ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՒԻՆ
Մեծարանք Չոլաքեան Սրբազանի
Իսթանպուլի Հայ Կաթողիկէ համայքի վաստակաւոր առաջնորդ արհիապատիւ Գերապայծառ Յովհաննէս Չոլաքեան մեծարուեցաւ յոբելեանական հանդիսութիւնով։ Արհիապատիւ Սրբազանը յառաջացած տարիքի բերմամբ իր ծառայութիւնները թողած է Գերապայծառ Լեւոն Զէքիեանի եւ ինք կը մնայ իր աթոռին վրայ խորհրդանշական բնոյթով։
Փաստեր, յուշեր, վկայութիւններ
Ասում են մէկ հոգու ողբերգութիւնը ողբերգութիւն է, իսկ միլիոնների՝ վիճակագրութիւն։ Անշիրիմ մնացած զոհերի առջեւ մենք պարտաւորութիւն ունենք. փառատել վիճակագրութիւնը եւ մէկ առ մէկ անցնել զոհերի հետ իրենց Գողգոթայի ճամբան։ Եղեռնին իր 5 զաւակներին կորցրած Մարիցա Եղոյեանի յուշատետրը Կիւմրի քաղաքի «Կումայրի» թերթին տրամադրել էր նրա որդի՝ Զիդալ Եղոյեանը (ծն. 1934-ին), եւ այս յուշերը լոյս տեսան 1995-ի Ապրիլեան թիւի մէջ, իսկ ինձ հասան դրանք Եղոյեանի փեսայի՝ դստեր ամուսնու, Յովհաննէս Դուրգարեանի միջոցով։ Հազարաւոր վկայութիւնների մէջ ես զատեցի այս մէկը, որտեղ ցայտուն կերպով արտայայտուած է ոչ միայն ողբերգութեան խելակորուսութիւնը, այլ այդ ողբերգութեանը դիմադրողականութեան զօրաւոր ուժը, որի շնորհիւ մենք որպէս ազգ այսօր կանք։ Ահաւասիկ Մարիցա Եղոյեանի վշտապատումը։
Վերջապէս հայ թեկնածուներ
Ընտրութիւններու նախօրեակի ամենակարեւոր իրադարձութիւնը ըլլալ կը թուի Խորհրդարանի թեկնածուներու անուններու ճշդումը։ Շատեր շունչերը կտրած կը սպասէին այդ օրը, երբ օրինաւոր վերջին ժամկէտը կը լրանար Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբ յանձնելու համար թեկնածուներու անունները։
Կիւլիզարը իբրեւ դիմադրութեան ներշնչում
877-1878 տարեթիւը կը զուգադիպի նաեւ անկախութեան մասին ըսի ըսաւներուն, հողային կորուստի մտահոգութիւններուն ծայր տուած ժամանակահատուածի մը։ Ի դէմ այդ բոլորին, Իսթանպուլի կառավարութիւնը հայ ժողովուրդը ճնշելու համար կը դրդէ քրտական աշիրաթները։ Ահաւասիկ նոյն տարեթիւը հայ ժողովուրդի համար ալ սարսափի թուական մը ըլլալով կը ներկայանայ։ Այժմ այդ թուականի հոգեբանութեան գիտակցելու համար առիթ մը գոյացած է։ Իր մասին ողբերգներ հիւսուած արտակարգ կնոջ մը պատմութիւնն է մեր առջեւ։ Նոյն ինքն դստեր՝ Արմենուհի Գեւոնեանի կողմէ իր մօր պատումներով գրի առնուած Կիւլիզարի պատմութիւնը, տարածքաշրջանի սարսափելի գործիչին՝ Մուսա Պեկի կողմէ առեւանգուած 14 ամեայ մանկամարդուհիի մը կերպարին մէջ ժողովուրդի մը պատմութեան մասին պատմական վկայութիւններ կը բերէ։
Յոյսի նոր տարածք մը Հրանդ Տինք հիմնարկէն
Հրանդ Տինք հիմնարկը եւ «Ակօս» շաբաթաթերթը փոխադրուած են նոր աշխատավայր մը, ուր նախապէս կը գործէր հայկական վարժարան՝ «Անարատ Յղութիւն»ը։
Զօրակցութեան իմաստալից նախաձեռնութիւն
Լեւոն Վարդուհեանցիներու Սանուց Միութիւնընիւթական որոշ դժուարութիւններու առջեւ գտնուող Հրանդ Տինք վարժարանին օժանդակելու համար գտած է յարմար եղանակ մը։ Այսպէսով անոնք որոշած են Սուրբ Զատկի տօնի նախօրեակին արհեստական ձուեր ներկել եւ անոնք ղրկել դպրոց, որպէսզի աշակերտները վաճառեն եւ հասոյթը յատկացնեն հայաստանցի աշակերտներուն։
Դարաւոր Կաղնին՝ Հեղնա Տատիկը
Օրթագիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածնի եկեղեցւոյ կոչնակը երբ զանգէ, առաջին եկողներէն է Հեղնա Եոլտաշը։ Միշտ խնամուած է իր հագուստ-կապուստը։ Սպիտակ մազերը միշտ սանտրուած։ Ձեռքի պայուսակը կ՚ամբողջացնէ իր վայելուչ կերպարը։ Կը նախընտրէ եկեղեցւոյ ետեւի նստարաններէն մէկուն նստիլ։ Անտարբեր կը մնայ շուրջ բոլորի նկատմամբ եւ կ՚ամփոփուի ինքն իր մէջ։ Ես որ միշտ հետաքրքիր եմ մարդկանց ապրումներուն եւ մանաւանդ պատմութիւներուն նկատմամբ, չէի կրնար անտարբեր մնալ այս անուշիկ մեծ մայրիկին հանդէպ։ Ուստի եկեղեցիյէն ելքին մօտեցայ ու յայտնեցի փափաքս։ Բարի եղաւ ու կիսեց իր պատմութիւնը ինծի հետ։ Ես ալ ձեզ հետ կը կիսեմ, քաջ գիտնալով թէ դուք բոլորդ պիտի բաժնէք այս հայ կերպարի հարազատութիւնը։