Գիրի «ԿՈՐ»

Համշէնցիք երբ կոր կ՚ըսեն, մի՛ շփոթէք ձեզի ծանօթ կոր գիծի կամ Ակնցիներու կարիճին տուած անուանումով կորին հետ։

Համշէնցիք երբ կոր կ՚ըսեն, մի՛ շփոթէք ձեզի ծանօթ կոր գիծի կամ Ակնցիներու կարիճին տուած անուանումով կորին հետ։ Կոր՝ համագործակցութիւն կը նշանակէ համշէնի բարբառով։ «Բաճկի կոր» կ՚ըսեն ու հաւաքաբար եգիպտացորեն կը կեղուեն հետը հազար ու մի մանիներ ըսելով։ «Տան կոր» կ՚ըսեն ու կը փութան տունը աւերուած հարեւանին օգնութեան։ Հաւաքական մարդուժ եւ իրարօգնութիւն պահանջող աշխատութիւն մըն է նաեւ «ճամբու կոր»ը։

Իսթանպուլի մէջ «Հատիկ» հայրենակցական միութեան երդիքին տակ մէկտեղուած համշէնցիներ, այս օրերուս ձեռնարկած են նոր ու անսովոր «կոր»ի մը։ Մեծ քաղաքի ժխորին մէջ մոռացութեան մատնուած իրենց մայրենի բարբառը փրկելու ջանքն է այս, որ արդարօրէն կոչեցին «կոր»։ Համշէնի բարբառը արեւմտահայերէնի ուրոյն ճիւղերէն մէկն է, որ սերունդէ սերունդ փոխանցուելով հասած է մեր օրերուն։ Սակայն այսօր աւելի քան 120 հազար հաշուող Թուրքիոյ համշէնցիներուն հազիւ մէկ երրորդը կը տիրապետէ իր մայրենիին։ Այս նահանջը ունի մին քաղաքական, իսկ միւսը ընկերագիտական երկու հիմնական պատճառներ։ Քաղաքական պատճառը Թուրքիոյ բոլոր այլ մշակոյթները վերացնելու միտող ռազմավարութիւնն է։ Իսկ ընկերային պատճառը տնտեսական եւ կրթական ազդակներով բնօրրանէն հեռանալն է։

«Հատիկ» միութեան վարչութեան անդամ, միաժամանակ «Վովա» խումբի երգիչ ու վարիչ, ծանօթ երաժիշտ՝ Հիքմէթ Աքչիչէք, համշէնահայերէնով այս առաջին պարբերականը կը ներկայացնէ իր ընկերոջմէ փոխ առած հետեւեալ նախադասութիւնով։ «Մեզ՝ համշէնցիներուս մասին ցարդ ուրիշները գրած էին, հիմա մե՛նք պիտի խօսինք մեր մասին»։ Կարելի է հասկնալ Աքչիչէքի ակնարկութիւնը։ Չէ որ ան Վովայի երաժշտական ալպոմին մէջ ալ կը ձայնէր «Կիմանաք դա հոսայիք», այսինքն՝ «Կ՚իմանաք, թէ հոս ենք»։ Գոյութեան գիտակցութեան բարձրաձայն աղաղակն է այս կոչը։ «Հո՛ս ենք, ունինք մեր անուանումը, մեր լեզուն, մեր խօսքը, մեր հոգերը»։ Ամբողջ հանրապետութեան շրջանին անտեսուած, ուրացուած, մերժուած ժողովուրդի մը իր ինքնութեան գիտակցութեան դրսեւորումը։

Կորի հրատարակութեան նախապատրաստութիւնը մեծ ուրախութիւն եւ յուզում պատճառած է աւանդավիպասան, գրող եւ ուսուցիչ Մահիր Էօզքանի մօտ։ «Պատմութիւններս հրատարակելու համար վերջապէս գտած եմ հարազատ դաշտ մը։ Նախապէս միայն «Ակօս»ն էր որ տեղ կու տար մեր բարբառով գրուած պատմութիւններուն»։

Վեցամսեայ պարբերականի առաջին թիւը լոյս պիտի տեսնէ Սեպտեմբերին։ Հանդէսին մէջ բացի համշէնցիներու ազգագրական նմուշներէ, պատմութիւններէ կամ մանիներէ, տեղ պիտի գտնեն նաեւ ակադեմական ուսումնասիրութիւններ, յօդուածներ, նոյնիսկ բանաստեղծութեան դասականացած նմոյշներէ թարգմանութիւններ։