Բազում կեանքերու վկայութիւնով

Անյայտութեան հաւաքածոյ մըն էր որ կը թղթատեմ։ Չեմ ճանչնար հեղինակը։ նախապէս չէի լսած Հրաչ Փէհլիվանեան անունը։

բագրատ էսդուգեան

Անյայտութեան հաւաքածոյ մըն էր որ կը թղթատեմ։ Չեմ ճանչնար հեղինակը։ նախապէս չէի լսած Հրաչ Փէհլիվանեան անունը։ «Մեր Փողոցի Աշկերտը» ինքնակենսագրութիւն մըն է։ Ի զուր կը փնտռեմ «բովանդակութիւն» խորագրեալ բաժին մը։ Կ՚ուզեմ ենթախորագիրներու միջոցաւ որոշ տպաւորութիւն մը գոյացնել։ Յետոյ կը դիմեմ գիրքի կողքի կարճ ծանօթագրութեան։ «Մեր Փողոցի Աշկերտը հարցուփորձերով իւրացուած կեանքի մը յուշագրութիւնն է։ Ջերմ վկայութիւններ, իրաւացի պատումներ, օրըստօրի նշուած յուշագրութիւններէն մեկնող պատմելու պապակ մը։ Հրաչ Փէհլիվանեան, մերթ հոսանքին մէջ տարուելով, մերթ դիմադրելով շարունակուող ճանապարհագրութիւնը շատ ջինջ ոճով մը կը փոխանցէ ընթերցողին, ու կը կրէ –ի՞նչ մնալու է ինձմէ ետք- հարցումին պատասխանատուութիւնը»։

Ծանօթագրութեան կողքին կցուած է նաեւ հեղինակին դիմանկարը։ Ո՛չ, չեմ հանդիպած այս դէմքին։ Կը սկսինք գիրքին էջերը թերթել։ Կենսագրական համառօտ ծանօթագրութիւն մը՝ Հրաչ Փէհլիվանեան ծնած է 1947 թուին, քաղաքի Ասիական հատուածը՝ Գատըգիւղ։ Յետոյ ծանօթութեան փոքրիկ նշոյլ մը՝ Փէրշէմպէ Փազարը։ Կը դիմեմ ընկերոջս Սարգիսին։ -Կը ճանչնամ- կ՚ըսէ ու կ՚աւելցնէ –Թէնիս կը խաղայ։

Տարուայ ամենաջերմ օրերը կ՚ապրինք Պոլսոյ մէջ։ Օրը քանի մը անգամ քրտինքի նոպայի կը մատնուինք։ Քրտինք կը ժայթքէ մազերնուս արմատներէն։ Ո՛չ ցնցուղով կարելի է զովանալ, ո՛չ պտուտակով, ոչ ալ օդափոխիչ սարքով։ Մնաց որ այդ սարքը կ՚ապականէ շնչուած օդն ալ։ Իսկ մեր ձեռքը աւելի քան 600 էջանի անյայտութեան ոդիսական մը բռնած ենք։ Մէկ ժամուայ ընթերցումով յետին թողած ենք գիրքի առաջին 60 էջերը։ Առանց հատուածի, առանց ենթախորագրի, առանց աստղանշերու անցնող այս 60 էջերով կը թափանցենք Զեյնէպ Քամիլ ծննդատունէն Արամեան Ունճեան Վարժարան, Ելտեղիրմենիէն Մօտա, Սուրբ Թագաւոր Եկեղեցիէն Ռոպէրթ Քօլէճի զառիվերները, հոնկէ ալ այս երկրի պարտէզ չունեցող միակ վարժարան Կեդրոնականի անաւարտ դասարանները երկարող արկածախնդրութիւնը մէկ շունչով անցած էր։

Պարզուած էր գաղտնիքը, առեղծուածի հանգոյցները մի առ մի կը լուծուէին։ Գիրքին մէջ նշուած անծանօթ դէմքերը իսկոյն կը վերածուէին հարազատ կերպարներու։ Հեղինակին հայրը՝ ատաղձագործ Պերճ, կամ հօրեղբայրը՝ Խենդ Զաւէնը, կը վերածուէին մեր ընտանեկան նմանաբնոյթ սովորութիւններով օժտուած զանազան անձերու։ Տիպարներու այս փոխաբերական յատկութիւնով ալ անհատական յուշագրութիւնը կը ստանար հասարակական բնոյթ։

Մեր Փողոցի Աշկերտը վաւերագրական յատկութիւն ունի Իսթանպուլ քաղաքի յուշագրութեան առումով ալ։ Հեղինակին սերնդակից ամէն Պոլսահայ իրեն վիճակած բաժիններ պիտի գտնէ այս պատումին մէջ։

«Հայրս հայհոյելով կը խօսէր։ Յատուկ նախատինք մը չկար անոր հայհոյանքներուն մէջ։ Օրինակի համար զիս քովը կանչելու համար –Հոս եկուր իշու գուռակ– կը ձայնէր։ -Վայ շունշանորդի– ըսելով կը յայտնէր իր գոհունակութիւնը, եթէ սրամտութիւն մը ըրած ու յաջողած եմ։ Օր մըն ալ, բարեկամներով սրճարանի դրան առջեւ նստած կը զրուցեն։ Այդ միջոցին ալ զինուորական սաւառնակներ տօնական ցոյցի փորձեր կ՚ընեն։ Անոնցմէ մէկը մեծ վարպետութեամբ թռիչք կը կատարէ դէպի ցած ու յանկարծակի կը սլանայ դէպի վերեւ։ Հայրս գնահատանքը կ՚արտայայտէ –Վայ շունշանորդի- ըսելով։ Երկու ժամ ետք, երկու ոստիկաններ կը յայտնուին, կը հրաւիրեն ոստիկանատուն։ Յանցանքը ծանր է, նախատած է թուրք բանակի զինուորները։ Հարեւանները կը միջնորդեն, կը համոզեն որ նախատելու նպատակ չկայ, Պերճ ուստան իր գնահատանքը այդպէս կ՚արտայայտէ…»։

Ահաւասիկ Պոլսահայու մը համար բաւական ծանօթ երեւոյթ մը, որուն նմաններուն կը հանդիպինք գիրքին յաջորդող էջերուն մէջ ալ։ Իրաւ ալ հանրապետութեան շրջանի «ազգային» զգայնութիւն ունեցող բազում դիւրագրգիռ   քաղաքացիներ գտնուեցան, որոնք ամէն տեսակ զրպարտութիւնով փորձեցին իրենց կարողութեան չափով կեանքը անտանելի դարձնել իրենցմէ չեղողներուն համար։ Բայց բարեբախտաբար գիրքի էջերը մեզի կը ներկայացնեն չար ու ազնիւ, վատ ու բարի բազում կերպարներ, որոնց չարիքը կամ բարիքը կապ չունի իրենց ազգային կամ կրօնական պատկանելութեան հետ։

Ահաւասիկ յանձնարարելի գիրք մը, այս տոթ օրերուն հանգիստ ընթերցելու համար։

Kategoriler

Kitap ԳԻՐՔ