Փխրուն հողի առատ բերքը

Գրականութեան բազմակողմանի շնորհներով օժտուած գրող մըն է Պետրոս Սարօղլանեան, որ իր մտայղացումները կը փոխանցէ թուղթին արձակ եւ չափածոյ տողերու միջոցաւ։

աղաւնի մութաֆեան

Գրականութեան բազմակողմանի շնորհներով օժտուած գրող մըն է Պետրոս Սարօղլանեան, որ իր մտայղացումները կը փոխանցէ թուղթին արձակ եւ չափածոյ տողերու միջոցաւ։ Բաւական հարուստ եւ պէսպիսուն է Սարօղլանեանի գրական գեղարուեստական վաստակը։ Ան բացի արեւմտահայերէնի հարուստ բառապաշարին տիրապետելէ, ունի նաեւ հեզասահ պատմելաոճ։ Հեղինակի այս յատկութիւնը դուրս կու գայ մանաւանդ «Պէյրութի գաղտնիքները» վէպի մէջ։

Սարօղլանեանի ընտանեկան արմատները կու գան Լիբանանէն։ Ան ծնած է Հայաստան, բայց երիտասարդ տարիքին գաղթած է Լիբանան։ Կարելի է ըսել, որ գաղթն ու գաղթականութիւնը ինքնութեան անբաժան մէկ մասնիկն է Պետրոս Սարօղլանեանի։ Ան ծնած է 1952-ին Երեւան, ներգաղթածներու ընտանիքի մէջ։ 1974-ին արտագաղթած է դէպի ծնողներուն եկած երկիրը։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ծագումով ալ անցած է Միացեալ Նահանգներ՝ Լոս Անճելըս։

«Պէյրութի գաղտնիքները» վէպը կը նկարագրէ ամբողջովին եւրոպական միջավայր մը։ Վէպին գրեթէ բոլոր հերոսները կը կրեն ֆրանսական անուններ եւ ֆրանսերէնով կը զրուցեն իրար հետ։ Այս տողերուն մէջ իզուր պիտի ըլլայ Պուրճ Համուտեան ապրումներու նշոյլներ փնտռել։ Եթէ բացառաբար պիտի հանդիպինք մի քանի հայ անուններու, արաբ եւ մուսլուման անուններու հանդիպիլը շատ աւելի դժուար պիտի ըլլայ։ Կ՚արժէ նշել որ Պետրոս Սարօղլանեանի պատմած կեանքերը սերտօրէն կը պատշաճին իր օգտագործած արեւմտահայերէնի խիստ ազնուական բառամթերքին։

Սարօղլանեան նաեւ քերթող է եւ ունի բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյ՝ «Ո՞ւր ես մարդկութիւն… Ո՞ւր է խիղճը քո…»։ Արդէն այս խորագիրը ինքնին կը յուշէ, թէ հայ գրողը ինչպիսի անարդարութեան դիմաց կը դիմէ նման ընդվզումի։ Մենք ալ մեր կարգին յիշենք, թէ անուանի երգիչ Արթիւր Մէսճեան նման ընդվզում արտայայտած էր «Ո՞ւր էիր Աստուած» ծանօթ երգով։

Սակայն զգացումներով լեցուն արուեստագէտը չի սահմանուիր հայերէնի յանգաւոր կամ արձակ գրականութեամբ եւ կը դիմէ երաժշտութեան արտայայտչական կարողութիւններուն։ Այս անգամ Պետրոս Սարօղլանեան կը ներկայանայ որպէս երգահան, որ ունկնդրողին կը մատուցէ 1960-ական թուականներուն լիբանանահայ փոփ երաժշտութեան քաղցր հնչիւնները։ Ատիս Հարմանտեանի, Վարդավառ Անթոսեանի եւ նմաններու մեկնաբանութեամբ լսուած երգերը մինչեւ օրս յաջողեցան պահել իրենց թարմութիւնը։ Ահա Սարօղլանեան այդ աւանդոյթի շարունակութիւնը կ՚ապահովէ իր յօրինումներով եւս։

Այս յատկութիւններուն հետ ծանօթանալով, մենք յանդգնութիւնը պիտի ունենանք ըսելու, որ բարձր են մեր ակնկալութիւնները նման ձիրքերով օժտուած արուեստագէտէն, քանի որ անոր վաստակը յաւելեալ հարստութիւն մը պիտի ըլլայ մեր ժամանակներու հայ մշակութային գանձին մէջ։

Kategoriler

Kitap ԳԻՐՔ