«Առաստաղ» լրիւ մերոնքական է

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈւԳԵԱՆ

Ժամանակակից հայ գրականութեան, յատկապէս սփիւռքեան գրականութեան մէջ կարեւոր բարձունք մըն է Ռոպէր Հատտէճեան անունը։ ∩Մարմարա∪ թերթի բազմամեայ աւագ խմբագիրը ծանօթ է նաեւ իր բեղուն գրիչով։ Մատենագէտներ եւ գրականագէտներ յաճախ կը յիշեն Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի գրական հսկայ ժառանգը։ Կ՚ըսեն թէ իր գրական արտադրութիւնը եթէ դիզուի իրարու վրայ, աւելի բարձր է քան հեղինակի հասակը։ Հաւանաբար Հատտէճեան եւս կ՚արժանանայ նման ձեւաչափի մը, ուր քանակի կողքին պիտի խօսինք նաեւ այդ հսկայ պաշարի բարձր որակին մասին ալ։ Անոր գրականութիւնը խորապէս թափանցած է իր ժողովուրդի ներքնաշխարհը։ Այս առումով յատուկ նշանակութիւն ունի ∩Առաստաղ∪ վէպը։

Բայց կ՚արժէ պահ մը կանք առնել վերեւ նշուած ∩իր ժողովուրդի∪ ասութեան մատնանշած սահմանումին վրայ։ Իրաւ՝ ո՞վ է Հատտէճեանի ժողովուրդը, որուն ներքնաշխարհին խորապէս թափանցած է ան։ Պարզ պատասխան մը ունի այս հարցումը։ Պարզ ու տրամաբանական եւ նաեւ բոլորովին բնական։ Հատտէճեանի ժողովուրդը այն է, որուն մէջ կ՚ապրի եւ մէկ մասնիկն է նաեւ ինք։

Այդ ժողովուրդի յատկութիւնները բնորոշուեցան ահռելի ողբերգութիւններու բոցերուն մէջ։ Բազմանդամ ընտանիքներու վերապրած հատու կենտ մնացորդացն է որ նոր կեանք, նոր սերունդ կերտեց հարազատ հողէն հեռու, խոպան վայրերու մէջ։ Այս անցեալը համազգային բնոյթ ունի աշխարհասփիւռ հայութեան համար։ Բայց եզակի է հայու այն կերպարը, որ շարունակեց գոյատեւել մէկ կողմէ իր, բայց մէկ կողմէ ալ ∩թշնամու∪ երկրի վրայ, յարատեւ ատելութեան միջավայրին մէջ։ Դիմադրեց իր տեսակին ուղղուած ատելութեան, տառապեցաւ, որոշ չափով այլասերեց, կորսնցուց փառքեր, բայց պահեց իր գոյութիւնը, ապրեցաւ, ապրեցաւ ու ապրեցաւ...

Առաստաղի հերոսը, որ կարողութիւն չունի հիւանդի սնարէն դուրս գալու, ահա տաճկահայու այդ կերպարն է որ կը մարմնաւորէ։ Հեղինակը յետադարձ ակնարկներով մեզ կը յուշէ անոր անցած ահռելի ճանապարհը։ Անհատի մը կենսագրութենէն ելլելով կը նկարագրէ ամբողջ ազգի մը ճակատագիրը։ Հատտէճեանի հերոսը շատ հարազատ է հասարակ պոլսահայուն համար։ Անոր մատնուած տառապանքը թակած է նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրին դուրը։ Բոլորս ալ մեր ընտանիքներէն ներս ապրած ենք արտագաղթի տեղի տուած արիւնահոսութիւնը։

Մինչեւ թարգմանութիւն, լրիւ մերոնքական էր Հատտէճեանի վէպը։ Իսկ երբ այս գործը թարգմանուեցաւ թրքերէնի, տեսանք թէ ան իր մէջ ունի նաեւ համաշխարհային խորհուրդ։ Այս հաստատումը կը ծագի թրքերէն հրատարակութեան համար շարադրուած գրախօսականներէն։ Զանազաններ, տարբեր մամուլներու վրայ ողջունեցին մեր բազմավաստակ հեղինակի գրականութիւնը, բաժնելով անոր նկարագրած ազգային հոգեբանութեան ցոլացումը։ Հաճելի յայտնութիւն է տեսնել թարգմանութեան բացած նոր հորիզոնները։ Բան մը՝ որուն կարեւորութեան անդրադարձանք բաւական ուշացումով։

Առաստաղի թարգմանութիւնը կը պարտինք Անահիտ Հազարեանի, իսկ վերհրատարակութիւնը ∩Արաս∪ հրատարակչատան։ Հիմնադրութեան 25−ամեակին ∩Արաս∪ կը շարունակէ իր որդեգրած առաքելութեան պտուղները քաղելու։ Դասականացած գրականութեան կողքին արդի եւ ժամանակակից հեղինակներու գործերուն թրքերէնի թարգմանութիւնը եւ վերհրատարակումը իր կարեւորութեամբ կը գերազանցէ աշխարհի բոլոր լեզուներուն։

Այս առումով ալ կը շնորհաւորենք նախ հեղինակը՝ Ռոպէր Հատտէճեան, ապա թարգմանիչը՝ Անահիտ Հազարեան եւ վերջապէս հրատարակիչը՝ ∩Արաս∪ը։

∩Թաւան∪

Ռոպէր Հատտէճեանի

Թարգմանեց՝ 
Անահիտ Հազարեան

∩Արաս∪ հրատարակչութիւն

2018/Իսթանպուլ

208 էջ