Աքսորի վէպ մը՝ «Սէրվանդէս»

սեւան տէյիրմենճեան

րու­նօ Ֆրանք 1933-ին ստի­պեալ կը հե­ռանայ Գեր­մա­նիայէն, ուր նա­ցիոնալ-սո­ցիալիստներ իրենց ան­սանձ իշ­խա­նու­թեամբ հետզհե­տէ ան­տա­նելի մի­ջավայր մը կը ստեղ­ծէին մտա­ւորա­կան­նե­րուն, այ­լա­խոհ­նե­րուն ու մա­ւաւանդ հրեայ քա­ղաքա­ցինե­րուն հա­մար։ «Սէր­վանդէս» կը հրա­տարա­կուի տա­րի մը անց, 1934-ին, Ամստեր­տա­մի մէջ։ Աք­սո­րական կեան­քի մը ծնունդն էր այս գոր­ծը։ Գեր­մա­նիայէն հե­ռանա­լէն ետք Ֆրանք բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած էր նախ Զո­ւիցե­րիոյ, ապա հա­րաւա­յին Ֆրան­սա­յի մէջ, ուր ար­դէն գո­յացած էր փախստա­կան գեր­մա­նացի­ներու կեդ­րոն մը։ Վէ­պին հրա­տարա­կու­թիւնը կը զու­գա­դիպի ճիշդ այս շրջա­նին, այ­սինքն նախ­քան 1935-ը, երբ հե­ղինա­կը բնա­կու­թիւն պի­տի հաս­տա­տէր Լոն­տոն, ապա Զալցպուրկ։

Վէ­պին հրա­տարա­կիչը՝ «Քո­ւերի­տօ», պա­տահա­կան անուն մը չէր ար­դա­րեւ։ Նոյնպէս աք­սո­րական հաս­տա­տու­թիւն մըն էր ան։ Ո՚չ միայն Ֆրանք, շրջա­նի յա­ռաջա­տար գեր­մա­նահ­րեայ ու այ­լա­խոհ հե­ղինակ­ներն ալ, ինչպէս Ատօռ­նօ, Տէօպ­լին, Այնշթայն, Մանն, Ռե­մարք, Շնից­լեր եւն., իրենց հա­տոր­նե­րը կը հրա­տարա­կէին այստեղ (որ Մա­յիս 1940-ին, երբ գեր­մա­նական զօր­քը ներ­խուժեց Հո­լան­տա, ճնշումնե­րու են­թարկո­ւեցաւ Կես­թա­փոյէն։

Ֆրան­քի պատ­մա­կան վէպ ստեղ­ծե­լու առա­ջին փոր­ձը չէր «Սէր­վանդէս». հե­ղինա­կը նա­խապէս՝ 1926-ին Illustrirte Zeitung-ի մէջ որ­պէս թեր­թօն տպագ­րած էր Trenck. Roman eines Günstlings («Թրենք. գե­րիի մը վէ­պը») ստեղ­ծա­գոր­ծութիւ­նը։ «Սէր­վանդէս»ի պա­րագա­յին պատ­մա­կան վէ­պի հան­գա­ման­քը շու­քի տակ կը մնայ սա­կայն կը շեշ­տո­ւի աք­սո­րի վէպ (Exileroman) մը ըլ­լա­լը։ Դա­տելով թո­ւական­նե­րէն, կա­րելի է են­թադրել, թէ հե­ղինա­կը զայն սկսած էր գրել Գեր­մա­նիոյ մէջ, նա­ցիոնալ-սո­ցիալիստնե­րու իշ­խա­նու­թեան տա­րինե­րուն։

Վէ­պի մը հա­մար հա­րուստ նիւթ կ՚ապա­հովէ սպա­նացի մեծ գրո­ղին կեան­քը։ Ձօ­ներգներ ու տա­ղեր յօ­րինող գա­ւառա­կան գրիչ մը, որու ար­կածնե­րու սի­րահար հո­գին զին­քը կը վե­րածէ աս­տանդա­կան խա­չակիր զի­նուո­րակա­նի մը։ Տա­րիներ անա­պահով ու ան­յա­ջող թա­փառա­կան կը դառ­նայ ան՝ 7 Օգոս­տոս1571-ին մաս­նակցե­լէ ետք Լե­փան­թո­յի (Ինե­պահ­թը) ծո­վամար­տին, ուր կը հաշ­մո­ւի ձախ թե­ւը։ Թա­փառա­կան զի­նուո­րակա­նը օր մըն ալ կը յայտնո­ւի ծո­վահէն­նե­րու ձեռ­քը, կը տա­րուի Ալ­ճե­րիա։ Յօ­ժարա­կամ հայ­րե­նիքէն հե­ռու գտնո­ւելու հո­գեվի­ճակը թե­րեւս եր­բեք այսքան դառն եղած չէր իրեն հա­մար, նոյ­նիսկ պա­տերազ­մի օրե­րուն։ Սէր­վանդէս գե­րի մըն է այ­լեւս, բռնու­թեամբ պա­հուող հսկո­ղու­թեան տակ, իրաւ աք­սո­րական մը, որուն հա­մար նո­ւազա­գոյն բա­րեբախ­տութիւն մըն էր տե­ղական հե­ղինա­կու­թեան մը ու­ժեղ հո­վանա­ւորու­թիւնը։

Ֆրան­քի լե­զուին ողջ պատ­կե­րաւո­րու­թիւնը կա­րելի է տես­նել գոր­ծի եր­կայնքին։ Արե­ւել­քի նկա­րագ­րութիւ­նը, պա­տերազ­մի դրո­ւագ­նե­րը, բազ­մազգ հա­սարա­կու­թեան գու­նա­ւոր ներ­կա­յու­թիւնը վէ­պը յա­ռաջ կը մղեն հա­ճելիօրէն՝ առանց ձանձրաց­նե­լու, ծած­կա­բար խթա­նելով նաեւ ըն­թերցո­ղին երե­ւակա­յու­թիւնը։

Վէ­պը միջ­նա­դարեան կրօ­նամո­լու­թեան մա­սին խօ­սելու ժա­մանակ ըն­թերցո­ղին երե­ւակա­յու­թեան մէջ կը ստեղ­ծէ պատ­կերներ, որոնք ակա­մայ կ՚ու­րո­ւագ­ծեն նա­ցիական ծայ­րա­յեղու­թեան հա­սած հանգրո­ւանը Գեր­մա­նիոյ մէջ։ Օրի­նակ արեան քննու­թեան հա­մար ստեղ­ծո­ւած Անա­րատու­թեան գրա­սենեակը, ուր պէտք է ներ­կա­յանար Սէր­վանդէս՝ ապա­ցու­ցե­լու հա­մար թէ «ինք հին քրիս­տո­նեայ ըն­տա­նիքի մը կը պատ­կա­նի, որ չորս սե­րունդէ ի վեր զերծ մնա­ցած է արա­բական կամ հրէական արիւ­նէ»։ Այս հա­տուա­ծին մէջ հե­ղինա­կը կ՚անդրա­դառ­նայ անա­րատ ցե­ղի գա­ղափա­րին, որ ըստ իրեն «ան­տե­ղի էր Սպա­նիոյ հա­մար», քա­նի որ «իրա­րու խառ­նո­ւած էր արիւ­նը՝ Իպէ­րիացի­ներու, Պաս­քե­րու, Գել­դե­րու, Փիւ­նի­կեցի­ներու, Հռո­մէացի­ներու, Վան­տալնե­րու, Հրեանե­րու, Գո­դերու, Արաբ­նե­րու եւ Պէր­պէ­րինե­րու»։ Հա­կառակ այս ու այլ բո­լոր ճնշումնե­րուն՝ Արե­ւել­քի  ներ­կա­յու­թիւնն է որ իր գլխա­ւոր հե­րոսին բեր­նով կը գո­վեր­գէ հե­ղինա­կը, երբ կ՚ըսէ թէ քա­ղաքին մէջ «ինչ որ գե­ղեցիկ էր կը պատ­կա­նէր Արե­ւել­քին։ Արաբ­ներ ու հրեաներ Սպա­նիա բե­րած էին լա­ւագոյ­նը։ Մէ­կը՝ գե­ղեցի­կը, իսկ միւ­սը՝ գի­տու­թիւնն ու իմաս­տութիւ­նը»։ Ըստ Սէր­վանդէ­սի, «հա­ճելի պի­տի ըլ­լար այս մա­սին խօ­սիլ արեան քննիչ­նե­րուն»։ (Պատ­գամ մը՝ զոր կա­րելի է վերստին յի­շել մա­նաւանդ այս օրե­րուն, երբ Արե­ւել­քէն դէ­պի Արեւ­մուտք գաղ­թա­կան­նե­րու նոր ալիք մը բարձրա­ցած է)։

Աշ­խարհիկ եւ հո­գեւոր իշ­խա­նաւոր­նե­րուն խոր­հե­լակեր­պը կեղծ ու եր­կե­րեսա­նի կողմ մը ու­նին միշտ։ Աշ­խարհի երա­նու­թիւնն ու բա­րօրու­թիւնը, յատ­կա­պէս աշ­խարհիկ եր­ջանկու­թիւնը մէկ կողմ ձգած, արօրն ու մուրճը, աշ­խա­տանքն ու ար­դար քրտին­քը ար­հա­մար­հած, անոնք փա­րած էին միայն խա­չին ու թու­րին։ Ցնո­րական փա­ռամո­լու­թե­նէ մը յափշտա­կուած՝ անոնք ու­նէին նպա­տակ մը միայն՝ ապա­հովել ան­խարդախ հա­ւատ­քի միու­թիւն մը ժո­ղովուրդին հա­մար։ Այ­սինքն՝ «Մէկ հա­ւատք ու մէկ ժո­ղովուրդ» կար­գա­խօս մը, որ նոյնպէս ան­ծա­նօթ չէ անոնց, որոնք հա­րեւան­ցիօրէն իսկ գի­տեն ֆա­շական մտա­ծելա­կեր­պը։

Վէ­պը, որ հան­ճա­րեղ գրո­ղին կեան­քը կը նկա­րագ­րէ, գրա­կանու­թեան գովք մըն է նաեւ։ Սէր­վանդէս բազ­մա­թիւ ան­գամներ կու տայ գրա­կանու­թեան ու­ժին հա­ւատա­ցած ըլ­լա­լուն փաս­տը։ Հա­մոզո­ւած է, օրի­նակ, որ եթէ Ալ­ժէ­րի գե­րինե­րուն կեան­քով հիւ­սո­ւած թա­տերա­խաղ մը գրի առ­նէ, զայն կա­րենայ հասցնել Սպա­նիա ու բե­մադ­րել տալ՝ ապա թա­գաւորն ու մե­ծամեծ­նե­րը հա­սու պի­տի ըլ­լան իրա­կանու­թեան եւ նոր խա­չակ­րութեան մը նշա­նը պի­տի տան՝ մաք­րե­լու «ափ­րի­կեան այդ վտան­գա­ւոր որ­ջը»։ Թատ­րո­նի առըն­թեր նաեւ պատ­մո­ղական միւս սե­ռերուն նե­րու­ժը կը զգայ ան։ Ար­դէն նման դժո­ւարին պա­հու մը, բան­տի խու­ցին մէջ չի՞ ծնիր Տոն Քի­շոթին պատ­մութիւ­նը, որ կը դառ­նայ տա­ռապան­քէ խու­սա­փելու, գրա­կանու­թեամբ տո­կալու մի­ջոցի մը։

Պրու­նօ Ֆրանք ո՚չ միայն Սէր­վանդէ­սը կը ներ­կա­յաց­նէ, այլ կը գո­վեր­գէ գի­րը, որ կը յաղ­թա­հարէ աք­սորն ու բո­լոր հե­ռու­նե­րը։ 

«Սէրվանդէս»
Պրունօ Ֆրանք
Գերմաներէնէ թարգմանեց՝ Արամ Գամպուրեան
«Մարմարա – Մուրատ օֆսէթ»
244 էջ