ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹՒԻՆ
Հայերէնը օտար լեզու չէ որ յետոյ սորվինք
ՄԱԿ-ի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութիւնը ՈՒՆԵՍՔՕ 2008 տարեթիւը հռչակած էր «Լեզուներու Միջազգային Տարի»։ Նոյն թիւի 18 Փետրուարին հրատարակեց վտանգուած լեզուներու քարտէս մը։ Կը պարզուէր թէ ցարդ խօսուած 6 հազար 700 լեզուներէն 2 հազար 400-ը կորսուելու վտանգի հետ դէմ յանդիման են։ Այդ լեզուներէն 18 հատը կը խօսուէր Թուրքիոյ տարածքին վրայ, որոնցմէ մէկն էր նաեւ Արեւմտահայերէնը։ Արեւմտահայերէն խօսողներու նուազումը թրքահայութեան գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկն է։ Սակայն վերջերս յատկապէս հայ երիտասարդներու մօտ մայրենի լեզուի նկատմամբ հետաքրքրութեան աճը նոր յոյսեր կը թելադրէ։ 21 Փետրուար Մայրենի Լեզուի Համաշխարհային Օրուան առթիւ Արեւմտահայերէնի թրքահայոց համար նշանակած կարեւորութեան շուրջ զրուցեցինք «Ժամանակ» թերթի խմբագիր եւ Մխիթարեան Վարժարանի հայերէնի ուսուցիչ, լեզուաբան, Սեւան Տէյիրմէնճեանի հետ։
Հիմնարկը՝ յաջորդ յիսնամեակի հեռանկարով
Նախորդ թիւերուն մէջ արդէն արտայայտուած էինք Պոլսահայ Ուսուցիչներու Հիմնարկ 50 ամեակին։ Արդարեւ նախորդ Կիրակի օր հիմնարկը աշխարհիկ եւ կրօնական հանդիսութիւններով նշեց հիմնարկութեան յոբելեար տարին։ Այս առթիւ հիմնարկի Պոլսահայ իրողութեան մէջ կատարած դերակատարութեան շրջագըծով հարցազրոյց մը ունեցանք հաստատութեան երկրորդ քարտուղար Մարիամ Տրամերեանի հետ։ Ան նշեց, որ հինգ տարիներ առաջ հիմնարկի նախկին տնօրէն Կարօ Կարապետեանի հրաւէրով ստանձնած էր այս հաստատութենէ ներս վարչական պաշտօնը։