Պատերազմը՝ իրանեան ճակատին վրայ

սեւանտէյիրմենճեան

Վ աղուց արդէն մոռցուած հեղինակի մը նոյնքան մոռցուած մէկ վէպը «Համազ­գա­յին»ի հրա­տարակ­չա­տան կող­մէ դրո­ւած է գրա­­սէր­­նե­­­րու սե­­ղանին։ Խօս­­քը կը վե­­րաբե­­րի Լե­­ւոն Մես­­րո­­­պի «Ֆրէտ Հարթման եւ Տա­­տա Ռօս­­թէմ» վէ­­պին, որ առա­­ջին ան­­գամ որ­­պէս թեր­­թօն տպագ­­րո­­­ւած է «Հայ­­րե­­­նիք» ամ­­սա­­­գիրին մէջ, Օգոս­­տոս 1937-էն սկսեալ։ Ապա որ­­պէս թեր­­թօն վե­­րահ­­րա­­­տարա­­կուած է Պէյ­­րութի «Ազ­­դակ»ին մէջ, 1988-1989-ին։ Ու­­րեմն, գիր­­քը առա­­ջին ան­­գամ է որ մե­­զի կը հաս­­նի առան­­ձին հա­­տորով մը։

Քա­­նի մը կեն­­սագրա­­կան գիծ հե­­ղինա­­կէն։ Լե­­ւոն Մես­­րոպ (Մես­­րո­­­պեան) ծնած է 1880-ին, Պո­­լիս։ Կրթու­­թիւնը ստա­­ցած է ծննդա­­վայ­­րին մէջ՝ աւար­­տե­­­լով Սա­­հակեանը, Կեդ­­րո­­­նականն ու Ռո­­պերթ քո­­լեճը։ Մեկ­­նած է Եւ­­րո­­­պա, պա­­տերազ­­մէն ետք ալ վերջնա­­կանապէս հաս­­տա­­­տուած է Փա­­րիզ։ Մի­­ջոց մը զբա­­ղած է գոր­­գի վա­­ճառ­­քով, ետ­­քը նո­­ւիրո­­ւած գրա­­կանու­­թեան։ Պոլ­­սա­­­հայ, ապա ֆրան­­սա­­­հայ մա­­մու­­լին ու ԱՄՆ-ի «Հայ­­րե­­­նիք»ին մէջ հրա­­տարա­­կած է վի­­պակ­­ներ, բա­­նասի­­րական աշ­­խա­­­տանքներ, վէ­­պեր, որոնցմէ ան­­ջատ հա­­տոր­­նե­­­րով լոյս տե­­սած են «Զա­­րի», «Հա­­շիշին», «Քեր­­պե­­­լայի գի­­շեր­­նե­­­րը» եւլն.։ Ու­­նի նաեւ ու­­սումնա­­սիրու­­թիւններ «Քիւրտիս­­տան եւ քիւրտեր», «1915- Աղէտ եւ վե­­րած­­նունդ», «Տէր Զօր»։ Պարսկե­­րէն բնա­­գիրէն հա­­յերէ­­նի թարգմա­­նած է Օմար Խա­­յեամի քա­­ռեակ­­նե­­­րը։ Մա­­հացած է 1960-ին։

«Ֆրէտ Հարթման եւ Տա­­տա Ռօս­­թէմ» վէ­­պին իրա­­դար­­ձութիւննե­­րը տե­­ղի կ՚ու­­նե­­­նան Իրա­­նի Քրման­­շահ քա­­ղաքին մէջ ու անոր շրջա­­կայ­­քը։ Առա­­ջին աշ­­խարհա­­մար­­տի շե­­մին քա­­ղաքին օտար բնա­­կիչ­­նե­­­րը, որոնք ընդհան­­րա­­­պէս եւ­­րո­­­պական տար­­բեր ըն­­կե­­­րու­­թիւննե­­րու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչներն են, կ՚ապ­­րին խա­­ղաղ կեան­­քով մը։ Անոնցմէ է Ֆրէտ Հարթման, որ կը զբա­­ղի գոր­­գի վա­­ճառա­­կանու­­թեամբ։ Քօ­­հը Սեահի Քօ­­լեահի ցե­­ղը, որ գոր­­գա­­­վաճառ­­նե­­­րու կի­­զակէ­­տին յայտնո­­ւած ըն­­կե­­­րու­­թիւն մըն է, սահ­­մա­­­նադ­­րա­­­կան պայ­­քա­­­րի ժա­­մանակ Քրման­­շա­­­հի նա­­հան­­գա­­­պետին դէմ ըմ­­բոստա­­ցած հա­­ւաքա­­կանու­­թիւն մըն է։ Հարթման գոր­­ծի բեր­­մամբ լաւ յա­­րաբե­­րու­­թիւններ կը մշա­­կէ Քօ­­լեահի ցե­­ղին հետ, նոյ­­նիսկ կը նշա­­նուի ցե­­ղի իշ­­խա­­­նու­­հիին՝ Սին­­նա­­­յին հետ։

Դէպ­­քե­­­րը կը սկսին այլ ըն­­թացք մը առ­­նել երբ հե­­ռաւոր այս կող­­մե­­­րը կը հաս­­նի պա­­տերազ­­մի կո­­չը։ Ֆրէտ Հարթման, որ ի մօ­­րէ հայ ու ի հօ­­րէ զո­­ւիցե­­րացի է, կը կողմնո­­րոշո­­ւի դէ­­պի գեր­­մա­­­նացի­­ները, որոնք իրենց թուրք դաշ­­նա­­­կից­­նե­­­րուն հետ մտա­­դիր էին Իրա­­նի ճամ­­բով անցնիլ ու հաս­­նիլ մին­­չեւ Աֆ­­ղանստան։ Ո՚չ միայն Քրման­­շա­­­հի, այլ ողջ Իրա­­նի հա­­սարա­­կու­­թիւնը կը յայտնո­­ւի տար­­բեր ջամ­­բարնե­­րէ ներս։ Թրքօ-գեր­­մա­­­նական բա­­նակ­­նե­­­րու ճամ­­բան հար­­թեցնե­­լու հա­­մար Իրան կը փու­­թան եւ­­րո­­­պացի այլ գոր­­ծիչներ եւս, որոնք կը կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւին Ասիական դա­­ւադիր­­ներ անո­­ւան տակ։

Վէ­­պը այս կէ­­տէն ետք դա­­ւադ­­րութիւննե­­րու, ներ­­քին պայ­­քարնե­­րու թա­­տերա­­բեմի մը կը վե­­րածո­­ւի, մա­­նաւանդ որ գեր­­մա­­­նասէր Հարթմա­­նի նշա­­նածին՝ Քօ­­հը Սեահի ցե­­ղախումբը հա­­կագեր­­մա­­­նական ջամ­­բա­­­րին մէջ յայտնո­­ւած էր, նկա­­տի ու­­նե­­­նալով նաեւ Քրման­­շա­­­հի նա­­հան­­գ-
ապե­­տին գեր­­մա­­­նական ուղղու­­թեան հե­­տեւի­­լը։

Կայ տեղ մը, ուր Հարթման կ՚ապ­­րի դիր­­քո­­­րոշու­­մի փո­­փոխու­­թիւն մը։ Ինքն ու հա­­ւատա­­րիմ բա­­րեկա­­մը՝ Տա­­տա Ռօս­­թէմ թրքօ-գեր­­մա­­­նական զէն­­քի դէ­­պի Իրան փո­­խադ­­րութիւ­­նը կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­լու հա­­մար կ՚անցնին սահ­­մա­­­նը ու կը հաս­­նին Պաղ­­տատ։ Օթ­­թօ Էօլ­­ման, որ քա­­նի մը թուրք սպա­­ներու հետ կը հսկէ զէն­­քի փո­­խադ­­րութիւ­­նը, իր հետ ու­­նի հայ ըն­­տա­­­նիք մը, որ բե­­րած է Մի­­ջագետ­­քէն, աւե­­լի յստակ Ուրֆա­­յէն՝ զա­­նոնք փախցնե­­լով ահա­­ւոր կո­­տորա­­ծէն։ Հարթման առա­­ջին ան­­գամ այստեղ է որ կը լսէ իր վա­­ղամե­­ռիկ մօր լե­­զուն՝ հա­­յերէ­­նը։ Արեան կան­­չը, այդ ըն­­տա­­­նիքին ող­­բերգու­­թիւնը հո­­գեփո­­խու­­թիւն մը կը ստեղ­­ծէ իր մէջ։ Էօլ­­ման Ուրֆա­­յի ինքնա­­պաշտպա­­նու­­թեան ու կո­­տորա­­ծին դրո­­ւագ­­նե­­­րը ամ­­բողջու­­թեամբ ար­­ձա­­­նագ­­րած է իր օրա­­տետ­­րին մէջ, զոր կը տրա­­մադ­­րէ Հարթմա­­նին։

Այդ պա­­հէն ետք Հարթման կը վե­­րածո­­ւի ահա­­ւոր այս ոճի­­րը կազ­­մա­­­կեր­­պած յան­­ցա­­­գործնե­­րուն՝ թրքօ-գեր­­մա­­­նական բա­­նակին թշնա­­մին։ Նախ կը գոր­­ծէ ծած­­կա­­­բար, ապա բա­­ցայայ­­տօ­­­րէն։ Իր հա­­րազատ­­նե­­­րով կը հա­­լածէ թրքա­­կան զի­­նուո­­րական պա­­տուի­­րակու­­թիւնը՝ մին­­չեւ Խո­­րասա­­նի Մէ­­շէտ ուխտա­­վայ­­րը, որ կը գտնո­­ւի Աֆ­­ղանստա­­նի սահ­­մա­­­նի մեր­­ձա­­­կայ­­քին։ Հուսկ, Հարթման ու զի­­նակից­­նե­­­րը կը յա­­ջողին վրէժխնդիր ըլ­­լալ յա­­նուն մարդկա­­յին ար­­դա­­­րու­­թեան ու կը սպան­­նեն իրենց հա­­կառա­­կորդնե­­րը, զէն­­քե­­­րը կը յանձնեն թրքօ-գեր­­մա­­­նական բա­­նակ­­նե­­­րուն դէմ պայ­­քա­­­րող իրա­­նեան ցե­­ղերուն։ Վէ­­պը կ՚ու­­նե­­­նայ եր­­ջա­­­նիկ աւարտ. Հարթման կ՚ամուսնա­­նայ Սին­­նա­­­յին հետ, կ՚ու­­նե­­­նան զա­­ւակ­­ներ։ Իր զի­­նակից­­նե­­­րը եւս խա­­ղաղ կեանք մը կը կեր­­տեն։

Լե­­ւոն Մես­­րո­­­պին վէ­­պը, ինչպէս յա­­ռաջա­­բանին մէջ գրած է Յա­­րու­­թիւն Քիւրքճեան, «գրո­­ւած է վառվռուն, կեն­­դա­­­նի հա­­յերէ­­նով մը… Գրո­­ւած է՝ կար­­ծես փաս­­տե­­­լու հա­­մար, որ ըն­­թերցում կո­­չուած զբա­­ղու­­մը հա­­ճելի բան է, կամ կրնայ ըլ­­լա­­­լ։ Կեր­­պարնե­­րուն բազ­­մա­­­զանու­­թիւնը, անոնց իրա­­րու հետ ու­­նե­­­ցած յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րուն կեն­­սունա­­կու­­թիւնը ըն­­թերցո­­ղը կ՚առ­­նէ այդ ու­­րոյն աշ­­խարհէն ներս, ուր Արե­­ւել­­քին գու­­նա­­­գեղու­­թիւնը, մարդկա­­յին յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րուն նա­­հապե­­տական ծան­­րութիւ­­նը, մա­­նաւանդ վայ­­րե­­­րուն հա­­րուստ ելե­­ւէջումնե­­րը պատ­­կե­­­րուած են հա­­րազա­­տու­­թեամբ։ Լե­­ւոն Մես­­րոպ գի­­տէ վայ­­րե­­­րը, կը ճանչնայ իր հե­­րոս­­նե­­­րը ու շին­­ծու ջան­­քեր չի թա­­փեր ապա­­հովե­­լու հա­­մար պա­­տու­­մին ճշմար­­տա­­­ցիու­­թիւնը։

Հա­­յոց ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը թէեւ կը նկա­­րագ­­րո­­­ւի հա­­րեւան­­ցիօրէն, սա­­կայն կ՚ու­­նե­­­նայ էական նշա­­նակու­­թիւն՝ 180 աս­­տի­­­ճան փո­­խելով գլխա­­ւոր հե­­րոսին՝ Հարթմա­­նին ողջ էու­­թիւնը։ Պէտք է գիտ­­նալ, որ Լե­­ւոն Մես­­րոպ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան ու­­սումնա­­սիրու­­թեան մէջ եւս ու­­նի իր ու­­րոյն ներդրու­­մը։ Հե­­տեւա­­բար վէ­­պին մէջ երեւ­­ցող այդ դրո­­ւագ­­նե­­­րը եւս բո­­լորո­­վին զուրկ չեն հա­ւաս­տիու­թե­նէ։

Ու­րա­խալի է որ Լե­ւոն Մես­րո­պի գոր­ծը կը դրո­ւի վերստին գնա­հատու­մի առի­թի մը առ­ջեւ, սա­կայն մաղ­թե­լի էր նաեւ, որ գիր­քին հրա­տարա­կու­թիւնը ըլ­լար աւե­լի խնա­մեալ, սրբագ­րումի ու գրա­շարու­մի աշ­խա­տան­քը կա­տարո­ւէր աւե­լի բա­րեխղճօ­րէն, որ­պէսզի վրի­պակ­նե­րէ հնա­րաւո­րինս զերծ մնար այս ող­ջունե­լի հրա­տարա­կու­թիւնը։

«Ֆրէտ Հարթման եւ Տատա Ռօսթէմ»
Լեւոն Մեսրոպ
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն
Պէյրութ, 2016
463 էջ