Տրդատ Բագրատունի, Վարդգէս Մանուկ եւ Վաղարշ

Բագրատունեաց համբաւաւոր ցեղէն Տրդատ անուն քաջ, անվեհեր մարդ մը կար։ Ան Սմբատ Բագրատունիի թոռն էր, Սմբատուհիի որդին, թէպէտ հզօր ու սրտոտ, բայց կարճահասակ ու այնքան ալ տգեղ էր ու այլանդակ արտաքինով։

ՍԱՐԳԻՍ ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ

Բագրատունեաց համբաւաւոր ցեղէն Տրդատ անուն քաջ, անվեհեր մարդ մը կար։ Ան Սմբատ Բագրատունիի թոռն էր, Սմբատուհիի որդին, թէպէտ հզօր ու սրտոտ, բայց կարճահասակ ու այնքան ալ տգեղ էր ու այլանդակ արտաքինով։

Տիրան թագաւոր իր դստեր՝ Երանեակին ամուսնացուցած էր Տրդատի հետ, զայն դարձնելով իրեն փեսայ։ Բայց Երանեակը սկիզբէն չէր սիրած իր ամուսնոյն եւ շարունակ արհամարհելով դժգոհութիւն կը յայտնէր ու կ՚անիծէր զինքը, որ իրեն նման չքնաղ ու ազնուազարմ կին մը ստիպուած էր ապրիլ անոր նման տգեղ եւ հասարակ ծագումով մարդու մը հետ։

Տրդատ չկարենալով տանիլ այս արհամարհանքը, օրին մէկը սաստիկ զայրանալով չարաչար կը ծեծէ Երանեակը, կը կտրէ անոր շէկ մազերը եւ կը հրամայէ, որ սենեակէն դուրս նետեն։ Այս դէպքէն ետք ալ կ՚ապստամբի թագաւորին դէմ եւ կ՚ուղղուի դէպի Մարաստանի ամուր եւ անմատչելի տեղերը, բայց դեռ հազիւ Սիւնիք հասած, իրեն կը հասնի Տիրանի մահուան լուրը եւ Տրդատ այլեւս կը հրաժարի Մարաստան երթալէ ու կը մնայ Սիւնիք։

Անգամ մը, Սիւնեաց Բակուր Նահապետը Տրդատին ընթրիքի կը հրաւիրէ իր ապարանքը։ Երբ ընթրիքը կ՚աւարտի ու կը սկսի գինարբուքը՝ ուրախ խնջոյքն ու գինեխումը գուսաններու եւ վարձակներու երգով ու պարով, Տրդատի ուշադրութիւնը կը քաշէ վարձակ մը, չքնաղ գեղեցկութեամբ կին մը, անունը Նազենիկ։ Վարձակները կին գուսաններ էին, որոնք թէ՛ կ՚երգէին եւ թէ միաժամանակ կը պարէին։

Գինովցած Տրդատը զմայլած չքնաղ Նազենիկի սքանչելի երգին ու նազելաշուք պարին, ամբողջ էութեամբ կը ցանկանայ վարձակին, կը դառնայ Բակուրին եւ հրամայաբար կը պահանջէ.

- Այս վարձակը ինծի տո՛ւր։

- Չե՛մ տար, զայրացած կ՚առարկէ Բակուր, ան իմ հարճս է, չե՛մ տար…

Տրդատ տեղէն կ՚ելլէ, կը մօտենայ Նազենիկին, կը բռնէ ու քաշելով կը նստեցնէ ծունկերուն եւ բոլոր սեղանակիցներուն առաջ կրքով ու կարօտով կը գգուէ ու համբուրէ։

Բակուր նախանձութեամբ կարկամած, տեղէն կը ցատկէ, որ Նազենիկին խլէ Տրդատի ձեռքէն։

Բայց Տրդատ ընդոստ ոտքի կ՚ելլէ, սեղանին վրայէն կ՚առնէ կաւէ հսկայ ծաղկամանը, կը նետէ Բակուրին, ետ վանելով զայն ու բոլոր սեղանակիցները, կը յափշտակէ չքնաղ Նազենիկը, դուրս կու գայ ապարանքէն, կը հասնի իր կացարանը, արագ ձի կը նստի, Նազենիկին ալ կ՚առնէ իր գաւակը ու կը սլանայ դէպի Սպերք։ Այսօրուան կոչումով Իսփիր գաւառը կը տարածուի Ճորոխ գետի վերին հոսանքներուն, Տայքէն դէպի Հարաւարեւմուտք։ Իսկ հին դարերէն եկող այս վիպական զրոյցը անմահացուցած է Դանիէլ Վարուժան, իր անմահ «Հարճը» սքանչելի պոէմի մէջ։

Վարդգէս Մանուկ եւ Վաղարշ

Երուանդ Սակաւակեաց Հայոց թագաւորը, Հայաստանին տիրած էր մօտաւորապէս ՆՔ. 570-560 տարիներուն, իր իշխանութեան ժամանակ, Տուհաց գաւառէն կտրիճ երիտասարդ մը՝ Վարդգէս անունով կը գաղթէ ու կու գայ Այրարատ, կ՚ամուսնանայ Երուանդ Սակաւակեացի քրոջ հետ եւ Շրէշ բլուրի մերձակայքը, Արտիմէդ քաղաքի Քասախ գետի մօտ կը շինէ աւան մը, զոր իր անունով կը կոչուի Վարդգէսաւան։

Այս մասին հին վիպասաններ վիպեր են հետեւեալ խօսքերով իրենց երգերուն մէջ.-

Թողեց գնաց Վարդգէս Մանուկն

Ի Տուհաց գաւառէն զՔասախ գետով,

Եկաւ նստաւ զՇրէշ բլուրով,

զԱրտիմէդ քաղաքաւ զՔասախ գետով,

Երուանդ արքայի դուռը կռել-կոփելու։

Այս Վարդգէսաւանը յետագային Մեծն Տիգրան բնակեցուցած է հրեայ գերիներով ու դարձուցած վաճառաշահ գիւղաքաղաք։ Գալով Շրէշ բլուրին, ան կը գտնուի հին Վարդգէսաւանի, ապա Վաղարշապատի, վերջապէս այժմու Էջմիածին քաղաքէն դէպի Հիւսիս, ուրկէ հնագէտներ յայտնաբերած են բազմաթիւ գիտական նիւթեր եւ առարկաներ։

***

Տիրանէն վերջ թագաւորող Տիգրան վերջին թագաւորի կինը Այրարատի ձմեռանոցէն երթալու ժամանակ, ճանապարհին կը բռնուի երկունքի ցաւերով եւ Բասեն գաւառի մէջ, Մուրց եւ Արաքս գետերու իրար խառնուած տեղը կը ծնի որդին՝ Վաղարշը։

Իսկ երբ Վաղարշ թագաւոր կը դառնայ, իր ծննդեան տեղի յիշատակը յաւերժացնելու համար գետերու միախառնուած տեղին մօտակայքը կը կառուցանէ քաղաք մը, որ իր անունով կը կոչէ Վաղարշաւան։ Վաղարշ կը վերանորոգէ նաեւ հին Վարդգէսաւանը, կ՚ամրացնէ ու կը պարսպապատէ եւ իր անունով կը կոչէ՝ Վաղարշապատ՝ այժմու Էջմիածին քաղաքը։

Վաղարշի ժամանակ Կովկասեան լեռներէն դէպի Հիւսիս բնակող խազարներ ու բասիլներ կոչուած վայրագ ցեղախումբեր Ճորայ դռնէն անցնելով ահագին բազմութեամբ կը հեղեղեն Անդրկովկասը։ Իրենց թագաւոր Վնասէպ Սուրհապի առաջնորդութեամբ եկող այս ցեղերը կ՚անցնին Կուր գետը, այն ժամանակ իրենց դէմ կ՚ելլէ Վաղարշ իր զօրքով ու քաջակորով մարտիկներով, մեծ ջարդ կու տայ թշնամիին, ամբողջ դաշտը կը ծածկուի դիակներով։ Թշնամիի ողջ մնացած բազմութիւնը հալածուելով Վաղարշի կողմէ, կ՚անցնի Ճորայ դուռը, ուր դասաւորելով իր ուժերը կրկին ճակատամարտ կու տայ։ Թէպէտ հայոց քաջերը կը յաղթեն թշնամին ու փախուստի կը մատնեն, բայց Վաղարշ աղեղնաւորներէն նետահարուելով կը սպաննուի։

Այս Ճորայ դուռ կամ աւելի վերջ Ճորայ պահակ կոչուած լեռնանցքը Կովկասեան լեռնաշղթային Կասպից ծով իջած վայրը նեղ անցք մըն է, որ կը կոչուի նաեւ Տէրպէնդ, որ միշտ հսկուած է հայոց փոքր խումբի մը կողմէ, միայն Վարդանանց պատերազմի ժամանակ ազատ թողուած է հոներու առաջնորդ Աթիլլայի հորդաներու առջեւ, որպէսզի անոնք յարձակին Երանի վրայ եւ պարսիկ բանակը անոնցմով զբաղուի ու հայեր փրկուին Պարսկաստանի լուծին տակ մտնելէ։

Այդպէս ալ եղած է, ու թէեւ քիչ մը ուշացած, Վարդանանց Ճակատամարտի հայոց բանակի պատմութենէն վերջ հոներու յարձակումը դիմաւորելու համար պարսիկը թողած է լեռները քաշուած հայերուն ուղղուելու համար Արեւելք, ինքնապաշտպանութեան. բայց այս նիւթը, որ մաս կը կազմէ Վարդանանց մեծ պայքարին, մենք յիշեցինք պարզապէս Ճորայ Պահակի կամ Տէրպէնդի աշխարհագրական կարեւորութիւնը նշելու համար։

Վերջ «Հայոց Վիպասանները» շարքին՝ 25։