Վարդանեան մեզի կը ձայնէ

արիֆ թափան

ով­սէփ Վար­դա­նեանի անու­նը մեզ ծա­նօթ է 1851-ին հրա­տարա­կած «Ագա­պիի Հէ­քիաթը» անուն վէ­պի մի­ջոցաւ։ Այդ գիր­քը ըն­դունուած է իբ­րեւ թրքե­րէն առա­ջին վէպ։ Վար­դա­նեան այս հրա­տարա­կու­թե­նէն տա­րի մը ետք կը ներ­կա­յանայ «Շա­տախօս Ադա­մոր­դին՝ շա­տախօ­սու­թե­նէ ծա­գած փոր­ձանքնե­րու պրա­կը» անուն գիրք մը։ Այս գիր­քը առա­ջին հրա­տարա­կու­թե­նէն 165 տա­րի ետք վերհրա­տարա­կուե­ցաւ «Գոչ» հա­մալ­սա­րանի մա­տենա­շարէն։ Վար­դա­նեան այս երկրորդ գիրքն ալ առա­ջինի նման գրած էր հա­յատառ թրքե­րէնով։ Բնա­գիրը լա­տինա­տառ տար­բե­րակով հրա­­տարա­­կու­­թեան պատ­­րաստած է Մու­­րատ Ճան­­գա­­­րա։ Ճան­­գա­­­րա նա­­խաբա­­նին մէջ բա­­ցատ­­րութիւններ կը փո­­խան­­ցէ Վար­­դա­­­նեանի այս ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութեան եւ ընդհան­­րա­­­պէս հա­­յատառ թրքե­­րէն գրու­­թիւննե­­րու ըն­­թերցման կա­­նոն­­նե­­­րու մա­­սին։ Նաեւ կ՚ու­­սումնա­­սիրէ այս եր­­կի գրա­­կան պատ­­մութեան մէջ ու­­նե­­­ցած դե­­րակա­­տարու­­թիւնը։ 1840-1887 Թուական­­նե­­­րու մի­­ջեւ շա­­բաթեայ եւ երկշա­­բաթեայ հեր­­թա­­­կանու­­թեամբ Զմիւռնիա հրա­­տարա­­կուած  «Ար­­շա­­­լոյս Արա­­րատեան» պար­­բե­­­րակա­­նի 10 Հոկ­­տեմբեր 1852 հա­­մարին մէջ կը հան­­դի­­­պինք «Շա­­տախօս Ադա­­մոր­­դի»ի գո­­վազ­­դին, որ կը յու­­շէ մե­­րօրեայ գիր­­քի ծա­­նու­­ցումնե­­րը։ Գո­­վազ­­դի մէջ գիր­­քի բո­­վան­­դա­­­կու­­թեան մա­­սին տե­­ղեկու­­թիւններ կը տրուին։ Հոն այս հրա­­տարա­­կու­­թիւնը կը ներ­­կա­­­յացուի թէ «պրա­­կ» եւ թէ «գրքոյ­­կ» եզ­­րե­­­րով։ Ճան­­գա­­­րա այս եր­­կու եզ­­րե­­­րէն մեկ­­նե­­­լով կը խորհրդակ­­ցէ գիր­­քի գրա­­կան դա­­սաւո­­րու­­մը բնու­­թագրե­­լու գոր­­ծին (Վէ՞պ, գրքո՞յկ, հէ­­քիա՞թ, թէ պրա՞կ)։ Յատ­­կա­­­պէս թրքե­­րէն գրա­­կանու­­թեան ան­­ցեալին մա­­սին գրա­­ռումնե­­րու առու­­մով կա­­րեւոր է «Շա­­տախօս Ադա­­մոր­­դի»ի գրա­­կան ոճի դա­­սաւո­­րու­­մը։

Գիր­­քը օժ­­տուած է նա­­խաբան ու յա­­ռաջա­­բանով։ Բա­­ցի ան զա­­նազան պատ­­կերնե­­րով ալ հարստա­­ցած վեց հէ­­քիաթ­­նե­­­րու մէջ հե­­ղինա­­կը կը նկա­­րագ­­րէ շա­­տախօ­­սը, իր արարքնե­­րը, բնազ­­դը եւ թէ իր, թէ ալ շուրջին­­նե­­­րու գլխուն ինչ տե­­սակ գոր­­ծել փաթ­­թե­­­լու ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րը։ Վեց կարճ հէ­­քիաթ­­նե­­­րու աւար­­տին կայ եզ­­րա­­­փակիչ բնոյ­­թով եօթ­­նե­­­րորդ գլուխ մը, որ ագու­­ցուած է առա­­ջին պա­­տու­­մին եւ այսպէս ալ գիր­­քը ստա­­ցած է, թէ աւե­­լի ամ­­բողջա­­կան եւ թէ աւե­­լի հա­­ւաս­­տի բնոյթ։ Հա­­յատառ թրքե­­րէն գրա­­կանու­­թիւնը ու­­սումնա­­սիրող­­նե­­­րը Շա­­տախօս Ադա­­մոր­­դիի մա­­սին որ­­քան ալ տար­­բեր մեկ­­նա­­­բանու­­թիւններ ու­­նե­­­նան կը հա­­մաձայ­­նին եր­­կու յատ­­կութեան վրայ։ Անոնցմէ առա­­ջինը այս գրա­­ռու­­մը եր­­գի­­­ծական բնոյթն է, այնքան որ շա­­տեր հա­­մոզուած են, թէ Շա­­տախօս Ադա­­մոր­­դին թրքե­­րէնի առա­­ջին եր­­գի­­­ծաբա­­նու­­թեան օրի­­նակն է, որ օժ­­տուած է նաեւ ծաղ­­րանկար­­նե­­­րով։ Վար­­դա­­­նեան այսպէ­­սով կը դի­­տուի թրքե­­րէն գրա­­կանու­­թեան առա­­ջին եր­­գի­­­ծաբա­­նը եւ ծաղ­­րանկա­­րը թրքե­­րէն ըն­­թերցո­­ղին ծա­­նօթաց­­նող առա­­ջին հե­­ղինա­­կը։ Ու­­րեմն այս հաս­­տա­­­տումնե­­րով տե­­ղին պի­­տի ըլ­­լայ յանձնել, թէ Շա­­տախօս Ադա­­մոր­­դին եր­­գի­­­ծաբա­­նու­­թեան տար­­րա­­­կան կա­­նոն­­նե­­­րուն մեծ վար­­պե­­­տու­­թեամբ գոր­­ծադրուած մէկ օրի­­նակն է։ Մու­­րատ Ճան­­գա­­­րա իր գրա­­ռումնե­­րով կ՚ապա­­ցու­­ցէ այս բո­­լորը։

Հա­­մաձայ­­նութեան երկրորդ կէ­­տը գոր­­ծին նպա­­տակադ­­րումն է։ Ընդհան­­րա­­­պէս հա­­մոզում գո­­յացած է թէ Վար­­դա­­­նեան իբ­­րեւ հե­­ղինակ փոր­­ձած է ազ­­գօ­­­գուտ ծա­­ռայու­­թիւն մը մա­­տու­­ցել հա­­սարա­­կութեան։ Ար­­դա­­­րեւ Շա­­տախօս Ադա­­մոր­­դիի մէջ գոր­­ծա­­­ծուած ոճը եւ շեշ­­տադրու­­մը բա­­ւական ծա­­նօթ պի­­տի թուի Ագա­­պիի հէ­­քիաթը ըն­­թերցող­­նե­­­րուն։ Գիր­­քի մէջ պատ­­մուած շա­­տախօ­­սու­­թեան զա­­նազան երե­­ւոյթնե­­րէն, ո՞ր մէ­­կուն հե­­ղինա­­կին եւ ո՞ր մէ­­կուն պատ­­մո­­­ղին վե­­րաբե­­րիլը զատ խնդիր մըն է թէեւ, բայց ան­­դին մուտքի բաժ­­նին մէջ Վար­­դա­­­նեան ուղղա­­կիօրէն կը ձայ­­նէ ըն­­թերցո­­ղին։ Հե­­ղինա­­կը բամ­­բա­­­սան­­քին ինչ տե­­սակ հե­­տեւանքներ ու­­նե­­­նալու մա­­սին իր զգու­­շա­­­ցումնե­­րը տա­­կաւին առա­­ջին նա­­խադա­­սու­­թեան մէջ զգու­­շա­­­ցուած է։ Անի­­րաւու­­թիւն պի­­տի ըլ­­լայ գիր­­քին լոկ ու­­սուցո­­ղական եւ խրա­­տական նպա­­տակ­­նե­­­րով գրի առ­­նուած ըլ­­լա­­­լու վար­­կա­­­ծը։ Սա­­կայն Ագա­­պիի հէ­­քիաթէն ծա­­նօթ այդ ոճը այստեղ եւս զգա­­լի է։

Շա­­տախօս Ադա­­մոր­­դին թէ իր կա­­ռոյ­­ցով, թէ կազ­­մութեամբ եւ թէ բո­­վան­­դա­­­կու­­թեամբ ար­­ժա­­­նի է բա­­ւական ծա­­ւալուն ու­­սումնա­­սիրու­­թիւննե­­րու։ Հա­­ճելի ըն­­թերցում մը խոս­­տա­­­ցող այս գիր­­քը միաժա­­մանակ օս­­մա­­­նեան հայ գրող­­նե­­­րու եւ հա­­յատառ թրքե­­րէն գրա­­կանու­­թեան նկատ­­մամբ հե­­տաքրքրու­­թիւն ու­­նե­­­ցող­­նե­­­րու հա­­մար խիստ հե­­տաքրքրա­­կան է։ Արա­­բական տա­­ռերով օս­­մաննե­րէն հրա­տարա­կուած առա­ջին վէ­պէն առ­նուազն 20 տա­րի առաջ լոյս տե­սած այս գոր­ծը ան­շուշտ որ տա­կաւին զա­նազան քննար­կումնե­րու ար­ժա­նի է եւ այդ գրա­ռումնե­րը պի­տի լու­սա­բանեն շատ աւե­լի հե­տաքրքրա­կան նոր երե­ւոյթներ։ Մաղ­թենք որ նման ու­շադրու­թեան ար­ժա­նանան հա­յատառ գրա­կանու­թեան այլ օրի­նակ­նե­րը եւս։   

«Շատախօս Ադամորդի»Յովսէփ Վարդանեան
Հրատարակութեան պատրաստեց
Մուրատ Ճանգարա
«Գոչ» համալսարանի հրատարակչութիւն
Իսթանպուլ/ 181 էջ