբա­­նու­­թեան առար­­կայ:

Կար­­մի­­­րը գոյն չէ

Ռուս նկա­­րիչ եւ արո­­ւես­­տի փոր­­ձա­­­գէտ Պո­­րիս Եոգ­­նանսո­­նը առա­­ջին հա­­յեաց­­քին մատ­­նանշեց կար­­միր գոյ­­նի առա­­տու­­թիւնը: Ճիշդ է նկա­­րի իշ­­խող եր­­կու գոյ­­ներն են վառ կար­­մի­­­րը եւ խա­­ւար սե­­ւը: Եոգ­­նանսո­­նը ըսաւ. (մօ­­տաւոր թարգմա­­նու­­թեամբ). «Եթէ յա­­տակին փռո­­ւած գոր­­գը նկա­­րուած ըլ­­լար կա­­նանչ կամ երկնա­­գոյն կա­­պոյտ՝ շատ շա­­հեկան պի­­տի ըլ­­լար պատ­­կե­­­րի գե­­ղան­­կարչա­­կան ամ­­բողջ կա­­ռու­­ցո­­­ւած­­քի հա­­մար»: Ու­­ղե­­­ցոյց աղ­­ջի­­­կը եւ ես հա­­մաձայն ենք. ռուս նկա­­րիչը եւ քննա­­դատը հա­­շու­ի չէր առած կար­­միր գոյ­­նի խորհրդան­­շա­­­կան իմաս­­տը՝ Կար­­միր Վար­­դա­­­նի, Որ­­դան կար­­մի­­­րի ազ­­գին հա­­մար: Նկա­­րիչը դե­­րեւս իրա­­ւունք ու­­նէր նկա­­րիչի աչ­­քով: Սա­­կայն Մու­­րա­­­դեանը ցան­­կա­­­ցեր էր շեշ­­տադրել հայ ազ­­գի արիւ­­նոտ պատ­­մութիւ­­նը։

Կի­­սաբաց դու­­ռը

Կո­­միտա­­սի Պոլ­­սոյ բնա­­կարա­­նը Սուրբ Յա­­կոբ հի­­ւան­­դա­­­նոցի եկամ­­տա­­­բեր տու­­նե­­­րէն մէկն է: Երկյար­­կա­­­նի են այդ տու­­նե­­­րը, որոնց երկրորդ յար­­կի վրայ ցցո­­ւած կը տես­­նէք «ճումպա» մը, այ­­սինքն փոքր ելունդ մը դէ­­պի փո­­ղոց: Այդ տե­­սակ տան մէջ ապ­­րո­­­ղը գի­­տէ, թէ եթէ դու­­ռը զար­­նուի, բնա­­կիչը նախ կ’եր­­թայ «ճումպա», կը բա­­նայ ձախ պա­­տու­­հա­­­նը, կը նա­­յի վար ու կը տես­­նէ, թէ ո՛վ եկած է: Ապա ան կ’իջ­­նէ ու դու­­ռը կը բա­­նայ: Մու­­րա­­­դեանի նկա­­րը պի­­տի չու­­նե­­­նար նոյն ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը, եթէ Կո­­միտա­­սը նկա­­րուէր դրան առ­­ջեւ՝ զրկուած իր դաշ­­նա­­­կէն, լու­­սա­­­տու մո­­մակա­­լէն, նօ­­թանե­­րէն,, - եւ ամե­­նէն կա­­րեւո­­րը՝ ար­­նանման գոր­­գէն:

Լոյ­­սը Կո­­միտա­­սի վրայ

«Վեր­­ջին գի­­շերը» գե­­ղան­­կա­­­րի մէջ վար­­դա­­­պետի կէս­­գի­­­շերա­­յին աշ­­խա­­­տասե­­նեակը լու­­սա­­­ւորո­­ւած է ար­­դէն առ­­կայծող մո­­մերով: Աշ­­տա­­­նակը դրո­­ւած է դաշ­­նա­­­կի վրայ: Մինչդեռ, այն ժա­­մանակ Պոլ­­սոյ տու­­նե­­­րը ելեքտրա­­կանու­­թիւն ու­­նէին: Կո­­միտա­­սի աշ­­խա­­­տասե­­նեակը կը լու­­սա­­­ւորո­­ւէր եռա­­թեւ ջա­­հով մը**: Բայց, նկա­­րիչը ան­­տե­­­սելով արաս­­տա­­­ղէն կա­­խուած պղնձեայ լապ­­տե­­­րը, որ բո­­լոր դէմ­­քե­­­րը կրնար լու­­սա­­­ւորել, մո­­մակալ մը զե­­տեղե­­լով իր նկա­­րին մէջ, լոյ­­սը շնոր­­հած է լոկ վար­­դա­­­պետին:

- Միւսնե­­րը մութ են, կ’ըսէ Արէ­­նը, որ իր դա­­սըն­­կերնե­­րու նման, լռիկ, կ’ունկնդրէր ու­­ղե­­­ցոյ­­ցը: Իսկ ու­­ղե­­­ցոյց աղ­­ջի­­­կը, տես­­նե­­­լով զինք պա­­շարած պա­­տանի­­ներու հե­­տաքրքրու­­թիւնը, ներշնչո­­ւած ար­­դէն կը սկսի Կո­­միտա­­սի կեան­­քէն յու­­զիչ դրո­­ւագ­­ներ պատ­­մել:

Ձախ ձեռ­­քը

Ու­­ղե­­­ցոյ­­ցը կը հարցնէ. «Դուք չէ՞ք կար­­ծում, թէ Կո­­միտա­­սը խօ­­սում է մեզ հետ: Նա­­յէ՛ք ձախ ձեռ­­քին. Ի՞նչ է ասում վար­­դա­­­պետը»: Բազ­­մա­­­թիւ պա­­տաս­­խաններ.

- Լռու­­թի՛ւն… Չէ՞ք տես­­ներ, կ’աշ­­խատիմ,- սա՛ Վէ­­մի պա­­տաս­­խանն էր:

- Էֆէն­­տի­­­ներ, թիւ­­րի­­­մացու­­թիւն մը ըլ­­լա­­­լու է,- կը յու­­զո­­­ւի Տե­­րեւը:

- Կար­­ծեմ, վար­­դա­­­պետը կը փոր­­ձէ մեզ հան­­դարտեց­­նել, որ մենք չվախ­­նանք: Կը տես­­նեմ, որ աջ ձեռ­­քը դեռ ստեղ­­նա­­­շարի վրայ է: Հայ աշա­­կեր­­տը աշ­­խա­­­տասէր եւ ազ­­գա­­­սէր պէտք է որ ըլ­­լայ,- այս մէկն ալ Ամու­­րի կար­­ծիքն էր:

- Բո­­լորն ալ ճիշդ պա­­տաս­­խաններ են, կ’ըսէ ու­­ղե­­­ցոյց աղ­­ջի­­­կը, արո­­ւես­­տը են­­թա­­­կայ է մեն­­կա­­­բանու­­թեան եւ անձնա­­կան կար­­ծիքնե­­րի: Շնոր­­հա­­­ւորում եմ ձեզ:

Որո­­նումներ բա­­ռերու աշ­­խարհի մէջ

Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, եօթը մտա­­ւորա­­կան­­նե­­­րու 23 Ապ­­րի­­­լին՝ անոնց վեր­­ջին գի­­շերուան նո­­ւիրո­­ւած յօ­­դուա­­ծաշարս հա­­սաւ իր աւար­­տին: Իր աւար­­տին հա­­սաւ նաեւ այս գրու­­թիւննե­­րու անո­­ւանա­­դիր գե­­ղան­­կարրը՝ «Վեր­­ջին գի­­շերը» դի­­տելու մեր զրու­­ցա­­­ւոր այ­­ցե­­­լու­­թիւնը: Ժա­­մանա­­կը եկած է, որ վե­­րադառ­­նամ բա­­ռերու խորհրդա­­ւոր աշ­­խարհին ու բա­­ռի մը մէջ որո­­նեմ մեր ան­­ցեալի քաղցր, ար­­կա­­­ծալից, յա­­ճախ ար­­նանման պատ­­մութիւ­­նը:

* Խա­­լաթը. Մու­­րա­­­դեանը կտա­­ւը նկա­­րած է Ար­­տե­­­մի Այ­­վա­­­զեանի տան մէջ, Կո­­միտա­­սը նկա­­րուած է տան­­տի­­­րոջ խա­­լաթով, այ­­սինքն Ա. Այ­­վա­­­զեանի առա­­ւօտեան (կամ գի­­շերա­­յին) վեր­­նազգես­­տով:

** Պոլ­­սոյ ելեքտրա­­կան առա­­ջին գոր­­ծա­­­րանը բա­­ցուե­­ցաւ 6 Փետ­­րո­­­ւար 1914ին, գոր­­ծա­­­րանի խորհրդան­­շա­­­կան առա­­ջին լապ­­տե­­­րը այդ օր վա­­ռեց Հալ­­լա­­­ճեան էֆէն­­տին, ելեքտրա­­կան հո­­սան­­քը սկսաւ 11 Փետ­­րո­­­ւարին: Բա­­ժանորդնե­­րու թի­­ւը. 1914ին 2,055, 1918ին 12,894:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ