Մեծ Եղեռնին վաւերագրողները

ՍԵՎԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ


Մեր սեղանին ունինք արեւմտահայ երկու մտաւորականի՝ Շաւարշ Միսաքեանի ու Արամ Անտոնեանի, Մեծ Եղեռնը վաւերագրող հատորները, որոնք կազմուած են տարբեր ժամանակներուն հրատարակուած գրուածքներով։

Սկսինք Միսաքեանով⊃

Պէյրութի ∩Խաչիկ Պապիկեան∪ հրատարակչական հիմնադրամը որպէս մատենաշարի իններորդ գիրքը վերջերս ընթերցողներու սեղանին դրաւ ∩Մեծ եղեռնի առաջին վաւերագրողը՝ Շաւարշ Միսաքեան∪ հատորը (483 էջ), զոր խմբագրած է Երուանդ Փամպուքեան։ Հատորը լոյս տեսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն։

Ի դարասկիզբի արեւմտահայ իրականութեան յատկանշական դէմքերէն մէկն էր Միսաքեան։ Ծնած էր 1884−ին Սեբաստիոյ Զիմառա գիւղը, 1890−ին ընտանեօք կը փոխադրուին Պոլիս, ուր իր կրթութիւնը ստանալէ ետք, դեռ պատանի, կը նետուի լրագրական ասպարէզ՝ դառնալով ∩Սուրհանդակ∪ի աշխատակիցը։ Համիտեան գրաքննութեան տարիներուն Միսաքեան կը սկսի աշխատակցիլ Ռուբէն Զարդարեանի ∩Ռազմիկ∪ին, որ կը հրատարակուէր Պուլկարիոյ Ֆիլիպէ քաղաքին մէջ։ 1908−ին, օսմանեան սահմանադրութեան վերահռչակումէն ետք, Գեղամ Բարսեղեանի, Վահրամ Թաթուլի, Զապէլ Եսայեանի հետ կը ձեռնարկէ ∩Ազդակ∪ պարբրականի հրատարակութեան՝ հիմնելով նաեւ ∩Արծիւ∪ գրատունն ու ∩Ազդակ∪ մատենաշարը։ 1911−ին Շաւարշ Միսաքեան կ՚անցնի Կարին, ուր կը խմբագրէ տեղւոյն ∩Յառաջ∪ թերթը։ Պոլիս վերադարձին, մաս կը կազմէ ∩Ազատամարտ∪ի խմբագրութեան, յատկապէս խմբագրելով գրական բաժինը՝ մինչեւ 1915−ի սեւ օրերը։

Որպէս Հ. Յ. Դաշնակցութեան գործուն անդամ, ծանօթ խմբագիր ու հանրային գործիչ, իր անունը արձանագրուած էր ձերբակալելի մտաւորականներու ցուցակին վրայ, սակայն դիպուածաւ մը կ՚ազատի զինք հետապնդողներու ձեռքէն եւ կ՚անցնի ընդյատակ։ Միջոց մը ետք մատնութեամբ մը կը ձերբակալուի, կ՚ենթարկուի հարցաքննութիւններու, կտտանքներու։ Ան ազատ կ՚արձակուի յաղթական դաշնակիցներու Պոլիս մուտքով, 1918−ին։ Միսաքեան վերստին կը մտնէ կուսակցական−խմբագրական կեանքէն ներս։ 1919−ին կ՚երթայ Երեւան, ուր իբրեւ Պոլսոյ պատգամաւոր կը մասնակցի Դաշնակցութեան Թ. Ընդհանուր ժողովին։ Այդ տարիներուն կը գլխաւորէր կուսակցութեան Պոլսոյ կեդրոնական կոմիտէն, կը խմբագրէր ∩Ճակատամարտ∪ը։ Այս վիճակը կը շարունակուի մինչեւ նոյեմբեր 1922−ը, երբ քեմալականները կը յաղթանակեն։ Միսաքեան կ՚անցնի Սոֆիա, ուրկէ կը շարունակէ խմբագրականներ ուղարկել ∩Ճակատամարտ∪ին, որ կը փակուի 1924−ին։ Նոյն տարին իսկ կը հաստատուի Փարիզ, ուր կը մասնակցի Դաշնակցութեան ընդհանուր ժողովին, կ՚ընտրուի Բիւրոյի անդամ, զոր կը վարէ երկար տարիներ։

Միսաքեանի տարերքը հրապարակագրութիւնն էր սակայն։ Այդ տարիներու իր գլխաւոր իրականացումը կը դառնայ ∩Յառաջ∪ թերթը, զոր կը հիմնէ 1925−ին։ Ան թերթը կը խմբագրէ առաջին օրէն մինչեւ մահը՝ Յունուար 1957−ը։ Թերթը հրատարակութենէ դադրած էր նացիներու Փարիզը գրաւած միջոցին, սակայն Միսաքեան այդ 5 տարիներուն կը պատրաստէ ∩Հայկաշէն∪ եւ ∩Արածանի∪ հաւաքածոները։

Մեծ Եղեռնի տարիներուն, երբ դեռ ձերբակալուած չէր, Միսաքեան քանի մը ընկերոջ հետ կը նախաձեռնէ Վիշապի Առժամեայ Մարմին անուն գաղտնի կազմի մը ստեղծումին։ Առժամեան տարբեր միջոցներով իրազեկ կը դառնար ներքին գաւառներու մէջ ցեղասպանութեան տարիներուն կատարուող դէպքերուն եւ զանոնք կը փոխանցէր արտասահման, հիմնականին տակաւին պատերազմի մէջ չներքաշուած Պուլկարիա, ուր կը գտնուէր Դաշնակցութեան պալքանեան կեդրոնը։ Վերջինս ալ իր հերթին այդ տեղեկութիւնները կը փոխանցէր Ժնեւ ∩Դրօշակ∪ի խմբագրութեան, Թիֆլիս՝ Դաշնակցութեան Արեւելեան Բիւրոյին եւ Ամերիկայի ու Եգիպտոսի կուսակցական մարմիններուն։ Յիշեալ կազմը իր կարելի բոլոր միջոցները ի գործ կը դնէ քաղուած տեղեկութիւնները նամակներու միջոցով հասցնելու համար Սոֆիա։

Շաւարշ Միսաքեանի այս նամակներու շարքը կը սկսի 27 ապրիլին, որ կը գուժէ 24 ապրիլի ձերբակալութիւնները, ու կ՚աւարտի 5 հոկտեմբերին, 55 նամակ ընդամէնը, շաբաթը 2−3 գրութիւն։

Ուրեմն այս հատորին առաջին բաժինը կ՚ամփոփէ Շաւարշ Միսաքեանի ∩Նամականի∪ն, որ ի պահ կը մնայ Դաշնակցութեան Պոսթոնի կեդրոնական արխիւին մէջ։

Հատորին երկրորդ բաժինը յատկացուած է Շաւարշ Միսաքեանի ∩Մեծ ճգնաժամը∪ յօդուածաշարքին, որ լոյս տեսած է Սոֆիայի ∩Հայաստան∪ թերթի մայիս−սեպտեմբեր 1915 թուակիրներուն մէջ։ Ընդյատակեայ կեանքի իր օրերուն, Միսաքեան հրապարակագրի իր կոչումին յարիր կերպով չէր մոռնար յօդուածներ հասցնել Սոֆիայի ∩Հայաստան∪ թերթին։ Յօդուածաշարքը բաղկացած է 19 յօդուածներէ՝ ստորագրուած ∩Վարազ∪ եւ ∩Ռազմիկ∪ ծածկանուններով։

Երրորդ բաժինը ամբողջութեամբ կու տայ ∩Տերեւներ դեղնած յուշատետրէ∪ մը գործը, որ առաջին անգամ տպուած է ∩Յառաջ∪ին մէջ, 1935−ին։ Այս գրութիւնը լուսաբանութիւն մըն է Պոլսոյ ոստիկանատան մէջ զինք հարցաքննող ոստիկանապետ Ալի Ռիզայի յուշերուն, որոնք հրատարակուած էին ∩Զաման∪ին մէջ (յետագային նաեւ առանձին հատորով մը)։ ∩Տերեւներ∪ը ունեցած է քանի մը հրատարակութիւն. Միսաքեանի մահէն ետք, 1957−ին, նախ թերթօնի ձեւով լոյս տեսաւ Պէյրութի ∩Ազդակ∪ին մէջ, յետոյ ալ առանձին հատորով։ 2015−ին գործը հրատարակուեցաւ Մարսէյլի մէջ, ∩Փարանթեզ∪ հրատարակչատան կողմէ, հայերէն ու ֆրանսերէն, Գրիգոր Պըլտեանի մէկ ուսումնասիրութեամբ։ Միսաքեան այս գրութեան մէջ կը պատմէ 1915−1918−ի իր թաքստոցային կեանքը, պուլկար դեսպանատան բարապան Վլատիմիր Տիմիթրեւի մատնութեամբ իր ձերբակալումը, ոստիկանատան մէջ ենթարկուած հարցաքննութիւնը, կրած չարչարանքները, ինքնասպանութեան փորձը, դատավարութիւնը, դատավճիռը եւ վերջապէս ազատ արձակումը, պատերազմի աւարտին։

Հատորը կ՚եզրափակուի ∩Յաւելուածական∪ բաժինով մը, ուր կարելի է կարդալ պուլկար մատնիչ Տիմիթրեւի ահաբեկումին մասին, զոր պատմած է նոյնինքն ահաբեկիչ Եզիտ Արշակ։

Միւս գիրքին հեղինակը Միսաքեանի նման արեւմտահայ իրականութեան այդ շրջանի յատկանշական անուններէն մէկն է։ Արամ Անտոնեան (1874−1951) լրագրող էր, խմբագիր, գրող, պատմաբան, քննադատ, նաեւ երգիծանկարիչ։ Մեծ Եղեռնէն ետք կը ծնի իրաւ գրագէտը ու ան կը դառնայ ∩արձակագիրը աղէտի դէպքին∪, ինչպէս բնորոշած է Գրիգոր Պըլտեան։ Անտոնեան, որ յայտնի է ∩Մեծ Ոճիրը∪ աշխատասիրութեամբ, ունի վկայագրական աշխատանքներ, որոնցմէ մեծ մասը դեռ կը մնայ անտիպ։ ∩Աքսորի ճամբուն վրայ∪ հատորը փորձ մըն է ի մի բերելու հեղինակին Մեծ Եղեռնէն ներշնչուած պատմուածքներն ու անձնական յիշողութիւնները։ Գործերը գրուած են 1916−1946 շրջանին, լոյս տեսած են սփիւռքահայ մամուլին մէջ եւ երբեք չեն զետեղուած կողքի մը տակ։ Հատորը կազմած, յառաջաբանը գրած ու ծանօթագրած է գրագէտ Գրիգոր Պըլտեան։ Գիրքը (605 էջ) հրատարակուած է Երեւանի մէջ, ∩Սարգիս Խաչենց−Փրինթինֆօ∪ի կողմէ։

Թէոդիկի համար գրառած իր ինքնակենսագրութեան մէջ Անտոնեան կը նշէ, թէ ծնած է Բերա, Թաքսիմի մօտ։ Զարմանալի կրնայ թուիլ. Անտոնեան յունական կղզիներու արշաւանքներուն մասնակից եւ յետագային Ալեմտար Մուսթաֆա փաշային ծառայող ենիչերիի մը թոռն էր։ Անտոնեանի մանկութիւնը կ՚անցնի Սկիւտար, ուր ալ կը սկսի իր ուսումնառութիւնը։ Յետոյ նորէն Բերա են։ Կ՚աշակերտի Նարեկեանին, յետոյ ֆրերներու Սեն Փիեռ վարժարանին։ Ձկնարանին մէջ ծառայող ու պետութենէն վարձատրուող հօրը հետ անհաշտ էր Անտոնեան, որ յեղափոխութեան յորձանքէն առնուած էր։ Կը հեռանայ տունէն։ Գաճէ քանդակագործութեան կը հետեւի Ճեզայիրլեանի աշխատանոցին մէջ, որպէս գործաւոր կ՚աշխատի Բերա Բալասի մէջ։ Շէնքին կատարէն ունեցած մէկ անկումը վերջ կը դնէ իր ասպարէզին եւ ան կը սկսի լրագրութեան։ Բազմաթիւ հետաքրքրութիւններու տէր ըլլալուն, ձեռք կը զարնէր տարաբնոյթ նիւթերու՝ պատմութիւն, գրականութիւն⊃ Դարձած էր գիրքերու գնահատիչ մը, այն աստիճան որ առանց իր գիտութեան ոչ մէկ գրադարան կը վաճառուէր Պոլսոյ մէջ։ Խօսքը միայն հայերէն գիրքերու չէ որ կը վերաբերի, այլ նաեւ յունարէն ու լատիներէն։ Խմբագիրի պաշտօն կը վարէ ∩Արեւելք∪ի, ∩Սուրհանդակ∪ի, ∩Մանզումէ∪ի, ∩Մասիս∪ի եւլն.ի մէջ, իր անունով կամ ծածկանունով կը հրատարակէ պատմուածքներ, յօդուածներ, թերթօններ, երգիծական պատումներ, դիմանկարներ։ Բարեկամացած էր Մեծարենցին, որու առաջին հատորին յառաջաբանը գրելու եւ մեծ տաղանդը ողջունելու պատուին արժանացած էր։ Նախեղեռնեան շրջանի մեծագոյն գործն էր ∩Պատկերազարդ ընդարձակ պատմութիւն Պալքանեան պատերազմին∪ (Պոլիս, 1912) աւելի քան հազար էջնոց հինգ հատորը, որ ժամանակակից պատմութիւն մըն է։

Անտոնեանի՝ մամլոյ ասպարէզին վրայ ունեցած բեղուն գործունէութիւնը աննկատ չէր կրնար մնալ կառավարութեան աչքին։ Կը ձերբակալուի 24 ապրիլ 1915−ին։ Կ՚աքսորուի Չանղըրը, ուրիշներու հետ։ Ճամբան կառքէն կ՚իյնայ եւ կը փոխադրուի Անքարայի հիւանդանոցը ուր կը մնայ վեց ամիս։ Աքսորի ճամբան կը հասնի մինչեւ Մեսքենէ։ Կերպով մը խոյս կու տայ ու կու գայ Հալէպ, ապաստանելու ∩Պարոն∪ պանդոկի տէրերուն՝ Մազլմեաններու քով։ Զինադադարի օրերուն ալ Հալէպ է։ Իր իսկ վկայութեամբ 2000 էջ նօթեր գրառած էր Եղեռնի մասին։ Ասոնց մէկ մասը կը տպագրուի ∩Մեծ Ոճիրը∪ին մէջ, Նայիմ պէյի յիշողութիւններուն հետ։ Իր այս թղթածրարը պիտի կազմէ ∩Նիւթեր տեղահանութեանց եւ կոտորածներու պատմութեան համար∪ ընդարձակ աշխատութիւնը, որ մեծ մասամբ անտիպ կը մնայ տակաւին։ 1922−1924 թթ. կը դառնայ Գ. Նորատունկեանի քարտուղարը, ապա Փարիզի Նուպարեան մատենադարանի տեսուչը։ Նացիներու կողմէ Փարիզի գրաւման օրերուն մեծ ջանք կը թափէ պահպանելու համար գրադարանը։ Կը մեռնի 1951−ին, իր այնքան սիրած գիրքերով շրջապատուած։

∩Աքսորի ճամբուն վրայ∪ հատորին առաջին բաժինին մէջ տեղադրուած է Անտոնեանի Եղեռնի մասին հրատարակած երկու հիմնական հատորներէն մէկը՝ ∩Այն սեւ օրերուն⊃∪ը (միւսը՝ ∩Մեծ Ոճիրը∪ն է)։ Առաջին հրատարակութիւնը 1919−ին Պոսթոն իրականացած հատորը կ՚ամփոփէ հեղինակին վեց պատմուածքը (∩Բան չկայ∪, ∩Մայրերը∪, ∩Ջո՜ւր⊃ Ջո՜ւր⊃∪, ∩Կեանքէն յօգնութիւնը∪, ∩Պատգարակը∪, ∩Հացի մը համար∪)։ Այս նոր հրատարակութեան Պըլտեան աւելցուցած է եօթերորդ մը՝ ∩Մատանին∪, առնուած Փարիզի ∩Վերածնունդ∪էն։

Հատորին երկրորդ բաժինը ∩Աքսորի ճամբուն վրայ∪ յուշագրութիւնն է։ Յիշողութիւնը կը սկսի ձերբակալութեան օրէն ու կը հասնի մինչեւ Չանղըրը ժամանումը։ Այս հատուածին մէջ զետեղուած են պարբերական մամուլին մէջ հեղինակին հրատարակած շարքը, որու պարբերականութիւնը կ՚ընդգրկէ բաւական երկար շրջան մը, սկսեալ 1919−էն, մինչեւ 1940−ականներ։ Վերնագրերը՝ ∩Երկունքը∪, ∩Բանտը∪, ∩Մեկնումը∪, ∩Բաժանումը∪, ∩Փաստաթուղթ մը∪, ∩Համբարձում Համբարձումեան∪, ∩Բարսեղ Շահպազ∪, ∩Երուանդ Օտեանի “թրքացումը”∪, ∩Նշան Գալըպճեան∪, ∩Կոմիտաս վարդապետ աքսորի մէջ∪ եւ ∩Վարուժան Չանղըրըի աքսորավայրին մէջ∪։

Գրիգոր Պըլտեան հատորի սկիզբը դրած է ∩Արամ Անտոնեանի անկումը∪ խորագրեալ ընդարձակ յառաջաբան մը, ուր քննութեան ու վերլուծութեան ենթարկած է հեղինակին արտադրութիւնը։

Շաւարշ Միսաքեանի եւ Արամ Անտոնեանի Մեծ Եղեռնին վերաբերող գրուածքները անպատկերելին դոյզն իսկ երեւակայելու միջոցներ են ներկայի ընթերցողին համար։ Առաջինը Պէյրութ, երկրորդը Երեւան տպուած իսկ ըլլան, յանձնարարելի է որ անպայման ունենաք զանոնք ձեր անձնական գրադարաններուն մէջ։

Մեծ Եղեռնի առաջին վաւերագրողը՝
Շաւարշ Միսաքեան

խմբագիր՝
Երուանդ Փամպուքեան

Անթիլիաս, 2017, 483 էջ            

Աքսորի ճամբուն վրայ − պատմուածքներ եւ յիշողութիւններ

Արամ Անտոնեան

Խմբագիր՝
Գրիգոր Պըլտեան

Երեւան, 2016, 605 էջ