Հանդիպումներ Պէյրութի իսթանպուլցիներուն հետ

վահագն քեշիշեան

Ա յֆէր Թունջ կը պատմէ մարդու մը պատմութիւնը ով ծնած է Իսթանպուլ, հայ չըլլալով ապրած է հայաշատ Սա­մաթեայ թա­ղամա­սը, սի­րահա­րուած է հայ աղջկայ մը՝ Մա­րեամին, եւ երբ Մա­րիամին ըն­տա­նիքը փո­խադ­րո­ւած է Պէյ­րութ, գա­ցած է անոր ետե­ւէն։ Ազիզ Պէյ դժբախ­տա­ցած է երբ Մա­րիամ Պէյ­րութի մէջ իրեն մտեր­մութիւն չէ ցու­ցա­բերած, սա­կայն այստեղ ծա­նօթա­ցած է ու­րիշ հա­յու մը, Թո­րոսին, որ ինք ալ Իս­թանպու­լէն եկած է Պէյ­րութ, ճա­շարան մը ու­նի, եւ իմա­նալով որ Ազիզ Պէյ թան­պուրի կը նո­ւագէ, տե­սակ մը լա­րային սա­զի նմա­նող գոր­ծիք մը, կ՚ըն­դունի գոր­ծի։ Ազիզ Պէյ ի վեր­ջոյ կը վե­րադառ­նայ Իս­թանպուլ, սա­կայն եր­բեք ու­րախ չի կրնար ըլ­լալ այ­լեւս, կ՚ամուսնա­նայ, ու­րիշ ճա­շարան­ներ կ՚շխա­տի, եւայլն։ Մինչ եր­կու հայ տի­պար­նե­րուն հետ հան­դի­պու­մը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ գիր­քին առա­ջին կէ­սին մէջ, երկրորդ կէ­սին մէջ ներ­կայ է անոնց ու­րո­ւակա­նը, Ազիզ Պէ­յի ափ­սո­սանքնե­րուն, զղջումնե­րուն եւ կա­րօտ­նե­րուն ընդմէ­ջէն։

Այ­ֆէր Թունջ, Ազիզ Պէ­յի կե­նաքի ընդմէ­ջէն կը ներ­կա­յաց­նէ Իս­թանպու­լէն Պէյ­րութ գա­ցած եր­կու պա­րագա­ներ։ Իս­թանպու­լէն Պէյ­րութ եր­թա­լը բնա­կան ճամ­բորդու­թիւն մը պէտք է հա­մարել, թէ­կուզ Լի­բանա­նեան պա­տերազ­մի հե­տեւան­քով այդ ըն­թացքը կա­սեց­ման են­թարկո­ւած է։ Կա­րեւոր օրի­նակ մըն է գրող Զա­ւէն Պի­պեռեանի օրի­նակը, որ իր Մրջիւննե­րու Վեր­ջա­լոյ­սը վէ­պը կ՚աւար­տէ նա­ւով Պէյ­րութ մեկ­նե­լու տե­սարա­նով մը։ Զա­ւէն Պի­պեռեան ինք ալ Պէյ­րութ մեկ­նած ու աշ­խա­տած է։

Իս­թանպու­լէն Պէյ­րութ եր­թա­լու մա­սին Այ­ֆէր Թունջ այսպէս կ՚ը­սէ՝ «Եթէ Մա­րիամենց ըն­տա­նիքը հա­ցի դրա­մի ետե­ւէն Պէյ­րութ եր­թա­լը չբռներ, այս սէ­րը ձի­թի պէս պի­տի եր­կա­րէր ու չոր­նար,  սրտնե­ղու­թիւններ ու նա­խան­ձութիւններ, կռիւ­ներ պի­տի ըլ­լա­յին, պի­տի եր­կա­րէր ու վեր­ջա­նար, եւ եր­կուքին հա­մար ալ որ­պէս երի­տասար­դա­կան սէր պի­տի ար­ձա­նագ­րո­ւէր»։ Յա­ւելեալ տե­ղեկու­թիւն կու գայ քա­նի մը տող վա­րը՝ «Մա­րիամենք աղ­քատ ըն­տա­նիք մըն էին։ Հօ­րեղ­բայրը Ար­թին, մուշտա­կագործ էր, ժա­մանա­կին Պէյ­րութ հաս­տա­տուած էր։ Մա­րիամ չէր գի­տեր որ հօ­րեղ­բայրը եւ հայ­րը ատե­նէ մը ի վեր կը նա­մակակ­ցին, եւ որ հօ­րեղ­բայրը այս օտար հո­ղերուն վրայ վստա­հելի օգ­նա­կանի մը պէտք ու­նե­նալուն, կը պնդէր որ իր հայրն ալ տե­ղափո­խուի»։ Իսկ երկրորդ տի­պար, Թո­րոսին մա­սին այ­սպէս կը գրէ հե­ղինա­կը՝ «Ազիզ Պէյ եւ վեց տա­րի առաջ յան­ցա­գոր­ծութիւն մը ըրած ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռով Թուրքիայէն փա­խած Թո­րոս բո­լորէն շատ տար­բեր հո­գեվի­ճակի մը մէջ, ան­դա­դար իրա­րու կը նա­յէին եւ կը խօ­սէին»։

Լի­բանան ապ­րող հա­յերը յա­ճախ գրած են Լի­բանա­նի եւ Պէյ­րութի մա­սին։ Մեծ գրա­կանու­թիւն կայ այս ուղղու­թեամբ։ Այ­ֆէր Թունջ նաեւ տեղ կու տայ հա­յերու աչ­քով դի­տուած Պէյ­րութին, Մա­րեամի մա­սին կը գրէ՝ «Նա­մակ­նե­րուն մէջ նոր վայ­րին օդը, ջու­րը, շքե­ղու­թիւնը եւ գե­ղեց­կութիւ­նը կը պատ­մէր, շատ գե­ղեցիկ ըլ­լա­լուն հա­կառակ, դժոխ­քի պէս ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռով հա­զիւ թէ գի­շեր­նե­րը կրնա­յին շնչել, կը գրէր թէ իրենց վի­ճակը ժա­մանա­կով կը բա­րելա­ւուի»։ Իսկ Պէյ­րութի հա­յերուն մա­սին, եւս կը հան­դի­պինք քա­նի մը խօս­քե­րու՝ «Արա­բերէն, Ֆրան­սե­րէն, Հա­յերէն, եւ Թուրքե­րէնի իրար մտնե­լով ստեղ­ծո­ւած այդ խառն լե­զուին շատ մը բա­ռերը սկսաւ հասկնալ» եւ «Ազիզ Պէյ այդ գի­շեր իսկ սկսաւ նո­ւագել Իս­թանպուլցի Թո­րոսին ճա­շարա­նին մէջ, որուն յա­ճախորդներն էին Թուրքիայէն գաղ­թած հա­յերը, որոնք եր­բեմն իրենց հետ կը բե­րէին եր­կար սրունքնե­րով, ճեր­մակ մոր­թով, ցից կուրծքե­րով, տե­քոլ­թէ հա­գուած եւ չա­փէն աւե­լի ներ­կո­ւած, երե­խայ կո­չուե­լու չափ երի­տասարդ Քրիս­տո­նեայ Արաբ աղ­ջիկներ»։

Երբ Մա­րիամի նա­մակ­նե­րէն խա­բուած Ազիզ Պէյ կը որո­շէ Պէյ­րութ եր­թալ ու Մա­րիամին հան­դի­պիլ, Մա­րիամ անա­կըն­կա­լի կու գայ, թէ­կուզ ինքն էր «եկուր» ըսո­ղը։ Առա­ջին հան­դիպման պա­հը այսպէս կը պա­տահի՝ «Աս­տուծմէ այդ պա­հուն մի­նակ էին խա­նու­թին մէջ։ Մա­րիամին հայ­րը, հօ­րեղ­բայրը, զար­միկնե­րը, բո­լորը աշ­խա­տանոցն էին։ Նաեւ կէ­սօրո­ւան դա­դարի ժամն էր։ Երբ Ազիզ Պէ­յի դէմ­քէն զար­մանքը սկսաւ կոր­սո­ւիլ, Մա­րիամ շուրջը նա­յեցաւ։ Քա­ղաքը կար­ծես հա­լած էր տա­քէն, մար­դիկ մի­ջատ­նե­րու նման շուք տե­ղեր փա­խած էին։ Շուրջը ոչ ոք տես­նե­լով այս իր կրքոտ սի­րահա­րին գրկեց, անոր արե­ւէն չոր­ցած ու ճաքճքած շրթունքնե­րէն համ­բուրեց»։ Այստեղ եւս կը տես­նենք քա­ղաքին տա­քին բա­ցատ­րութիւ­նը, աշ­խա­տան­քի մթնո­լոր­տը, հա­ւանա­բար Պուրճ Հա­մու­տի հա­րիւ­րա­ւոր աշ­խա­տանոց­նե­րէն մէ­կուն մա­սին է խօս­քը։

Պէյ­րութէն, նո­րէն զատ, կայ նաեւ ետին ձգո­ւածը, հի­նը, Իս­թանպու­լը։ Բնա­կանա­բար այս տե­սարան­նե­րը աւե­լի հա­րազատ կը թո­ւան ըն­թերցո­ղին, ի վեր­ջոյ հե­ղինա­կի դի­տան­կիւնը աւե­լի ճշգրիտ պի­տի ըլ­լայ ետին ձգո­ւածի տե­սակէ­տէն, քան թէ ձգող գա­ցողի­նը։  Այս ետին ձգա­ծի կա­րօտի տե­սարան­նե­րը Ազիզ Պէյ կ՚ապ­րի Թո­րոսին հետ, սա­կայն ատ­կէ ճիշդ առաջ, Մա­րիամին մա­սին այս երկտո­ղը ըն­թերցո­ղին կը պատ­րաստէ այսպէս՝ «Սա­կայն եթէ Ազիզ Պէյ քիչ մը ու­շա­դիր ըլ­լար (…) պի­տի նկա­տէր որ այս նա­մակ­նե­րը սէր չէ, այլ ետին ձգո­ւածին վի­ճակին հան­դէպ հե­տաքրքրու­թեան զգա­ցումն է որ կար»։

Այ­ֆէր Թունջ հա­յու մը կա­րօտը իր երկրին այսպէս կը սկսի բա­ցատ­րել, Թո­րոսին այսպէս կը ծա­նօթա­նանք։

«Ձեռ­քը եր­կա­րած ու նո­ւագա­րանը բռնած հա­յուն աչ­քե­րը լե­ցուե­ցան։ Ազիզ Պէ­յին նա­յեցաւ։ Կար­ծես ոչ թէ իր տու­նէն հե­ռու ին­կած, տա­րօրի­նակ օտա­րակա­նի մը նա­յէր, այլ Իս­թանպու­լի յի­շատա­կին կը նա­յէր։ Խո­րունկ կա­րօտ մը կը կար­դա­ցուէր դէմ­քին

-Իս­թանպու­լէն ուրկէ՞ ես, հար­ցուց

-Սա­մաթեայէն, ըսաւ Ազիզ Պէյ, -Գի­տե՞ս։

-Ինչպէ՞ս կրնամ չգիտ­նալ, մեր թա­ղին մօտ է։ Ես Գումգա­փուէն եմ, անունս Թո­րոս է»։

Աւե­լին, կը տես­նենք հա­յու մը եւ թուրքի մը իրար մեր­ձե­ցու­մը օտար ափե­րուն վրայ՝ «Կա­րօտը այդ պա­հուն եր­կուքին միացու­ցած էր, կար­ծես արիւ­նի եղ­բայրներ ըլ­լա­յին։ Նոյն փո­ղոց­նե­րէն քա­լած էին, նոյն գնացքնե­րուն նստած, նոյն աղ­ջիկնե­րուն խօսք զար­կած, նոյն խօս­քե­րով հայ­հո­յած ըլ­լա­լուն բե­րած խեղճ գոր­ծակցու­թեան զգա­ցու­մին մէջն էին»։ Եւ այս խօս­քերն է որ ըն­թերցո­ղին մտա­ծել կու տայ, ար­դեօք Ազիզ Պէ­յի եւ Մա­րիամին ան­կա­րելի սէ­րը, ճիշդ այս եր­կու օտա­րական­նե­րուն իրա­րու կա­պուած բայց նոյնքան իրար­մէ հե­ռու ըլ­լա­լուն մա­սին է՝ «այս սէ­րը պի­տի չըլ­լար եթէ միսն ու եղունգը իրար­մէ բաժ­նող այդ հե­ռացու­մը չպա­տահէր»։ Երբ կը լսենք Ազիզ Պէ­յի ի սրտէ կա­րօտին ձայ­նը դէ­պի իր քա­ղաքը, մինչ կը նո­ւագէ Պէյ­րութի հա­յերուն հա­մար, Թո­րոսին ճա­շարա­նին մէջ, Մա­րիամին չհաս­նե­լու ցա­ւով, կը տես­նենք կա­րօտը ոչ թէ քա­ղաքի մը, այլ քա­ղաքի մը որոշ ժա­մանա­կի մէջ՝ «Պահ մը կու գար, որ կը մոռ­նար թէ իր սի­րելի քա­ղաքէն հա­զարա­ւոր քի­լոմեթր հե­ռու է, կը թո­ւար թէ երբ փո­ղոց դուրս գայ, Սա­մաթիոյ սա­լապա­տէ մայ­թե­րուն վրայ պի­տի գտնէ ինքզինք, ծո­վէն բջած քա­մին մա­մու­ռի հո­տը պի­տի բե­րէ, եւ եթէ քա­ղաքին լռու­թեան լաւ ականջ կա­խէ, փոք­րիկ ալիք­նե­րուն ափին կա­մաց մը զար­նո­ւելուն ձայ­նը պի­տի լսէ»։ Ազիզ Պէյ կը կա­րօտ­նայ իր քա­ղաքը իր ան­ցեալով, Մա­րիամով եւ Թո­րոսով։ Փաս­տը կու գայ գիր­քին երկրորդ կէ­սին մէջ, երբ Ազիզ Պէյ ետ պի­տի եր­թայ ու չգտնէ իր ձգած քա­ղաքը։

Ազիզ Պէյ կը որո­շէ վե­րադառ­նալ, եւ դժո­ւարու­թեամբ նա­ւին տոմ­սա­կը ապա­հովե­լու չափ դրամ կը հա­ւաքէ։ Թո­րոսին կու գայ ըսե­լու իր որո­շու­մը՝

«Շնոր­հակալ եմ Թորոս, ըսաւ, եթէ դուն չըլլայիր ես այս օտարութեան մէջ կը մեռնէի»

Թորոս կը յուզուի, կը պատասխանէ՝

«Իսթանպուլ.. ըսաւ, Իսթանպուլ.. Դարձեալ պիտի տեսնե՞մ։ Ո՞վ գիտէ»։

Ազիզ Պէյի Դրուագը
Այֆէր Թունջ
Առաջին
հրատարակութիւն 2000,
7րդ հրատարակութիւն 2016, Ճան, Իսթանպուլ,
88 էջ։