Ողջոյն պատմաբան Արմաւենի Միրօղլուին

բագրատ էսդուգեան

Գիրքեր կան, որոնց յայտնութիւնը, իրենց բո­վան­դա­կու­թե­նէն, պա­րու­նա­կէն ան­կախ, յա­տուկ ու­րա­խու­թիւն կը պատ­ճա­ռեն երբ կը բռնես ձեռ­քիդ մէջ։ Այսպի­սի գիրք մը եղաւ «Պոլ­սա­հայե­րը՝ 1923-1939» հա­տորը, որուն մեր մօտ պատ­ճա­ռած ցնծու­թեան բուն պատ­ճա­ռը հե­ղինա­կի անունն է։ Ար­դա­րեւ այս աշ­խա­տասի­րու­թիւնը պատ­րաստած է վա­ղեմի ըն­կե­րու­հի մը՝ Ար­մա­ւենի Մի­րօղ­լու Մուհթա­րեան։

Ար­մա­ւենին աւար­տե­լով Իս­թանպու­լի հա­մալ­սա­րանի տար­րա­բանա­կան ճար­տա­րագի­տութեան բա­ժինը, եր­կար տա­րիներ աշ­խա­տեցաւ իբ­րեւ կեն­սա­տար­րաբանութեան մաս­նա­գէտ։ Ապա որ­դեգրեց ու­սուցչու­թեան աս­պա­րէզը եւ եր­կար տա­րիներ ծա­ռայեց քա­ղաքիս հայ­կա­կան դպրոց­նե­րուն։ Ստանձնեց Գա­րակէօզեան որ­բա­նոցի տնօ­րէնու­թեան պաշ­տօ­նը։ Մեր ըն­կե­րու­հին 2005-ին տնօ­րէնու­թեան պաշ­տօ­նէն հե­ռանա­լէ ետք Մես­րոպ Բ. Պատ­րիար­քի թե­լադ­րանքով դի­մած է Երե­ւանի պատ­մութեան Իսնտի­տուն, ուրկէ պատ­մա­կան գի­տու­թիւննե­րու թեկ­նա­ծուի աս­տի­ճանը ստա­ցած է պաշտպա­նելով «Իս­թանպու­լի հայ հա­մայնքը 1923-1939»։

Սոյն հա­տորը կը ձգտի պար­զա­բանել հան­րա­պետա­կան Թուրքիոյ հիմ­նարկու­թեան յա­ջոր­դող 15 տա­րինե­րու պոլ­սա­հայ հա­մայնքա­յին կեան­քը։ Տո­ւեալ ժա­մանա­կահա­տուա­ծը Օս­մանեան կայսրու­թեան յա­ջոր­դող հան­րա­պետա­կան Թուրքիոյ մէջ ազ­գա­յին պե­տու­թիւն մը հիմ­նե­լու Քե­մալա­կան գա­ղափա­րախօ­սու­թիւնով կը բնո­րոշո­ւի։ Ու­րեմն մերթ ծա­ծուկ, մերթ բա­ցայայտ պայ­քար մը կը շա­րու­նա­կուի կայսրու­թեան շրջա­նէն փո­խարի­նուած ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու հետ։ Քա­ղաքա­կան այս դրո­ւած­քին մէջ բա­ւական ու­շա­ցած աշ­խա­տասի­րու­թիւն մըն է այս, նոյ­նիսկ կրնանք ըսել որ իր հա­մադ­րած բո­վան­դա­կու­թիւնով նա­խափորձ մը։ Հե­ղինա­կին գիր­քի սկիզ­բին շա­րադ­րած «Եր­կու խօսք» բաժ­նին մէջ այս իրո­ղու­թիւնը կը նկա­րագ­րո­ւի հե­տեւեալ տո­ղերով։ «Յայտնի իրո­ղու­թիւն է, որ մին­չեւ այ­սօր Հան­րա­պետու­թեան շրջա­նի արեւմտա­հայու­թեան եւ մաս­նա­ւորա­բար պոլ­սա­հայ հա­մայնքա­յին կեան­քի նո­ւիրո­ւած ոչ մէկ ու­սումնա­սիրու­թիւն հրա­տարա­կուած է։ Այս պատ­ճա­ռաւ բա­ւական կը դժո­ւարա­նայ այդ շրջա­նը ու­սումնա­սիրե­լու ձեռ­նարկո­ղին գոր­ծը։ Խնդի­րը աւե­լի կը բար­դա­նայ երբ նկա­տի ու­նե­նանք, որ շրջա­նի պոլ­սա­հայ մա­մու­լը յայտնի պատ­ճառնե­րով ճշգրիտ ու բա­ւարար սկզբնաղ­բիւր չի հան­դի­սանար նման ու­սումնա­սիրու­թեան մը հա­մար»։

Բո­լորո­վին հասկնա­լի է հե­ղինա­կին պոլ­սա­հայ մա­մու­լի այդ շրջա­նը լու­սա­բանե­լու հա­մար ան­բա­ւարար աղ­բիւր մը ըլ­լա­լու մա­սին հաս­տա­տու­մը։ Իրո­ղու­թիւնը չէ փո­խուած յա­ջոր­դող տա­րինե­րուն եւս։ Այ­սօր ալ քա­ղաքիս մէջ լոյս տես­նող հա­յատառ թեր­թե­րը պե­տու­թեան ճնշումնե­րէ խու­սա­փելու չա­փազանց մտա­հոգութեամբ նոյն ան­բա­ւարա­րու­թիւնը պի­տի փո­խան­ցեն ապա­գայի գի­տաշ­խա­տող­նե­րուն։ Այս վեր­ջիններս 40-50 տա­րիներ ետք մե­րօրեայ պոլ­սա­հայ հա­յատառ թեր­թե­րը ի զուր պի­տի թղթա­տեն օրի­նակի հա­մար «Քամփ Ար­մէն»ի գրաւ­ման դէմ տա­րուած պայ­քա­րին մա­սին տե­ղեկու­թիւն գտնե­լու հա­մար։

Ար­մա­ւենի Մի­րօղ­լու Մուհթա­րեան նոյն «Եր­կու խօսք» բաժ­նին մէջ կը նշէ ու­րիշ բնոյ­թի աղ­բիւրներն ալ։ Զա­նազան հաս­տա­տու­թիւննե­րու յու­շա­մատեան­նե­րը կամ պատ­րիար­քա­րանին ան­ցեալին հրա­տարա­կած, բայց պաշ­տօ­նական գո­յու­թիւնը ցարդ շա­րու­նա­կող «Շո­ղակաթ» հան­դէսն ալ նոյնպէս ան­բա­ւարար կը մնայ եւ ինք կը հար­կադրո­ւի Պոլ­սոյ զար­գա­ցումնե­րու մա­սին Պո­լիսէ դուրս հրա­տարա­կուած սփիւռքա­հայ մա­մու­լի էջե­րուն մէջ շա­րու­նա­կել իր որո­նու­մը։

Ու­սումնա­սիրու­թիւնը կը բա­ցուի Կոս­տանդնու­պոլսոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քութեան հիմ­նադրու­մով, որ այս քա­ղաքին մէջ հայ հա­մայնքի մը ձե­ւաւոր­ման ալ սկիզ­բը կը հա­մարո­ւի։ Ապա կ՚անցնի ար­դի Թուրքիոյ հա­տուա­ծը եւ այս բաժ­նին մէջ ան­շուշտ որ կա­րեւոր տեղ կը զբա­ղեց­նեն երկրի ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու խնդիր­նե­րը։ Յա­տուկ են­թա­խորագ­րի մը տակ կը քննար­կո­ւի թուրք եւ յոյն ժո­ղովուրդնե­րու փո­խանա­կու­թեան քա­ղաքա­կանու­թիւնը։ Կը շեշ­տո­ւի այդ քա­ղաքա­կանու­թեան եր­կու եր­կիրնե­րու տնտե­սու­թեան վրայ գոր­ծած ազ­դե­ցու­թիւննե­րը։ Ար­դա­րեւ Թուրքիայէն դէ­պի Յու­նաստան ար­տաքսո­ւած ուղղա­փառ ժո­ղովուրդը ար­հեստա­գործ էր եւ կա­րեւոր բա­ժին ու­նէր երկրի ար­տադրու­թեան եւ մի­ջազ­գա­յին շու­կա­ներու հետ առեւ­տուրի ոլորտնե­րու մէջ։ Իսկ փո­խադարձ կեր­պով Յու­նաստա­նէն եկող շուրջ 4 հա­րիւր հա­զար մահ­մե­տական թուրքե­րը առ­հա­սարակ գիւ­ղա­ցիներ էին։ Իբր հե­տեւանք Թուրքիայէն գա­ցող յոյ­նե­րը վե­րելք պատ­ճա­ռեցին Յու­նաստա­նի տնտե­սու­թեան, իսկ եկող գիւ­ղա­ցի զան­գո­ւածը չյա­ջողե­ցաւ գա­ցող­նե­րուն պատ­ճա­ռած բաց­թո­ղու­մը լրաց­նե­լու։ Այս բաժ­նին մէջ Մի­րօղ­լու կը խօ­սի 1922 թո­ւի Նո­յեմ­բեր ամ­սուն Ան­գա­րայի խորհրդա­րանին կա­յացու­ցած որո­շու­մի մը շուրջ։ Ընդհան­րա­պէս սա­կաւ ար­ձա­գանգ գտած այս որո­շու­մը կը մտադ­րէր երկրի հա­յու­թեան ալ Հա­յաս­տա­նի թուրքե­րուն հետ փո­խանա­կու­մը։ Սա­կայն այս որո­շու­մը չկա­տարո­ւեցաւ, քա­նի որ Թուրքիա խու­սա­փեցաւ Հա­յաս­տա­նի հետ բա­նակ­ցե­լով Թուրքիոյ արեւելեան սահմանները պաշտօնապէս ճանչցած ըլլալէ։ Յաջորդող վեց գլուխներու մէջ ալ շահեկան բազմաթիւ ենթախորագիրներ կան, որոնք բաւական բովանդակալից պատկերացում մը կ՚ապահովեն պոլսահայութեան բազմադարեան պատմութեան որոշ մէկ շերտին մասին։

«Պոլ­սա­հայե­րը՝
1923-1939»
Ար­մա­ւենի Մի­րօղ­լու
Մուհթա­րեան
Երե­ւան 2016,
ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Ինստիտու,
298 էջ