Յարգանք՝ գոնէ թուղթի վրայ փրկողներուն

մարգար չալըքեան

Հայ մշա­կոյ­թի ամե­նացայ­տուն դրսե­ւորումնե­րէն մին կը ներ­կա­յանայ ճար­տա­րապե­տական արո­ւես­տի մէջ։ Պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քը լի է տաս­նեակ դա­րերէ ի վեր գո­յու­թիւնը պա­հած ճար­տա­րապե­տական կո­թող­նե­րով։ Ափ­սոս որ այդ հին ժա­մանակ­նե­րէն մե­զի հա­սած են միայն հո­գեւոր մշա­կոյ­թի շի­նու­թիւննե­րը։ Խիստ սա­կաւա­թիւ են ամ­րոցնե­րը, ար­քունի ապա­րանքնե­րը եւ այլ ոչ հո­գեւոր շի­նու­թիւններ։

Բնու­թեան բազ­մաբնոյթ աւեր­նե­րուն դի­մադր­ելով կան­գուն մնա­ցած այդ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գի շատ կա­րեւոր մէկ հա­տուա­ծը փլաւ բար­բա­րոս­նե­րու ձեռ­քով։ «Ու­զե­ցին մէկ հայ թող­նել, այն էլ թան­գա­րանում», կ՚ըսէր Պա­րոյր Սե­ւակ իր «Անլռե­լի Զան­գա­կատուն» պոէմի մէջ։ Իս­կա­պէս ալ մէկ հա­յու իսկ գո­յու­թեան չհան­դուրժող վայ­րա­գու­թիւնը եղեռ­նէն ետք իր բո­լոր ոխը ուղղեց ահա այդ մշա­կոյ­թի ժա­ռան­գութեան վրայ։ 1915-ի յա­ջոր­դող առա­ջին քա­նի մը տաս­նա­մեակին մէջ գետ­նին հա­ւասա­րեցան հին­գերորդ դա­րէն մնա­ցած եկե­ղեցի­ներ։ Այս առա­ջին շրջա­նին փլուզման ետին գտնո­ւող միտ­քե­րէն մէկն ալ այդ շի­նու­թիւննե­րու տէ­րերուն վե­րադառ­նա­լու մտա­վախու­թիւնն էր։ Քա­ղաք­նե­րու, գա­ւառ­նե­րու կամ գիւ­ղե­րու մէջ հսկայ վան­քեր կամ եկե­ղեցի­ներ փլցո­ւեցան տե­ղական իշ­խա­նու­թիւննե­րու կար­գադրու­թեամբ։ Բա­ցի այս, պատ­մա­կան ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող սոյն կա­ռոյցնե­րու դէմ շատ մեծ վնաս պատ­ճա­ռեցին գան­ձա­խոյ­զե­րը։ Ան­հիմն փսփսուկնե­րով բազ­մա­հազար պա­տեհա­պաշտներ հա­մոզո­ւեցան, թէ հա­յերը նախ­քան տա­րագ­րութեան ճամ­բան բռնեն, իրենց հարստու­թիւնը կա­րաս­նե­րու մէջ թա­ղած են եկե­ղեցի­ներու պա­տերուն ներ­քեւ։ Հա­յերէն մնա­ցած գան­ձե­րը թա­լանե­լու հրա­պոյ­րը անզսպե­լի էր։ Շա­տեր մեծ գու­մարներ նոյ­նիսկ վատ­նե­ցին, հո­ղին տա­կը գտնո­ւած մե­տաղը ազ­դա­րարող սար­քեր գնե­լու հա­մար։ Կա­րելի է են­թադրել որ նման աշ­խա­տանք եւ ծախս եթէ ու­ղ­ղո­ւած ըլ­լար ար­դիւնա­բերու­թեան, շատ աւե­լի մեծ շահ կ՚ապա­հովէր քան կար­ծե­ցեալ որե­ւէ գանձ։ Սա­կայն այստեղ պար­տինք նշել որ ար­տադրու­թեան հա­մար աշ­խա­տիլն ալ ինքնին մշա­կոյ­թի մը կա­րիք կը պա­հան­ջէ եւ գան­ձա­խոյզնե­րը զուրկ էին այդ մշա­կոյ­թէն։

Այս բո­լորը կը մտա­բերենք երբ մե­զի կը հաս­նի յու­շարձա­նագէտ Սամուէլ Կարապետեանի եռա­լեզու վեր­ջին հրա­տարա­կու­թիւնը՝ «Եղեռն՝ եղեռ­նից յե­տոյ»։ Իրա­կանու­թեան մէջ Կա­րապե­տեան եր­կար ատե­նէ ի վեր պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­տարո­ւած մշա­կոյ­թի եղեռ­նը փաս­տե­լու հա­մար կը դի­մէ զա­նազան եկե­ղեցի­ներու հին ու նոր նկար­նե­րուն։ Իս­կա­պէս զգա­յացունց են այդ նկար­նե­րը, որոնց առա­ջին օրի­նակ­նե­րը սեւ ու սպի­տակ դրու­թեամբ լու­սանկա­րուած են նա­խորդ դա­րաս­կիզբին, իսկ կող­քին կը տես­նենք նոյ­նինքն յու­շարձա­նագէտ Սամուէլ Կա­րապե­տեանի կող­մէ լու­սանկա­րուած նոր երե­ւոյ­թը։ Նոյ­նիսկ շատ ան­գամ այս «նոր երե­ւոյթ»ի բա­ցատ­րութիւ­նը անի­մաստ կը դառ­նայ քա­նի որ երկրորդ նկա­րին մէջ երե­ւցող բան մը չէ մնա­ցած այ­լեւս։

Ար­ժէ­քաւոր գի­տաշ­խա­տողի այս հրա­տարա­կու­թիւնը հա­յերէն եւ անգլե­րէնի կող­քին ու­նե­նալով նաեւ թրքե­րէն թարգմա­նու­թիւն շատ աւե­լի նպա­տակա­յար­մար պի­տի դառ­նայ երբ յա­ջողի հաս­նիլ թուրքիացի­ներուն ու­շադրու­թեան։

Յու­շարձա­նագէտ Սա­մուէլ Կա­րապե­տեան այս հրա­տարա­կու­թիւնը կը ձօ­նէ հա­յոց հայ­րե­նիքի ան­հե­տացած մշա­կոյ­թի բե­կոր­նե­րը գո­նէ թուղթի վրայ փրկել ջա­նացած Թո­րոս Թո­րամա­նեանի, Արամ Վրոյ­րի, Յով­սէփ Օր­բէ­լիի, Ստե­փան Լի­սիցեանի, Աշ­խարհբեկ Քա­լան­թա­րի, Ժան-Մի­շէլ Թիէրիի, Փաւ­լօ Կու­նէոյի, Ար­մէն Հախ­նա­զարեանի եւ այ­լոց յի­շատա­կին։

Գու­գա­րաց թե­մի առաջ­նորդ Տէր Սե­պուհ Արք. Չուլճեանի օրհնու­թեամբ այս հա­տորի մե­կենաս­նե­րը եղած են նախ­կին պոլ­սա­հայ Կա­րօ-Աղաւ­նի Կու­րեան ըն­տա­նիքը։

«Եղեռն՝ եղեռ­նից յե­տոյ»
Սամուէլ Կարապետեան
Թրքերէն Թարգմանութիւն՝ Մելիսա Էօզտէմիր
Հայկական Ճարտարապետութիւն Ուսումնասիրող Հիմնադրամ, 2016
167 էջ