Առարկութիւն՝ «Վերջալոյս» խորագրին

բագրատ
էսդուգեան

Թեր­թե­լով Արա Կար­մի­րեանի «Վեր­ջա­լոյս» հա­տորը, կը տա­րուինք խոր­հե­լու թէ այս ան­գամ գիր­քի մը ծա­նօթագ­րութե­նէն աւե­լին պէտք է կա­տարենք։ Կը խօ­սինք 95 ամեայ բե­ղուն գրչի մը վեր­ջին ար­տադրու­թ-
եան մա­սին։ Այդ առու­մով ալ բա­ւական սրտաճմլիկ կը թո­ւի «Վեր­ջա­լոյս» խո­րագի­րը։ Չէ որ մենք սո­վոր ենք մեր մտքին մէկ ան­կիւնը գիտ­նա­լու թէ հե­ռաւոր Մոն­րէալի մէջ կայ Արա Կար­մի­րեան կեր­պա­րը, օրըս­տօ­րէ կը հե­տեւի Պոլ­սոյ հայ թեր­թե­րու մէջ լոյս տե­սած բո­լոր նիւ­թե­րուն եւ ան­պայման կ՚ու­նե­նայ իր մեկ­նա­բանու­թիւնը այս կամ այն լրա­տուու­թեան կամ զար­գա­ցու­մի վե­րաբե­րեալ։ Պայ­ծառ միտք մըն է ան, որ շատ ան­գամ իր ամ­բողջ էու­թեամբ պատ­րաստ է պայ­քա­րի իրեն խո­տոր թո­ւացող բո­լոր երե­ւոյթնե­րու դի­մաց։ Եւ այդ պայ­քա­րով ան կը պա­հէ երի­տասարդ ոգի մը։ Միայն իր գրչի ար­տադրու­թեան ծա­նօթ եղո­ղը ան­կա­րելի է հա­ւատայ թէ ան ար­դէն հա­սած է 95 տա­րինե­րու հա­սակի։

Կեան­քի պատ­րաստու­թիւնը այդպէս եղած է։ Գիտ­ցած է վճռա­կամօ­րէն քա­լել իրեն ու­ղիղ թո­ւացող ճա­նապար­հին վրայ։ Իսկ այդ ուղղու­թիւնը որ­քա­նո՞վ ու­ղիղ է, այդ բո­լորո­վին տար­բեր խնդիր։ Վեր­ջա­պէս Արա Կար­մի­րեան բո­լորին հա­ճելի թո­ւացող փո­ղը հնչեց­նե­լու հա­մար չէ որ մա­տիտ կը շար­ժէ։ Ան ու­նի իր հա­մոզումնե­րը, պի­տի պաշտպա­նէ անոնք, հա­մակար­ծիք ըլ­լալ թէ չըլ­լա­լը պի­տի թո­ղու ըն­թերցո­ղին։ Այսպէս կրնանք ըսել, թէ եթէ ոմանք ան­կողմնա­կալու­թիւնը յատ­կութիւն պի­տի հա­մարեն, Կար­մի­րեան միշտ կողմ է։ Ճշդած է իր կող­մը եւ բնաւ նպա­տակ չու­նի այդ ճշդու­մէն շե­ղելու։

Այս յատ­կութիւննե­րով մեր դի­մաց կը մարմնա­ւորո­ւի մտա­ւորա­կանի մը կեր­պա­րը։ Ար­դա­րեւ իր գրա­կանու­թիւնն ալ այս բո­լորին ապա­ցոյ­ցը կը դառ­նայ։ Կրնանք ըսել թէ Կար­մի­րեան իր ժա­մանա­կի վկան է նաեւ։ Գրա­խօսա­կան­նե­րէ յու­շագրու­թիւններ, վկա­յու­թիւննե­րէ հրա­պարա­կախօ­սական բնոյ­թի յօ­դուած­ներ եր­կա­րող իր բե­ղուն գրի­չը բա­րեբախ­տութիւն է որ կը մէկ­տե­ղուի հա­տոր­նե­րու մէջ։

«Վեր­ջա­լոյս» հա­տորն ալ կա­տարեալ կեր­պով կը ցո­լաց­նէ Արա Կար­մի­րեանի յատ­կանշա­կան եւ իւ­րա­յատուկ կեր­պա­րը։ Խոր­հուրդնե­րու ամ­բողջու­թիւն մը կը թա­փան­ցէ այս գիր­քի էջե­րէն։ Բա­ցի Վրէժ-Ար­մեն Ար­թի­նեանի «Եր­կու խօսք», Ռո­պէր Հատ­տէ­ճեանի «Արայ Կար­մի­րեան երե­ւոյ­թը» գրու­թիւննե­րը եւ «Ապա­գայ» պար­բե­րաթեր­թի Կար­մի­րեանի Սա­հակ Մես­րոպ շքան­շա­նին ար­ժա­նանա­լու մա­սին լրա­տուու­թիւնը, գիր­քի յա­ջոր­դող էջե­րը հե­ղինա­կային բնոյթ ու­նին։ Արա Կար­մի­րեան նախ կը ներ­կա­յանայ «Ըն­դարձակ ինքնա­կեն­սագրու­թիւն»ով ու ապա ձե­ւով մը կեն­սագրու­թիւնը կը շա­րու­նա­կէ դէ­պի ար­մատներ՝ խօ­սելով իր հօր՝ «Արե­ւելեան երաժշտու­թեան յօ­րինող Գառ­նիկ Կար­մի­րեան»ի մա­սին։ «Ար­փիար հայ­րի­կը» դար­ձեալ դէ­պի ար­մատներ ճամ­բորդու­թիւն մըն է, այս ան­գամ միշտ սի­րելի ու հա­րազատ աներ­հօր մա­սին։

Տպա­ւորիչ երե­ւոյթ է վաս­տա­կաւոր ման­կա­վարժ Ար­փիար Տէր Մար­գա­րեանը։ (Նշենք որ այս տո­ղերու հե­ղինակն ալ իր մօր, Սի­րանոյշ Ղե­վիկեանի պա­տումնե­րէն ծա­նօթ է այս թան­կա­գին ու­սուցի­չին, որու Սա­հակեան վար­ժա­րանէն հե­ռանա­լու դրո­ւագը նկա­րագ­րող պատ­մո­ւածք մըն ալ գրած է)։ Ու­րեմն Ար­փիար Մար­գա­րեանի ձօ­նուած յօ­դուած­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին «Սի­րելի եւ յար­գարժան աներս» եւ «Սուրճի ժա­մը եւ մեր սի­րելի Ար­փիար հայ­րը» խո­րագ­րեալ յօ­դուած­նե­րով։

Գիր­քի շա­րու­նա­կող էջե­րու մէջ աւե­լի յա­ճախա­կի են գրա­խօսա­կան­նե­րը։ Կար­մի­րեան իրեն ծա­նօթ ու հա­րազատ գրիչ­նե­րու նոր հրա­տարա­կու­թիւններն առ­թիւ շա­րադ­րած է բազ­մա­թիւ յօ­դուած­ներ։ Այսպէ­սով ան միշտ հա­ղոր­դա­կից մնա­ցած է Պոլ­սա­հայ գրա­կանու­թեան եւ ին­չու միայն Պոլ­սա­հայ, քա­նի որ մտո­րումներ շա­րադ­րո­ւած են նաեւ Այ­շէ Հիւ­րի, Թա­ներ Աք­չա­մի նման ոչ հայ հե­ղինակ­նե­րու գոր­ծե­րուն հա­մար ալ։ Ինչպէս որ վերն ալ ըսինք «Վեր­ջա­լոյս»ը գրա­կան-մտա­ւորա­կան ժա­մանա­կագ­րութեան մը տպա­ւորու­թիւնը կը թո­ղու նաեւ։ Ու­րա­խու­թիւն է տես­նել որ Արա Կար­մի­րեան նոյն կեն­սունա­կու­թեամբ ու պայ­ծա­ռամ­տութեամբ կը հե­տեւի մեր օրեայ գրա­կան մտա­յին զար­գա­ցումնե­րուն եւ միշտ խօսք ու­նի ու­րիշնե­րուն հետ կի­սելու։ Այս հա­մոզու­մով մենք պի­տի մաղ­թենք որ «Վեր­ջա­լոյս»ը խաբ­կանք մը ըլ­լայ իր անու­նով եւ մենք կրկին ու կրկին ու­րա­խանանք Կար­մի­րեանի հե­ղինա­կած այլ հատորներով։

Վերջալոյս
Արայ Կարմիրեան
Մոնրէալ, 2015
402 էջ