Զահրատին կատուները

սեւան տէյիրմենճեան

Հայ գրականութեան մէջ ցաւօք սրտի սահ­մա­նափակ նիւ­թեր միայն կ՚ար­ժա­նան յա­տուկ հա­ւաքա­ծոներ կազ­մե­լու, ընտրա­նինե­րու մաս դառ­նա­լու բախ­­տին։ Հայ­­րե­­­նասի­­րական բա­­նաս­­տեղծու­­թիւններ կամ Երե­­ւանին ձօ­­նուած գրու­­թիւններ շատ ան­­գամ եկած են խմբուելու կող­­քի մը տակ, շատ-շատ տար­­բեր հե­­ղինակ­­նե­­­րու սի­­րային բա­­նաս­­տեղծու­­թիւննե­­րը կամ հայ կա­­նանց բա­­րեմաս­­նութիւննե­­րը գո­­վեր­­գող տո­­ղերը գիր­­քով մը հրամ­­ցո­­­ւած են ըն­­թերցող­­նե­­­րուն, որոնք ան­­շուշտ պատ­­շաճ ու­­շադրու­­թեան ար­­ժա­­­նացու­­ցած են միշտ տուեալ հա­­տորը։ Այս իմաս­­տով հե­­տաքրքրա­­կան նա­­խաձեռ­­նութիւն մըն է որ «Արաս» կը հրամցնէ գրա­­սէր հան­­րութեան՝ կող­­քի մը տակ հա­­ւաքե­­լով բա­­նաս­­տեղծի մը՝ Զահ­­րա­­­տի, այն բա­­նաս­­տեղծու­­թիւննե­­րը, որոնց մէջ կա­­տու­­ներ կը շրջին, որոնք ուղղա­­կիօրէն նո­­ւիրո­­ւած են կա­­տու­­նե­­­րուն։

Գրա­­կանու­­թեան պատ­­մութեան նե­­տուած հա­­րեւան­­ցի ակ­­նարկ մը իսկ բա­­ւարար է ըսե­­լու հա­­մար, թէ շա­­րադ­­րա­­­կան նման հա­­ւաքա­­ծոյ մը կազ­­մե­­­լու նպա­­տակով խմբա­­գիր­­ներ պի­­տի չկա­­րենա­­յին գտնել աւե­­լի յար­­մար այլ կեր­­պար մը, քան կա­­տուն։ Հայ գրա­­կանու­­թեան մէջ Եղիա Տէ­­միր­­ճի­­­պաշեանն էր թե­­րեւս առա­­ջինը, որ «Կա­­տուի Մը Յու­­շա­­­գիր­­քէն» շար­­քով առօ­­րեայ կեանք վեր­­լուծած է ԺԹ դա­­րու երկրորդ կի­­սուն։ Ակա­­մայ Եղիային քով դրո­­ւող այլ հե­­ղինակ մը՝ Տի­­րան Չրա­­քեան, Ինտրա, նոյնպէս, ո՛չ միայն բա­­նաս­­տեղծու­­թիւններ գրած է կա­­տու­­նե­­­րու մա­­սին («Կա­­տուն», «Դրա­­ցի Կա­­տուն»), նաեւ որ­­պէս գծան­­կա­­­րիչ՝ սեւ մա­­տիտով գողտրիկ, շատ սի­­րուն գծագ­­րութիւն մըն ալ ու­­նի՝ «Դրա­­ցի Կա­­տու»ին հա­­մար։ Վեր­­ջին օրե­­րուն պա­­տահա­­բար յայտնա­­բերե­­ցի նաեւ Վա­­հան Թէ­­քէեանէ յուշ մը՝ «Սեւ Կա­­տու»ն, ուր ան կը պատ­­մէ դրո­­ւագ մը իր համ­­պուրկեան կեան­­քէն։ Վստա­­հաբար, քիչ մը աւե­­լի ման­­րազննող հա­­յեացք մը աւե­­լին պի­­տի գտնէ, ինչպէս «Կա­­տուի Դրախ­­տը», Վա­­հան Տէ­­րեանէն։

Ո՛չ միայն հայ, նաեւ Պոլ­­սոյ բնա­­կիչ թուրք հե­­ղինակ­­ներ ալ կա­­տուն գո­­վեր­­գած կամ զայն կեր­­պա­­­ւորած են իրենց ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րուն մէջ՝ Հա­­լիտ Զի­­յայէն մին­­չեւ Կիւնտիւզ Վաս­­սաֆ եւ դեռ շատ-շա­­տեր։ Մեր քա­­ղաքի բնա­­կիչ­­նե­­­րուն սի­­րելի այս անա­­սու­­նը, ինչպէս փո­­ղոց­­նե­­­րուն մէջ, այնպէս ալ գրա­­կանու­­թեան էջե­­րուն վրայ անար­­գել կը շրջի՝ միշտ դառ­­նա­­­լով հա­­մակ­­րանքի ու սի­­րոյ առար­­կայ մը։

Հե­­տեւա­­բար պա­­տահա­­կան չեմ հա­­մարեր Զահ­­րա­­­տի բա­­նաս­­տեղծու­­թիւննե­­րով կազ­­մո­­­ւած այս հա­­տորը, ուր ի մի բե­­րուած են ո՛չ միայն Զահ­­րա­­­տի կա­­տու­­նե­­­րով լե­­ցուն քեր­­թո­­­ւած­­նե­­­րը, այլ նաեւ իր գծագ­­րութիւննե­­րը (որոնց մա­­սին պի­­տի խօ­­սիմ քիչ անց, ան­­ջա­­­տաբար)։ Զահ­­րա­­­տի քեր­­թո­­­ղու­­թեան շատ ան­­գամ քօ­­ղար­­կո­­­ւած, ոչ պո­­ռոտ, լուռ իմաս­­տութիւ­­նը կամ այնտեղ ծած­­կո­­­ւած եր­­գի­­­ծան­­քը հա­­մահունչ կ՚ըն­­թա­­­նայ կա­­տուի մը ան­­ձայն, նոյ­­նիսկ խորհրդա­­ւոր բնոյ­­թին հետ։ Պէտք չէ ըսել, թէ աշ­­խարհագ­­րութիւ­­նը էական չէ տա­­ղան­­դին հա­­մար, թէ ամէ­­նուր ան կը յայտնո­­ւի այսպէս կամ այնպէս. Զահ­­րատ բա­­ւական պի­­տի չդժո­­ւարա­­նա՞ր ար­­դեօք ար­­տա­­­յայ­­տե­­­լու իր չա­­րաճ­­ճի իմաս­­տութիւ­­նը եթէ ապ­­րէր քա­­ղաքի մը մէջ, ուր կա­­տու­­ներ չեն շրջիր փո­­ղոց­­նե­­­րուն մէջ։ «Հա­­ճը Պէ­­քիր»ին կա­­տուն՝ Փի­­չոնը օրի­­նակ, կամ Մայ­­մունը, որ կա­­պիկ մը չէ, այլ տան դեղ­­նա­­­չեայ սեւ փի­­սիկը, Վէ­­լաս­­քե­­­զը, սա­­մաթիացի Ժօն տ՚Օրը, ինչպէս նաեւ փո­­ղոցա­­յին կամ ազ­­նո­­­ւական, վե­­րացա­­կան կամ շօ­­շափե­­լի պա­­տահա­­կան կա­­տու­­ներ, որոնք իրենց ետին եր­­բեմն մարդկա­­յին կեր­­պարներ կը քօ­­ղար­­կեն, անձնա­­ւորո­­ւած, ուղղա­­կի ինքնու­­թիւն շա­­հած են, այնքան որ զի­­րենք կրնանք վեր­­լուծել, որ­­պէս օրի­­նակ ցոյց տալ այ­­լոց։

Յով­­հաննէս Շաշ­­քալն է այս հա­­տորին թարգմա­­նիչը, ինչպէս որ էր Զահ­­րա­­­տի թրքե­­րէնով հրա­­տարա­­կուած նա­­խորդ հա­­տոր­­նե­­­րու­­նը։ Տա­­ղան­­դա­­­շատ եր­­գի­­­ծան­­կա­­­րիչը իր­­մէ բա­­ներ մը գտած ըլ­­լա­­­լու է վստա­­հաբար Զահ­­րա­­­տին մէջ եւ իրեն հա­­մար Զահ­­րատ թարգմա­­նելը ո՛չ թէ ար­­հեստա­­վարժ զբա­­ղում մըն է ըստ երե­­ւոյ­­թին, այլ քեր­­թո­­­ղական ստեղ­­ծա­­­գործ աշ­­խա­­­տան­­քին բե­­րուած զու­­գակցու­­թիւն մը, բա­­նաս­­տեղծի ար­­տադրե­­լու հո­­լովոյ­­թին բե­­րուած ան­­մի­­­ջական մաս­­նակցու­­թիւն։ Եր­­գի­­­ծան­­կա­­­րիչը բա­­նաս­­տեղծին հա­­րազա­­տաց­­նող յա­­ւելեալ մի­­ջոց մըն ալ կը յայտնո­­ւի այս գիր­­քով. նկա­­րիչ Զահ­­րա­­­տը։ Թե­­րեւս սխալ չըլ­­լայ կո­­չել կա­­տուան­­կա­­­րիչ (այնպէս ինչպէս ծո­­վան­­կա­­­րիչ մըն է Այ­­վա­­­զովսքի)։ Նկա­­րիչ Զահ­­րա­­­տը յայտնու­­թիւն մըն էր ան­­շուշտ. եր­­գի­­­ծան­­կա­­­րողի տար­­րեր ալ ու­­նի եր­­բեմն Ի դա­­րու ար­­դիապաշտ նկար­­չութեան շրջա­­նակն իսկ քե­­րող բա­­նաս­­տեղծին նկա­­րելու արո­­ւես­­տը։ «Հե­­տաքրքրա­­կան է որ, բա­­ցի առա­­ջին շրջա­­նի նկար­­նե­­­րէն, բո­­լոր գծագ­­րումնե­­րուն մէջ որ­­դեգրած է վե­­րացա­­պաշտ կամ խո­­րանար­­դա­­­պաշտ/երկրա­­չափա­­կան ոճ մը... Սկսնա­­կի գիծ մը չէ իրը, այլ ընդհա­­կառա­­կը՝ անան­­տե­­­սանե­­լի տա­­ղան­­դով մը ձեռք բե­­րած է գծան­­կարչա­­կան-գա­­ղափա­­րական իւ­­րա­­­յատուկ ոճ մը. հե­­տեւա­­բար կա­­րելի է ըսել, թէ Զահ­­րատ լաւ կամ գէշ պատ­­րա­­­տուած էր, ժա­­մանա­­կի ըն­­թացքին գծագ­­րե­­­լու զբաղ­­մունքը շա­­րու­­նա­­­կած ու ինքզինք զար­­գա­­­ցու­­ցած էր», ինչպէս կը գրէ Շաշ­­քալ՝ գրքին յա­­ռաջա­­բանին մէջ՝ նշե­­լով, թէ «որ­­պէս բա­­նաս­­տեղծ ձեռք բե­­րած ար­­տա­­­կարգ յա­­ջողու­­թիւնը ստո­­ւեր ածած է նկա­­րելու տա­­ղան­­դին եւ ան կա­­մաց-կա­­մաց հե­­ռացած է նկա­­րելէ», թե­­րեւս։

Ու­­րեմն «Արաս»ի ըն­­թերցող­­նե­­­րուն մա­­տու­­ցած գիր­­քը ո՛չ միայն Զահ­­րա­­­տի բա­­նաս­­տեղծու­­թիւննե­­րը կը հրամցնէ մե­­զի՝ հա­­յերէն բնագ­­րով ու թրքե­­րէն թարգմա­­նու­­թեամբ, այլ առիթ կու տայ յայտնա­­բերե­­լու նաեւ նկա­­րիչ, կա­­տուան­­կա­­­րի՛չ Զահ­­րա­­­տը, որ կա­­րիք չու­­նի թարգմա­­նուե­­լու, այլ միայն հա­­ճելիօրէն դի­­տուե­­լու։

Մե­­ծահա­­սակ­­նե­­­րուն ու պա­­տանի­­ներուն ան­­պայման յանձնա­­րարե­­լի այս հրա­­տարա­­կու­­թիւնը մաղ­­թենք որ դառ­նայ առա­ջին քայլ մը նաեւ «Արաս»ին հա­մար՝ կազ­մե­լու նման այլ ընտրա­նիներ՝ նո­ւիրո­ւած, ըսենք, Իշ­խա­նաց կղզի­ներուն, Սկիւ­տա­րին կամ ծո­վուն...

«Կատուներ»
Զահրատ
Պոլիս, Մայիս 2017
թարգմանեց՝ Յովհաննէս Շաշքալ
«Արաս» հրատարակչութիւն
96 էջ