Ճամբորդութիւն՝ դէպի Ազդարար*

Հայրենազուրկ պայմաններու տակ եկեղեցիէ եւ դպրոցէ ետք հայոց միասնութեան երրորդ բաղադրիչն է մամուլը։

մարգար չալըքեան

Հաղորդակցութեան, ժողովուրդի մը զաւակներուն հեռու հայրենիքէ եւ իրարմէ, լուր ունենալու հրամայականը գործադրող այս միջոցը առաջին անգամ յայտնուեցաւ Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ։ «Ազդարար» կը կոչուէր ան եւ ազդը կը բաժնէր հայերէն գրաճանաչ բոլորին։ Յաջորդող տարիներու ընթացքին նմանը անգտանելի աւանդութեան մը վերածուեցաւ հայ թերթը։ Եթէ պահ մը մեր սեղանին վրայ դնենք աշխարհի քարտէսը եւ փորձենք հայ թերթեր հրատարակուած քաղաքները նշել, դարձեալ նմանը անգտանելի զանազանութիւն մը պիտի յայտնուի մեր դիմաց։ Հինգ ցամաքամասերու վրայ պիտի հանդիպինք 42 երկիրներու, բազմահարիւր քաղաքներուն լոյս տեսած հայերէն թերթերու։ Անոնցմէ ոմանք դարաւոր անցեալ ունեցան, իսկ ոմանք հազիւ քանի մը ամսուայ կեանք։ Մէկ մասը լոյս տեսան միլիոնով բնակչութիւն ունեցող քաղաքներու մէջ, իսկ մէկ մասը համեստ աւանի մը քանի մը հարիւր հոգինոց բնակչութեան պայմաններուն։ Ոմանք միայն մէկ թերթով հրատարակուեցան, իսկ ոմանք տասնեակ էջերով։ Կային թերթեր, որոնք կը պատկանէին կուսակցութեան մը, միութեան մը, արհմիութեան մը, կային նաեւ թերթեր որոնք լոյս տեսած էին քանի մը գրասէր բարեկամներու անհատական ճիգերով եւ համեստ գումարներով։

Մենք այժմ մեր սեղանին վրայ ունինք հատոր մը, որուն հեղինակը բացարձակ խտրական չէ եղած անոնց տեւողութեան, էջերու թիւին, յարատեւութեան, տպաքանակին նկատմամբ։ Հանրածանօթ ճարտարապետ եւ հետազօտող՝ Զաքարիա Միլտանօղլուի համար այդ թերթերու գոյութիւնն է կարեւորը։ Ան յայտնաբերած ամէն մէկ թերթով ապրեցաւ նոյն խանդավառութիւնը։ Անշուշտ որ մերթ ընդ մերթ եղան պարբերականներ, որոնք իրենց բովանդակութեամբ առաւել յուզում պատճառեցին։ Վերջապէս Միլտանօղլու չէր կրնար անտարբեր մնալ խմբագրականի մը, որ լոյս տեսած էր 120 կամ 130 տարի առաջ, բայց քննարկած նիւթերով կը պահէր իր այժմէականութիւնը։ Այստեղ օրակարգի եկողը հետեւեալն է՝ արդեօք ուրախանա՞լ մեր անցեալի խմբագրին հեռատեսութեան, թէ ոչ ցաւի՞լ մեր խնդիրներու այսքան երկար ժամանակ իրենց լուծումը գտած չըլլալը տեսնելով։

Գիրքին յատկութիւնը այն է, որ նոյն ինքն հեղինակին վրայ թողած այս հակասական զգացումները նոյնութեամբ կը փոխանցէ նաեւ ընթերցողին։ Հասարակ ընթերցողը ինք եւս պիտի զարմանայ հեղինակի նման, տեսնելով այս անծայրածիր հարստութիւնը եւ այդ հարստութեան ծնունդ տուող ժողովուրդին ներկայ աղքատութիւնը։ Պիտի ափսոսանք մեր նախնիներու ձեռք բերած մտքի, մշակոյթի, գիտելիքներու բարձունքին համար, գիտնալով որ այսօր որքան հեռու ենք այդ մակարդակէն։ Բայց ի դէմ այս նօսրացման, մեզի կը մնայ թերթի միջոցաւ գիր ու գրականութիւն արտադրելու աւանդութիւնը։ Այս ալ զարմանալի երեւոյթ է, որ կը յայտնէ նոյն ինքն հեղինակը։

Զաքարիա Միլտանօղլու աւելի քան քսան տարիներ զբաղեցնող այս աշխատութեան մէջ մտադրած էր ուսումնասիրութիւնը սահմանել որոշ տարեթիւով մը։ Առաջին հերթին ճշդուած թուականը 1980-ն էր։ Ի վերջոյ այդ թուականին յանգած էր իր ուսումնասիրած աղբիւրներու լոյսին տակ։ Բայց քանի երկարեցաւ աշխատութեան հրատարակութիւնը, Միլտանօղլու նկատեց որ այդ թուականով դուրս թողած պիտի ըլլայ բազմաթիւ թերթեր։ Ստիպուեցաւ երկրորդ վերջակէտի թուական մը ճշդելու, որն էր՝ 2000։ Ինք ալ զարմացաւ տեսնելով թէ այս վերջին քսան տարիներուն մէջ լոյս տեսնող պարբերականներու թիւը հասած էր աւելի քան 400-ի։ «Այսքանը միայն իմ հասածներս են։ Հայաստանի անկախացումէն եւ նոր կուսակցութիւններու հիմնադրութենէն ետք մօտաւորապէս այդքան մը եւս պարբերական լոյս տեսաւ, որոնց հասնելու առիթը չունեցայ» կը յայտնէ Միլտանօղլու։ Հապա 2000-էն ա՞յս կողմ, երբ կը հարցնենք, ան վստահ է, որ թիւը կրնայ աւելի բարձր ըլլալ, բայց ոչ նուազ։

«Հայերէն Պարբերական Մամուլ 1794- 2000» հատորը իր տեսակին մէջ հաւանաբար ամենահարուստ հաւաքածոն է, քանի որ հասած է մինչեւ մեր օրերը։

Նշենք որ այս հատորը պարզ հաւաքածոյ մը չէ, ուր նշուած ըլլան տուեալ ժամանակահատուածի մէջ լոյս տեսնող պարբերականները։ Ան հարուստ բովանդակութիւնով կը բնութագրէ նաեւ այդ թերթերու հրատարակուած միջավայրի ընկերային, քաղաքական, պատմական եւ տնտեսական մթնոլորտը։ Այս առումով ալ կ՚ունենայ նաեւ «Հայոց Պատմութիւն Մամուլի Միջոցաւ», կամ «Հայ Գաղթականութեան Պատմութիւն Մամուլի Ընդմէջէն» եւ կամ ալ «Հայոց Փիլիսոփայութիւնը Հայ Թերթի Էջերէն»ի նման խորագիրներով բացատրելի յատկութիւններ։

Ուրեմն ան հայ մտաւորականի գրադարանի զարդը չէ, այլ այդ գրադարանի յենած կարեւոր սիւներէն մին։ Սիւն մը՝ որուն յաճախ պէտք է հետադարձ ակնարկ սեւեռենք, թղթատենք էջերը, նոր գիտելիքներ ամբարենք կամ հին գիտելիքները վերյիշենք։

*Զաքարիա Միլտանօղլուի ծաւալուն ուսումնասիրութեան մէկ մասը սոյն խորագրի ներքեւ հրատարակուեցաւ «Ակօս»ի մէջ։