Տեսանելիէն անտես/անելին

սեւան
տէյիրմենճեան

«Քեզ անունէդ տեսայ»։

Սփիւռքահայ գրագէտ Գրիգոր Պըլտեան, որու ծննդեան 70-ամեակը տարբեր ձեռնարկներով նշուած էր անցեալ տարուան ընթացքին, բոլորովին վերջերս հատոր մը եւս դրաւ գրասէրներու սեղանին. «Ինչ որ չես տեսներ» հրատարակուած է Երեւանի մէջ, «Ինքնագիր» գրական ակումբին կողմէ։

Գիրքը ունի հինգ բաժին՝ «Աքսորի մայր», «Գիշերային այցելութիւն», «Ագուցում», «Սեւ ձայն» եւ «Հատուածներ հօր»։ Առաւել «Յետ գրութիւն» մը, ուր հեղինակը որոշ պարզաբանումներ կ՚ընէ հատորը կազմող հատուածներուն մասին։

Անոնք, որոնք կը հետեւին Պըլտեանի գրականութեան, ծանօթ ըլլալու են «Հատուածներ հօր» վերնագիրին, որմով գրքոյկ մը տպագրուած էր նախապէս Երեւանի մէջ, 1993-ին, «Երկ» մատենաշարէն, որ իր հերթին կ՚արտատպէր 1986-ին «Կամ»ին մէջ երեւցած հատուածները։

Հեղինակին իսկ վկայութեամբ, գիրքին յարակից մասերը տակաւին կը մնան անտիպ. սակայն այս հատորով հատուածներու համեմատական ամբողջ մը ունինք մեր ձեռքին, եթէ արտօնուի գործածել նման բնորոշում մը դրուագումներով բանող, յառաջացող, ամբողջի մը եթէ ոչ նպատակը, գոնէ ձգտումը գրող հրատարակութեան մը պարագային։

«Հատուածներ «Սենեակի» մասին»ն (1978) ու «Վայրեր»ը (1983), որոնք իրենց տպագրութեան տարեթիւերով թէեւ կը նախորդեն այս հատորին ալ ողնաշարը կազմող «Հատուածներ հօր»ին՝ բայց վերջինին հետ կը պատկանին Պըլտեանի գրական կենսագրութեան մէջ յատկանշական հանգրուան մը մատնող փորձառական նոյն տենչին.  հատուածի կերպը, ինչպէս կը գրէ ան «Յետ գրութիւն»ին մէջ, «կը կտրտէր խօսքը, թոյլ կու տար յանկարծակի անցումներ, վերադարձներ, մկրատումներ, արտաքսումներ, մանաւանդ խտացումներ»։

Բացի «Ագուցում»էն, գիրքը արձակ է. բանաստեղծութիւնը անպայման տաղաչափութիւն, յանգ կամ հատած չ՚ենթադրեր, իրեն կարելի է «հասնիլ արձակով կամ արձակին մէջ խցկել խնդրուած պատմութիւնը, բայց չմոռնալ ինչ որ կը կոչուի բանաստեղծութիւն՝ զայն լքելով հանդերձ…»։

Բանաստեղծութիւնը այստեղ պատմող է, ան պատումին մէջն իսկ է («ներքին վէպին», ինչպէս կ՚ըսէ Պըլտեան), սակայն հեռու միաժամանակ՝ դասական իմաստով վիպումի յաճախ ծանծաղեցնող շատախօսութենէն։ Լեզուի կախարդը, որ Պըլտեանն է, երբեմն Նարեկացի ու Տաթեւացի կը բերէ, ուղղակի թէ անուղղակի, նոյնիսկ շուայտ տեսարաններ կենդանացնելու, այդու իր տարփականութիւնը գռեհկանալու փոխարէն, «Երգ երգոց»ի պարզութեան կը բարձրանայ։ Շուշանեանի տետրերու հմայքին, որմով տղաք ու աղջիկներ իրենց սիրոյ առաջին թրթռացումները բառերու վերածեցին, համեմատելի դարձնել այս էջերը՝ պիտի նշանակէր ո՛չ թէ հեղինակը դնել ազդեցութեան օղակի մը մէջ (ինչ որ բռնազբօսիկ բան մը ըլլար թերեւս), այլ ուշադրութիւն հրաւիրել լեզուի բոլորովին այլ հարթութեան մը ընդարձակութեան վրայ, որու իրարմէ հեռու ածուներուն վրայ այնքան համարձակօրէն խաղ կը խաղան Շուշանեանն ու Պըլտեանը, նաեւ Գազանճեանը, ինչո՞ւ չէ։

Իւրաքանչիւր հատուած կը բացուի յաջորդին վրայ, պատուհանի մը պէս, զարգացնելու եւ տանելու համար զինք դէպի ամբողջը, որ այնքան յարաբերական հասկացողութիւն մըն է այս կողքին տակ։ Մէկ կողմէ ալ ան, հատուածը, կը զանցէ յաջորդին սահմանը, չի լուծուիր անոր մէջ, այլ կ՚անցնի, կ՚ընթանայ մինչեւ վերջը՝ հոն ուր են լեզուին սահմանները։ Թերեւս։ Դէպի հոն, ուր հեղինակը կը խոստովանի, թէ «գրքի յարակից մասերը անտիպ են», մղելով մեզ մտածելու, թէ թերեւս գոյ իսկ չեն, չեն գրուած։

Հատորը անընդհատ ժամանակի հարց մը կը դնէ ընթերցողին առջեւ։ Զգալաբար։ 1970-ականներէն կը սահի կ՚անցնի 80-ականներ, «Յետ գրութիւն»ով մը ընդմիջուելու համար, դարձեա՛լ, 2016-ին։ 25-ամեայ երիտասարդին սկսած խօսքը կը յետագրէ 70-ամեայ մարդը, որ տակաւին անտիպներ կը պահէ այդ ժամանակէն, կամ անտիպներ կը ստեղծէ, զանոնք ի լինելութիւն կը կոչէ։

«Սպասումը մաս կը կազմէ գրքի ժամանակին, որ երբեք չես մոռնար։ Կը բնակի մէջդ։ Երբեմն ուրիշ գիրքեր կու գան ետմղել, ծածկել այդ խորքինը (ահա մէկ ուրիշ խափանուած խորագիր) կամ գրաւել անոր տեղը, առնել ու տանիլ անկէ մասեր, զանոնք զետեղել ուրիշ համածիրի մէջ»։ Կեանքի ու գիրքի ժամանակը տարբեր կշռոյթով կ՚ընթանան անկասկած, այնքան որ մէկը տեղ մը կը պեղէ միւսը՝ «եւ յանկարծ ծանօթին մէջ կը յայտնաբերէ ներքին տարածք, մէկէն մատչելիօրէն անծանօթ»։ Այս կէտին վրայ հեղինակը կ՚անջատուի ընթերցողէն, «կը հակի», վերէն վար, պեղողի նման, լոյսէն նայելու պէս մութին, «փակ կը պահէ մուտքը» ու «կը փսփսայ» անոր ականջին՝ «մի՛ կարդար, տե՛ս»։

Տե՞ս։

զՈ՞վ, թէ զԻ՛նչ։

*

Պըլտեանի նոր հատորը իրմով խոկալու նոր վայր մը կը ստեղծէ։ Ոչ միայն խոկալու, նաեւ վայելելու լեզուին անսպառ հնարաւորութիւնը, ապրելու սէրը՝ սեռով, բան մը զոր չենք տեսներ երբ մէջն ենք։ 

«Ինչ որ չես տեսներ»,
Գրիգոր Պըլտեան
Երեւան, 2016
«Ինքնագիր»
գրական ակումբ,
187 էջ