Փոխանցում ամենամեծ ստեղծագործից

բագրատ էսդուգեան

«Արաս» հրա­տարակ­չա­տու­նը վեր­ջերս լոյս ըն­­ծա­­­յեց քրտա­­կան բա­­նահիւ­­սութե­­նէ քա­­ղուած եւ Սար­­գիս Սե­­րով­­բեանի թարգմա­­նած ու խմբագ­­րած երեք ժո­­ղովրդա­­կան պատ­­մութիւննե­­րը։ «Աշուկ ու Մա­­շուկ» խո­­րագ­­­րեալ հա­­­ւաքա­­­ծոյին մէջ տեղ գտած են Գա­­­րեգին Սրուանձտեան­­­ցի, Սար­­­գիս Հայ­­­կունիի եւ Վրթա­­­նէս Փա­­­փազեանի ԺԹ դա­­­րու վեր­­­ջե­­­­­­­րուն եւ Ի դա­­­րու սկիզբնե­­­րուն հրա­­­տարա­­­կած պատ­­­մութիւննե­­­րը Արեւմտեան Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Մի­­­ջագետ­­­քի եւ Անա­­­տոլիայի ժո­­­ղովուրդնե­­­րուն մօտ դա­­­րեր շա­­­րու­­­նակ բեր­­­նէ բե­­­րան շրջած սի­­­րեր­­­գութիւններ են։

Զար­­­թօնքի շրջա­­­նին, երբ գրա­­­կանու­­­թիւնը յա­­­տուկ ու­­­շադրու­­­թիւն կը սե­­­ւեռէր ժո­­­ղովրդա­­­կան հի­­­նաւուրց բա­­­նահիւ­­­սութեան, այդ ու­­­շադրու­­­թեան կ՚ար­­­ժա­­­­­­­նանար նաեւ երաժշտու­­­թիւնը եւ գրա­­­կանու­­­թիւնը։ Բնա­­­կանա­­­բար Կո­­­միտաս երբ կը հա­­­ւաքէր հայ գեղ­­­ջուկ եր­­­գե­­­­­­­րու նմոյշնե­­­րը իր ժա­­­մանա­­­կակից գրող­­­ներ ալ լծուած էին մին­­­չեւ այդ ար­­­ժա­­­­­­­նի հե­­­տաքրքրու­­­թեան չտի­­­րացած ու­­­րիշ մէկ մար­­­զի, ժո­­­ղովրդա­­­կան բա­­­նահիւ­­­սութեան, բա­­­նահա­­­ւաք­­­ման գոր­­­ծին։ Ինչպէս բո­­­լոր նո­­­րայայտնու­­­թիւններ այս վեր­­­ջինն ալ շու­­­տով դար­­­ձաւ իր ժա­­­մանա­­­կի նա­­­խապա­­­տուու­­­թիւնը։ Որ­­­պէս Սար­­­գիս Սե­­­րով­­­բեանի ան­­­մի­­­­­­­ջական գոր­­­ծընկեր­­­ներ առանց վա­­­րանու­­­մի կրնանք յայ­­­տա­­­­­­­րարել թէ Սե­­­րով­­­բեան իր կեան­­­քի բո­­­լոր ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րուն մեծ սի­­­րով փա­­­րած էր հին կեն­­­ցա­­­­­­­ղը կամ ան­­­ցեալի բար­­­քե­­­­­­­րը նկա­­­րագ­­­րող գրա­­­կանու­­­թեան։ Բո­­­լոր պա­­­տեհ առիթ­­­նե­­­­­­­րուն կը դի­­­մէր այդ աղ­­­բիւրին եւ հոն­­­կէ կը քա­­­ղէր օրուան իմաս­­­տը պար­­­զա­­­­­­­բանող յօ­­­դուած­­­ներ։ Կրնանք ըսել թէ երկրպա­­­գու­­­թեան հա­­­մազօր եր­­­կիւղա­­­ծու­­­թեամբ կը թեր­­­թէր Գա­­­րեգին Սրուանձտեան­­­ցի տո­­­ղերը։ Այդ հո­­­գեբա­­­նու­­­թեամբ լծուած էր «Աշուկ ու Մա­­­շուկ»ի նիւթ դար­­­ձած պատ­­­մութիւննե­­­րուն նախ թարգմա­­­նու­­­թեան ու ապա հրա­­­տարա­­­կու­­­թեան գոր­­­ծին։ Ման­­­կա­­­­­­­կան յու­­­զումով վերստին կ՚ըն­­­թերցէր իր շա­­­րադ­­­րած տո­­­ղերը ու ապա կը փոր­­­ձէր ալ աւե­­­լի հա­­­րազատ նա­­­խադա­­­սու­­­թիւննե­­­րով փո­­­խարի­­­նել նախ­­­կին գրա­­­ռումնե­­­րը։ Ափ­­­սոս թէ բախ­­­տը չար­­­տօ­­­­­­­նեց որ գրա­­­կանու­­­թեան այս նուիրեալ մշա­­­կը վա­­­յելէ իր անսպառ ջան­­­քե­­­­­­­րու ար­­­գա­­­­­­­սիքը։ Փո­­­խարէ­­­նը մե­­­զի մնաց կրկին ու կրկին ցա­­­ւիլ իր կո­­­րուստին, բայց միաժա­­­մանակ ու­­­րա­­­­­­­խանալ նաեւ տես­­­նե­­­­­­­լով իր սկսած գոր­­­ծին աւար­­­տը։ Եթէ մեր ան­­­ցեալի բա­­­նահա­­­ւաք­­­նե­­­­­­­րը յա­­­ջողած էին ներշնչել Սար­­­գիս Սե­­­րով­­­բեանը մենք հա­­­մոզուած ենք թէ այս գիր­­­քի հրա­­­տարա­­­կու­­­թիւնն ալ իր կար­­­գին կը խոս­­­տա­­­­­­­նայ նոր ներշնչումներ պար­­­գե­­­­­­­ւել բո­­­լոր անոնց, որոնք ժա­­­մանա­­­կի թե­­­լադ­­­րա­­­­­­­ծէն աւե­­­լին տես­­­նե­­­­­­­լու, գտնե­­­լու կամ վա­­­յելե­­­լու գի­­­տակ­­­ցութիւ­­­նով օժ­­­տուած են։ Սխա­­­լած կ՚ըլ­­­լաք, եթէ կար­­­ծէք թէ այդ բո­­­լորը կը պատ­­­կա­­­­­­­նէին անցնող հե­­­ռաւոր ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րու եւ այ­­­սօր ոչ ոք ու­­­շադրու­­­թիւն կը սե­­­ւեռէ նման գրա­­­կանու­­­թեան մը հան­­­դէպ։ Կը սխա­­­լիք եւ ապա­­­ցոյ­­­ցը նոյն ինքն Սե­­­րով­­­բեան հսկան է։ Ի վեր­­­ջոյ այս պատ­­­մութիւննե­­­րէն շա­­­տեր իր սերնդա­­­կից­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­մար ալ մի գու­­­ցէ ժա­­­մանա­­­կավ­­­րէպ էին, բայց ան յա­­­ջողած էր ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րը թե­­­ւածե­­­լով թա­­­փան­­­ցել անոնց գաղտնի հ­­­մայքին։ Ներ­­­կայ ու ապա­­­գայ սե­­­րունդնե­­­րու հան­­­դէպ ապե­­­րախ­­­տութիւն պի­­­տի ըլ­­­լայ խոր­­­հիլ թէ Սե­­­րով­­­բեան այդ թա­­­փան­­­ցումը յա­­­ջողած վեր­­­ջինն էր։

Որ­­­քան որ ամուր կը հա­­­ւատանք ժո­­­ղովուրդի ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութեան ան­­­մա­­­­­­­հու­­­թեան, նոյնքան ամուր հա­­­ւատ­­­քով կը յայ­­­տա­­­­­­­րարենք թէ «Աշուկ ու Մա­­­շուկ»ը կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեն բեր­­­նէ բե­­­րան գո­­­յատե­­­ւել հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին մշա­­­կոյ­­­թին մէջ։ Քան­­­զի Կո­­­միտաս Վար­­դա­­­պետ ազ­­դա­­­րարած էր՝ «ժո­­ղովուրդն է ամե­նամեծ ստեղ­ծա­գոր­ծո­ղը, գա­ցէք ու սո­վորէք նրա­նից»։

«Աշուկ ու Մաշուկ»
Սարգիս Սերովբեան
«Արաս» Հարատարակչատուն
2017 Իսթանպուլ