Հատուած մը ամբողջէն

բագրատ էսդուգեան

Պատմա­գիտու­թեան հա­­մար շատ կա­­րեւոր աղ­­փիւր մըն է յու­­շե­­­րը։ Մար­­դիկ իրենց ապ­­րածնե­­րը գրի առ­­նե­­­լով թէ ժա­­մանա­­կակից վկա­­յու­­թիւն մը կը ներ­­կա­­­յաց­­նեն, եւ թէ կա­­րեւոր տուեալ­­ներ փո­­խան­­ցած կ՚ըլ­­լան ապա­­գայի գի­­տաշ­­խա­­­տող­­նե­­­րուն։

Ֆրան­­սա­­­յի «Էտիս­­յոն Փա­­րան­­թէզ» հրա­­տարակ­­չութեան լոյս ըն­­ծա­­­յած Շա­­ւարշ Մի­­սաքեանի «Տե­­րեւ­­ներ դեղ­­նած յու­­շա­­­տետ­­րէ մը» անուն գիր­­քը ահա այս յատ­­կութիւննե­­րով օժ­­տուած է։ Երեք գլխա­­ւոր բա­­ժին­­նե­­­րէ բաղ­­կա­­­ցող գիր­­քի առա­­ջին մա­­սին մէջ կը կար­­դանք Օս­­մա­­­նեան Թուրքիոյ ոս­­տի­­­կանա­­պետ Ալի Ռը­­զայի յու­­շե­­­րը։ Սոյն յու­­շե­­­րը 1905 թուի 30 Մարտ եւ 5 Ապ­­րիլ թուական­­նե­­­րու մի­­ջեւ հրա­­տարա­­կուած են Պոլ­­սոյ «Զա­­ման» թեր­­թի մէջ։ Այս շար­­քը թրքե­­րէն հրա­­տարա­­կու­­թե­­­նէ 10 օր ետք հա­­յերէն թարգմա­­նու­­թեամբ լոյս կը տես­­նէ Փա­­րիզի «Յա­­ռաջ» թեր­­թի էջե­­րուն վրայ։ «Շա­­ւարշ Մի­­սաքեանի ձեր­­բա­­­կալու­­թիւնը» խո­­րագ­­րին ներ­­քեւ կը կար­­դանք փա­­կագ­­ծեալ են­­թա­­­խորա­­գիր մը՝ «Թուրք ոս­­տի­­­կանա­­պետի մը յու­­շե­­­րը»։

14-20 Ապ­­րիլ թուական­­նե­­­րու մի­­ջեւ հրա­­տարա­­կուած յու­­շագրու­­թեան վեր­­ջին էջին կցուած է «Յա­­ռաջ»ի խմբագ­­րութեան նո­­թը՝ «Շա­­ւարշ Մի­­սաքեան յա­­ջորդ շաբ­­թու իր լու­­սա­­­բանու­­թիւննե­­րը պի­­տի հրա­­տարա­­կէ այս յու­­շե­­­րուն առ­­թիւ, բա­­նալով զա­­նազան ծալ­­քե­­­րը ամ­­բողջ դէպ­­քին»։

Այս տեղ նշուած լու­­սա­­­բանու­­թիւններն ալ կը կազ­­մեն գիր­­քին երկրորդ բա­­ժինը։ Գիր­­քը կար­­դա­­­լով ըն­­թերցո­­ղը ան­­գամ մը եւս կը տա­­րուի ափ­­սո­­­սան­­քով տես­­նե­­­լու թէ նա­­խորդ դա­­րաս­­կիզբին հայ գոր­­ծիչնե­­րը մէկ կող­­մէն քա­­ջաբար դի­­մադ­­րած են ծանր տան­­ջանքնե­­րու, բայց միւս կող­­մէ ալ այ­­պա­­­նելի անզգու­­շութեամբ ին­­կած են դա­­ւադիր լրտես­­նե­­­րու ծու­­ղա­­­կը։ Մի ոմն պուլղա­­րացի Վլա­­տիմիր յա­­ջողած է թա­­կար­­դի մէջ գցել տաս­­նեակ­­նե­­­րով հայ քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծիչներ, որոնք վստա­­հած են իրեն թէ ան­­կեղծ ան­­ձա­­­թուղթե­­րով զի­­րենք պի­­տի փախցնէ Պուլղա­­րիա։ Ան­­զօր են իրենց մտա­­բերած զգու­­շացման մի­­ջոց­­նե­­­րը քա­­նի որ ոս­­տի­­­կանու­­թեան գոր­­ծա­­­կալ լրտե­­սը կը հա­­մոզէ զի­­րենք ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րուն յանձնե­­լէ առաջ «ողջ առողջ տեղ հա­­սանք» գրու­­թիւնը ստո­­րագ­­րե­­­լու։ Այսպէ­­սով ամէն ան­­գա­­­մուն նոր հինգ դաշ­­նակցա­­կան­­ներ կը ներ­­կա­­­յանան Վլա­­տիմի­­րին, եւ փո­­խանակ շո­­գեկառ­­քով կամ նա­­ւով Պուլղա­­րիա հաս­­նե­­­լու կը յայտնուին կեդ­­րո­­­նական բան­­տի խցիկ­­նե­­­րուն մէջ։ Ի դէմ բո­­լոր կան­­խազգու­­շա­­­ցումնե­­րու, Շա­­ւարշ Մի­­սաքեանն ալ կը բաժ­­նէ նոյն տխուր ճա­­կատա­­գիրը։ Ան 1915 Ապ­­րի­­­լի 24-ի ձեր­­բա­­­կալու­­թիւննե­­րէն խոյս տուած է եւ թաք­­նուած եր­­կար ժա­­մանակ։

Քա­­ղաքա­­կան գոր­­ծի­­­չի մը հա­­մար ամե­­նաան­­հանդուրժե­­լի երե­­ւոյթնե­­րէն մէկն է թաքստո­­ցի մը մէջ ան­­դա­­­մալոյծ մնա­­լը։ Դուրսը պայ­­քար կայ եւ դուն դա­­տապար­­տուած ես այդ պայ­­քա­­­րէն հե­­ռու մնա­­լու։ Մա­­նաւանդ որ շատ ան­­գամ հա­­ւաս­­տի լուր ստա­­նալու առիթ ալ չու­­նիս։ Իսկ միւս կող­­մէ թաքստո­­ցին յայտնա­­բերուելու վա­­խը միշտ կա­­խուած է վզէդ։ Հետզհե­­տէ աւե­­լի ան­­համբեր կ՚ըլ­­լաս այդ բան­­տէն դուրս ել­­լե­­­լու հա­­մար։ Շա­­ւարշ Մի­­սաքեանն ալ կը տա­­ռապէր նոյն հո­­գեբա­­նու­­թիւնով, կ՚ու­­զէր ժամ առաջ երկրէն հե­­ռանա­­լով աւե­­լի ազատ գոր­­ծե­­­լիք վայր մը հաս­­նիլ։ Այդ տա­­րինե­­րուն Պուլղա­­րիոյ քա­­ղաք­­նե­­­րը կա­­րեւոր օթե­­ւան եղած էին հայ փախստա­­կան­­նե­­­րու հա­­մար։ Կա­­րելի է ըսել որ Սո­­ֆիայի, Փլով­­տի­­­ւի, Վար­­նա­­­յի եւ Պուրկա­­զի մէջ Էրզնկա­­ցի հա­­յերու բա­­նեցու­­ցած սրճա­­րան­­նե­­­րու ինչ ինչ ազ­­գա­­­յին ժո­­ղով­­ներ կը գու­­մա­­­րուէին նոյն այդ փախստա­­կան գոր­­ծիչնե­­րու կող­­մէ։

Կաս­­կած չի ­­կայ որ Շա­­ւարշ Մի­­սաքեանի ճա­­կատա­­գիրը շատ աւե­­լի տխուր կրնար ըլ­­լալ եթէ պա­­տերազ­­մը Օս­­մա­­­նեան կայսրու­­թեան պար­­տութիւ­­նով չ՚աւար­­տէր։ Զի­­նադա­­դարը առիթ եղաւ որ անգլիացի­­ներու հսկո­­ղու­­թեան տակ պոլ­­սոյ բան­­տե­­­րու դռնե­­րը բա­­ցուին հայ դա­­տապար­­տեալ­­նե­­­րու առ­­ջեւ։

Ինչպէս այս բնոյ­­թի բո­­լոր յու­­շագրու­­թիւննե­­րը, «Տե­­րեւ­­ներ դեղ­­նած յու­­շա­­­տետ­­րէ մը» հա­­տորն ալ իր բո­­վան­­դա­­­կու­­թիւնով տե­­ղի կու տայ նոր խոր­­հուրդնե­­րու։ Գիր­­քի եր­­րորդ բա­­ժինը պէտք է այսպէս ըն­­կա­­­լել, քա­­նի որ Գրի­­գոր Պըլ­­տեան այս բաժ­­նին մէջ կը որո­­նէ «Պակ­­սող բա­­ռը»։ Այս պակ­­սող բա­­ռի որո­­նու­­մը կու գայ կը յան­­գի «ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն» բա­­ռին որ կ՚ար­­դա­­­րաց­­նէ այս յու­­շագրու­­թեան մէջ նշուած ապ­­րումնե­­րուն ալ մաս կազ­­մած ընդհա­­նուր աղէ­­տի բա­­ցատ­­րութիւ­­նը։ Ի վեր­­ջոյ Մի­­սաքեան 1945-ի Դեկ­­տեմբե­­րին հե­­տեւած է Նիւ­­րընպեր­­կի դա­­տավա­­րու­­թեան եւ 9 Դեկ­­տեմբեր թուակա­­նի խմբագ­­րա­­­տանին մէջ գրած է. «Մեր միտ­­քը բնազ­­դօ­­­րէն կը յա­­ծի դէ­­պի հե­­ռաւոր աշ­­խարհ մը, ուր նոյնպէս –պա­­տերազ­­մի ոճիր­­ներ- գոր­­ծադրուեցան 30 տա­­րի առաջ։ Հա­­մաձայն կան­­խո­­­րոշ ծրագ­­րի մը որ մշա­­կուած էր երեք ան­­գամ 30 տա­­րիներ առաջ, ոչնչաց­­նե­­­լու հա­­մար ան­­տէր եւ ան­­ճար ժո­­ղովուրդ մը, Մեծ Պա­­տերաց­­մի ըն­­թացքին։ Այս ատեն ալ նոյն ծրագ­­րեալ մէ­­թոտ­­նե­­­րը, -կազ­­մա­­­լու­­ծել, քան­­դել, չորցնել քա­­ղաքա­­կան, ըն­­կե­­­րային, մշա­­կու­­թա­­­յին եւ տնտե­­սական կեան­­քին կար­­գուսար­­քը եւ ար­­մատնե­­րը։ Ապա խմբո­­վին, զան­­գուածօ­­րէն ջար­­դել, բնաջնջել։ Տե­­ղին վրայ, աք­­սո­­­րի ճամ­­բուն վրայ կամ անա­­պատին մէջ… Մէկ խօս­­քով՝ ցե­­ղաս­պանութիւն»։

Տերեւներ դեղցած յուշատետրէ մը
Շաւարշ Միսաքեան
Փարանթէզ հրատարկչութիւն
107 էջ
2015, Մարսէյլ