Օրօրա եւ Զրկանքներու պատմութիւն մը

ֆաթմա էօզքայա

Նախկին ծանօթի մը հանդիպելու յուզումը պատեց, երբ սկսայ Էվրիմ Քայայի թարքմանած Օրօրան ընթերցել։ Կեանքիս տարբեր հատուածներուն հանդիպած էի իր պատմութեան, բայց այդ պատմութեան աւարտը երբեք չէր յստակացած։ Ի վերջոյ պիտի ծանօթանայի իր հետ եւ այս զգացումը բաւական արժէքաւոր էր ինծի համար։ Որոշ մարդկանց հետ կը ծանօթանանք մեր կենդանութեան օրերուն, իսկ ոմանց հետ, յետ մա­հու։ Այս վեր­ջիննե­րը խա­ղաղ կեան­քի մը իրա­ւունքէն զրկո­ւած­ներն են շատ ան­գամ։ Օրօ­րա հայ ժո­ղովուրդի ապ­րած ամե­նադա­ժան պայ­մաննե­րը իր ան­ձին մէջ կը մարմնա­ւորէ։ Ան ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն տու­ժած մը ըլ­լա­լու կող­քին, ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հը եղած կնոջ յա­տուկ կեր­պար մըն է։ Այնպէս որ Օրօ­րա անուն ժա­պաւէ­նին ներշնչում տո­ւող «Բռնա­բարո­ւած Հա­յաս­տան» խո­րագ­րեալ գիր­քը, որ հրա­տարա­կուած է 1918-ին այս երի­տասարդ կնոջ ող­բերգու­թիւնը փո­խանակ ամե­նահա­րազատ եղա­նակով պատ­մե­լու, ծա­ռայած է անոր ձայ­նը մա­րելու։ Հեն­րի Կէյտսի վէ­պը չէ կրցած յա­ջողիլ երա­զային արե­ւել­քի մե­լամաղ­ձոտ պատ­մութիւն մը ըլ­լա­լէ։ Այսպէ­սով Կէյտսի գիր­քը թէեւ իր շրջա­նին որոշ ու­շադրու­թեան ար­ժա­նացած, բայց վեր­ջա­պէս այ­սօ­րուայ հա­մար յա­տու­կենտ ու պղտոր յի­շողու­թիւննե­րու պատ­ճառ դար­ձող գործ մը ըլ­լա­լով կը յայտնո­ւի։ Այդ պղտո­րու­թեան մէջ կոր­սո­ւած է Ար­շա­լոյս Մար­տի­կեանի պատ­մութիւ­նը։ Մենք փո­խանակ վե­րապ­րո­ղի մը պատ­մութիւ­նը լսե­լու, կը գո­հանանք այդ արեւմտեան ռո­ման­թիզմի պա­տու­մով։ Շատ ան­գամ ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հերու պատ­մութիւննե­րը երկրորդ կամ նոյ­նիսկ եր­րորդ սե­րունդնե­րու վկա­յու­թիւննե­րէն կը փո­խան­ցո­ւի։ Թէեւ կան ըն­տա­նիք­նե­րու մէջ պա­հուած յու­շագրու­թիւններ, կամ Զօ­րեան ինստի­տու­տի նման հաս­տա­տու­թիւննե­րու ապա­հոված ձայ­նագրու­թիւններ ու վկա­յու­թիւններ։ Սա­կայն այդ բո­լորը բա­ւական սա­կաւա­թիւ են։

Այդ խառ­նաշփո­թի մէջ շար­ժանկա­րի պատ­մութեան մաս­նա­գէտ Ան­թո­նի Սլայ­տի նե­րածա­կանը կը լու­սա­ւորէ Ար­շա­լոյ­սի պատ­մութեան մութ երե­սակ­նե­րը։ Ամե­րիկեան շար­ժանկա­րի շու­կա­յի մա­սին Սլայ­տի դի­տար­կումնե­րը կը պար­զեն թէ Օրօ­րային իբ­րեւ թէ օգ­նութեան ձեռք մեկ­նողնե­րը ան­գամ ինչպէս կը շա­հագոր­ծեն զինք։ Այս յատ­կութիւ­նով կը հա­մոզո­ւինք որ բռնա­բարու­մը կը շա­րու­նա­կուի Ամե­րիկա­յի մէջ ալ։ Նկա­րահա­նումնե­րու ժա­մանակ երի­տասարդ կնոջ ոտ­քի բե­կանու­մով հան­դերձ նկա­րահա­նումնե­րու շա­րու­նակման պար­տադրան­քը իրեն դեռ տա­կաւին ան­ծա­նօթ լե­զուով մը հա­մաձայ­նութիւններ ստո­րագ­րե­լու ճնշու­մը, անոր հո­գեբա­նական խնամ­քի կա­րօտ ըլ­լա­լով հան­դերձ այս իրո­ղու­թեան ան­տե­սու­մը իր մատ­նո­ւած դժո­ղային պայ­մաննե­րը ըն­կա­լելու հա­մար բա­ցայայտ տո­ւեալ­ներ են։ Օրօ­րա արեւ­մուտքի հա­մար խիստ հե­տաքրքրա­կան դաշտ մը հա­մարո­ւող հա­րէմի պատ­մութիւննե­րով ներ­կա­յաց­նե­լը եւ այսպէ­սով ֆիլ­մի նկա­րահա­նու­մը բռնա­բար­ման նոր եղա­նակի մը վե­րած­ողնե­րը խիստ օրէն տպա­ւորած է Սլայ­տը։ Ան տա­րիներ ետք, երբ ան­տէրնե­րու գե­րեզ­մա­նատան մէջ կ՚այ­ցե­լէ Օրօ­րայի շի­րիմը, կը բնու­թագրէ հե­տեւեալը՝ «Իւ­րա­քան­չիւր ցու­ցակ նշո­ւած տա­րեթի­ւին Լոս Ան­ճէ­լըսի մէջ մա­հացած եւ զինք հո­ղին յանձնող հա­րազատ մը չու­նե­ցած­նե­րու յի­շատա­կը կը յա­ւեր­ժացնէ։ 1994 տա­րեթի­ւի մօտ Օրօ­րա Մար­տի­կանեանի կող­քին մո­խիր­նե­րը իրա­րու խառ­նո­ւած 2 հա­զար 900 հո­գիի շի­րիմ­նե­րուն վրայ կը գտնո­ւիք։ Այդ ամ­բողջին մէջ յա­տուկ ցու­ցա­նակ մը եւս կայ, ուր գրո­ւած է «Օրօ­րա Մ. Յո­վանեան, 1901-1994»։ Այս ցու­ցակնե­րուն չա­փերը եւ վրա­յի գրու­թիւննե­րը կը ճշդո­ւին Լոս Ան­ճէ­լըսի քա­ղաքա­պետա­րանի կող­մէ։ Իւ­րա­քան­չիւր ննջե­ցեալ միայն մէկ ցու­ցա­նակի իրա­ւունք ու­նի։ Շի­րիմին վրայ ոչ ծա­ղիկ մը կար, ոչ ալ ինք նկա­րագ­րող որե­ւէ բան։ Օրօ­րայի հա­մար ոչ մէկ բան պի­տի փո­խուէր, եթէ այս մար­գա­գետ­նի փո­խարէն ննջէր Սու­րիոյ անա­պատ­նե­րուն մէջ»։

Սլայ­տի Ադոմ Էկո­յանի նա­խաբա­նով Օրօ­րան պատ­մած «Բռնա­բարո­ւած Հա­յաս­տան» գիր­քի սցե­նարը եւ առա­ջին ներ­կա­յաց­ման ըն­թացքին ար­ձա­գան­գած նե­րածա­կանը շար­ժանկա­րի պատ­մութեան մէջ մո­ռացո­ւած աղէ­տի առա­ջին բե­մադ­րութիւննե­րէն մէ­կը եղաւ։

«Արաս» հրա­տարակ­չա­տան մեծ խնամ­քով հրա­տարա­կու­թեան պատ­րաստած այս գիր­քը ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թը հետազօտողներու համար շատ կարեւոր աղբիւր մը կը դառնայ։

«Օրօրա»
Անթոնի Սլայտի
«Արաս»
Հրատարակչատուն
320 էջ